Սաները դպրոցին համար

Միջոց մը առաջ Կեդրոնական ազգային վարժարանի խնամակալութիւնը ահազանգ հնչեցուցած էր դպրոցի մատնուած տնտեսական ճգնաժամի համար եւ աջակցութիւն պահանջած էր դպրոցի նախկին շրջանաւարտներէն։ Այս շաբթու սկզբին Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ մէկտեղուեցան դպրոցի նախկին սաները եւ միասնաբար լուծումներ որոնեցին դպրոցին ներկայ դժուար կացութենէն դուրս գալուն համար։

«Նախկին շրջանաւարտներ» ստորագրութեամբ կատարուած կոչին ընդառաջողներու մէջ էին բարերար Հայկ Արսլանեան, խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր կազմը, Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ շրջանաւարտներու բազմութիւն մը։

Ժողովավարութիւնը ստանձնած էին Գրիգոր Սահակօղլու եւ Սեւան Աթաօղլու։ Սարվեն Մուրատեան բացաւ ժողովը եւ յայտնեց, թէ մէկտեղուած են առկայ ճգնաժամին լուծում գտնելու համար։ Եղան զանազան առաջարկներ, որոնք ուղղուած էին շրջանաւարտներու միջեւ ցանց մը հաստատելու եւ խնամակալութեան պատկանող Տոլափտերէի կալուածը լաւագոյն կերպով օգտագործելու վրայ։

Ինչպէս կ՚ակնկալուէր այս առաջին մէկտեղումը հեռու էր յստակ ու անմիջական լուծում մը գոյացնելէ, բայց յուսալից էր դպրոցի նախկին սաներուն իրենց հաստատութեան նկատմամբ ուշադրութեան առումով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ