Փոխանորդին ի-մակները Ը.

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Վերջին մէկ-երկու օրերու ամենատարածուած հարցումը հետեւեալն է՝ ո՞ւր է փոխանորդը։ Չէ՞ որ Հայաստան պիտի երթար, Էջմիածինին մէջ ժողովներու պիտի մասնակցէր։ Էջմիածինի ժողովը սկսաւ, լուսանկարները տարածուեցան սակայն փոխանորդը չկայ ու չկայ։ Մարիկ զինքը Սամաթիա տեսած են այն օրերուն, երբ պէտք է Էջմիածին ըլլար։ Ալլա՜հ, ալլա՜հ… Օդանա՞ւը փախցուց արդեօք… Օրակարգը լեցուն է, հարցերը շարան-շարա՜ն կը տողանցեն… Յովիկ Թուր-Լեռնեանին ուղղեալ Սիրունեանին խօսքերը մեծ վրդովում յառաջ բերին համայնքային շրջանակներէ ներս։ Մարդիկ փողոցները չթափեցան, թենճերէ-թավա առած չպոռացին-չկանչեցին թէեւ, սակայն դիմատետրի վրայ պոռացին ու կանչեցին, նաեւ նամակներ գրեցին փոխանորդին, որպէսզի միջամտէ, բաներ մը ընէ, չէ՞ որ պատրիարքին փոխանորդն է եւ եթէ պատրիարք մը ունենային անպայման բաներ մը պիտի ընէր։ Կարդանք նամակները…

* * *

Ետիքուլէ, 21 Մայիս 2018

Դուռը զարկի, ելայ դուրս, փոխանո՛րդ։ Տեսար չէ՞ եղած խայտառակութիւնը։ Ամերիկայէն մէկը ելեր, հոնկէ հոս մեզի դաս կու տայ։ Դուն ինչպէ՞ս կը լռես, կը զարմանամ, բայց ես չեմ լռեր, ես կը խօսիմ։ Ես տաքարիւն մարդ եմ, սրբազա՛ն։ Դպրոցներուն դրամ-մրամ չկայ այլեւս, գիտցած ըլլաս։ Պիպիպի ժողովին կու գան-կ՚երթան, ծօ՛ ինծի պաշտպանելու համար մէկ հոգի բերանը չի բանար։ Դրամ ուզելու գան նէ՝ բերաննին չի գոցուիր ամմա… «Շագանակ»ը ու «Փափարա»ն ալ տող մը չեն գրած ատ խայտառակին դէմ։ Ըլլալի՞ք բան է։ Երկու տարի առաջ ալ Ջաղացպանեան մը ելած, հետս ալիք անցած էր, չըլլալիք բաներ գրած էր, իր աշխատած դպրոցին խեղճուկրակ վարդապետները կանչած, գործէն հանել տուած էի։ Ասոնց վերջը չկա՞յ պապամ։ Աս Յովիկ ըսուածը Ամերիկա է կ՚ըսեն, ի՞նչ գործ կ՚ընէ, ինչացո՞ւ է։ Հոն ալ մարդիկ ունիմ, ըսեմ՝ թող գործէն հանել տան։

Փոխանորդս, մինչեւ որ այս դպրոցներուն գործը չկարգադրենք՝ պատրիարք-մատրիարք չես կրնար ըլլալ, ըսեմ քեզի։ Ես ալ իմ դիրքս աւելի երկար չեմ կրնար պահել։ Վերերէն յատուկ պատուէր կայ, կը հետեւին մեզի։ Ձախակողմեան, կոմունիստ, անարշիսթ, ֆաշիսթ բոլոր դէմքերը, ըսին որ, Կեդրոնականէն կ՚ելլան։ Աս Թուր-Լեռնեանն ալ, Ջաղացպանեանն ալ կեդրոնականցի են, դուն հասկցիր ալ, բոլոր պելաները Կեդրոնականէն են։ Ինչո՞ւ Էսաեանէն, Ֆերիգիւղէն կամ Գարակէօզեանէն մէկը ձայն մը չհանեց։

Սիմոն Սիրունեան

*

Գումգաբու, 21 Մայիս 2018

Սիրելի պարոն Սիրունեան,

Ինչե՞ր կ՚ըսես։ Դուռը զարկիր ու ելար ըսել է… Քու ոճդ ատիկա է, գիտեմ։ Համբերութիւնը կեանք է, պարոն Սիրունեան, բան մը որ չես կրցած ու պիտի չկրնաս սորվիլ։ Տե՛ս, թէ՛ Յովիկ Թուր-Լեռնեանը, թէ Ջաղացպանեանը եւ թէ ուրիշներ չըլլալիք բաներ կը գրեն իմ մասիս, ալիք կ՚անցնին, օր մը բերանս բացա՞ծ եմ։ Ո՛չ թէ Յովիկ Թուր-Լեռնեանը, այլ Յովիկ Քալողը կը հետաքրքրէ զիս, սիրելիս…

Հիմա որ այլեւս Պիպիպը լուծարած ես՝ արդեօք իմ խորհրդակցական մարմի՞նս հզօրացնենք ասկէ ետք։ Ի՞նչ կ՚ըսես։ Թէ՛ աւելի քիչ մարդու հետ գործ կ՚ունենանք եւ թէ աւելի դիւրին կ՚ըլլայ գործերը յառաջ տանիլ։ Խորհրդակցական մարմինը մարմնով ու հոգիով ծերացածներու կոյտ, այսինքն ծերակոյտ մըն է թէեւ, բայց գոնէ աւելի քիչ հակառակողներ կ՚ունենաս, մամուլին ալ փակ է, խօսածներդ մեր մէջ կը մնան։ Հարիւրհազարեայ «Շագանակ»ն ու երեսնհազարեայ «Փափարա»ն մամուլ չեն սեպուիր արդէն, մեր աւազանին մէջ են անոնք, ինչ որ ուզենք գրել կու տանք, գիտես արդէն…

Դուն քէյֆդ մ՚ա՛ւրեր ղուզում… Իրիկունը եկո՛ւր, Յովիկ Քալող մը բանանք միասին, խմենք։ Չոր պտուղ չէ մնացած, ատիկա ալ դուն բեր հաճիս…

Փոխանորդ

*

Էջմիածին, 26 Մայիս 2018

Փոխանորդ ջան,

Դէ իմանում ես էլի մեր մօտ պատահածները… Ժողովուրդը ոտքի է ելել, ամէն ինչ տակնուվրայ է անում։ Հերթը մեզ չի հասնի առայժմ, բայց պէտք է զգոյշ լինել։ Դու էլ քեզ լաւ պահի այնտեղ։ Ես այստեղ մանուկների հետ եմ միշտ, գեղեցիկ լուսանկարներ եմ հանել տալիս։ Դու էլ ծերերի ու մանուկների հետ շրջապատիր քեզ, որպէսզի սիրուն երեւաս։ Ս. Փրկիչ այցելիր, ծերերի բաժին կը լինի էդտեղ… Սրբազան, Գերագոյնի նիստին գալու ես չէ՞։ Սպասում եմ քեզ, հարցեր կան խօսալու…

Սիրով՝

Կաթողիկոս

*

Սիրելի փոխանորդ, անհամբեր քեզ կը սպասէինք օդակայանը։ Բայց ամէն մարդ ելաւ, դուն չելար։ Հոգ կ՚ընենք։ Էջմիածնի մէջ ալ մարդ չի գիտեր, թէ ո՛ւր ես։ Ո՞ւր կորսուեցար… Արդեօք քեզի դէմ լարուած ամբոխէ՞ն վախցար սրբազանս։ Պարապ խօսքեր են ըրածնին, դուն քաշուելիք բան չունիս հոս, ամուր կեցիր։

Խումբ մը հաւատացեալներ

*

29 Մայիս 2018, Սամաթիա

Հաւատացեալներու սիրելի խումբ,

Օդանաւը Պոլիսէն թռաւ, թռաւ, թռաւ… Յանկարծ օդաչուն յայտնեց, թէ սեւ ծակ մը բացուած է մեր առջեւ։ Հո՜ո՜փ մտանք մէջը ու … կորսուեցանք։ Նոր ու տարբեր աշխարհի մը մէջ էինք եւ ես պատրիարք էի եւ ոչ թէ փոխանորդ… Բոլոր դպրոցները միացած էին իրարու, պարոն Սիրունեանս ճեփճերմակ, կլորիկ մօրուք մը ունէր ու կարմիր գլխարկ մը դրած մէջտեղները կը պտտէր… Ես պատրիարք էի… Աղթամարի, Գումգաբուի ու Տիգրանակերտի փողոցներն ու եկեղեցիները շինած էի… Ամէն տեղ Յովիկ Քալող կար, բայց Յովիկ Թուր-Լեռնեան չկար, բոլոր կրպակները «Շագանակ» ու «Փափարա» կը վաճառէին, բայց «Ակօս» չկար մէջտեղները։ Երազի պէս էր։ Խորհրդակցական մարմինին անդամնեը բոլորն ալ երիտասարդացած էին, կապոյտ- կապոյտ էին, սունկերու պէս տուներու մէջ կ՚ապրէին, ուրախ էին։ Սունկէ եկեղեցի մը կար։ Գագաթը խաչ չունէր։ Նախարարին գացի ու գագաթը խաչ մը տնկել տուի։ Ուրախացանք, ծափծափ ըրինք։ Պատրիարք էի։ Գաւազանս առած ամէն օր «Հրաշափաշ»ով եկեղեցի կը մտնէի կ՚ելլէի, ամէն մարդ ձեռքս կը համբուրէր, ես ալ հոս-հոն հրահանգներ կը տեղացնէի, մտիկ կ՚ընէին։ Բա՜յց… Մէկէն սեւ ծակէն ելանք ու նորէն Պոլիս իջանք։ Օդաչուն խիստ փոթորիկի պատճառով չէր կրցած թռչիլ։ Եշիլգիւղ իջանք նորէն, շունչ մը առնելու Սամաթիա եկած եմ։ Նայինք, եթէ շտկուի այս գիշեր նորէն պիտի փորձեմ երթալ։ Բայց երազս շա՜տ աղուոր էր… Պատրիարք եղած էի, երեւակայէ…

Փոխանորդ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ