ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊՏՈՒՂ

- Դժբախտա­բար։ Իս­­­կա­­­­­­­կանը, Կա­­­թի՛լ, Լոն­­­տո­­­­­­­նի մէջ է... Ե՞տ առ­­­նել։ Ան­­­շուշտ կա­­­րելի է։ Հի­­­մա ու­­­նինք կրկնօ­­­րինա­­­կը։ Վա­­­յելե­­­ցէք։

Կա­­­թիլը, տաս­­­նեօթա­­­մեայ աշա­­­կեր­­­տուհի եւ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի միակ պտու­­­ղը, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պատ­­­մութեան թան­­­գա­­­­­­­րանի մէջ հիա­ցած կը դի­­­տէ Անա­­­հիտ դի­­­ցու­­­հիի ար­­­ձա­­­­­­­նը։

- Պտղա­­­բերու­­­թեան դի­­­ցու­­­հի, չէ՞։

- Այո։ Նաեւ, ծննդա­­­բերու­­­թեան եւ ար­­­գա­­­­­­­սաւո­­­րու­­­թեան։

- Քոյրս կը պատ­­­րաստո­­­ւի մայ­­­րա­­­­­­­նալ, ա՛յս ամիս։ Անա­­­հիտի աչ­­­քե­­­­­­­րուն մէջ, այդպէս չէ՞ք կար­­­ծեր, կայ հո­­­գացող մօր ջեր­­­մութիւն։ Եւ, անոր ժպի­­­տը... Իր նո­­­րածի­­­նը դի­­­տող մօր ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան ցո­­­լացումն է կար­­­ծէք։

- Իր ազ­­­գի բո­­­լոր զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը գուրգու­­­րանքով դի­­­տող պտղա­­­բեր մայր մը... Կա­­­թիլ, պտու­­­ղը կամ պտղա­­­բերու­­­թիւնը, բա­­­ռեր են, որոնք ան­­­յի­­­­­­­շելի ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րէ ի վեր ամէն գա­­­րուն եւ ամէն աշուն յա­­­գեցու­­­ցեր են մեր բա­­­ռապա­­­շարի եւ մտքի կո­­­ղով­­­նե­­­­­­­րը։ «Պտու­­­ղ» բա­­­ռը առա­­­տու­­­թիւն տո­­­ւած է թէ՛ մեր մայ­­­րե­­­­­­­նիին եւ թէ՝ մեր գրա­­­կանու­­­թեան։ Ի՛նչ հարստու­­­թիւն. հա­­­յոց լե­­­զուի մրգաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ կան «պտու­­­ղ»ով շի­­­նուած 150-ի չափ հիւ­­­թեղ բա­­­ռեր, մի՛շտ թարմ, միշտ բու­­­րեան։ Բար­­­դութիւննե­­­րու ըն­­­թացքին, բա­­­ռը թէեւ կորսնցու­­­ցեր է իր միակ ձայ­­­նա­­­­­­­ւորը, «ու»ն եւ մնա­­­ցեր է «պ-տ-ղ» բա­­­ղաձայննե­­­րով, սա­­­կայն ծնունդ տո­­­ւեր է պատ­­­կե­­­­­­­րալից ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու եւ գո­­­յական­­­նե­­­­­­­րու, ինչպէս՝ պտղա­­­ճոխ, պտղա­­­քան­­­դակ, պտղա­­­զարդ, պտղա­­­զուարճ, մե­­­ծապ­­­տուղ, միապ­­­տուղ, նա­­­խապ­­­տուղ, սկզբնապ­­­տուղ, ամե­­­նապ­­­տուղ, ար­­­գա­­­­­­­ւան­­­դապտուղ... Շատ աղօթքներ ենք ըրած ու բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւններ գրած, որ­­­պէսզի մեր դաշ­­­տերն ու մայ­­­րե­­­­­­­րը ըլ­­­լան պտղա­­­լի, պտղա­­­տու, պտղա­­­լից, պտղա­­­ւէտ, պտղա­­­բեր, պտղա­­­բարձ, պտղա­­­ծին, պտղա­­­ռատ, պտղա­­­պար­­­գեւ։ Բայց մեր ազ­­­գը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ նաեւ անպտղա­­­բեր, անպտուղ եւ պտղա­­­զուրկ օրեր։ Այդ օրե­­­րուն, սի­­­րելի Կա­­­թիլ, Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը գրեց «Ան­­­դաստա­­­ն»ը...

- «Հա­­­րաւա­­­յին կողմն աշ­­­խարհի պտղա­­­բերում թող ըլ­­­լա­­­­­­­յ»։

- Ճիշդ այդպէս։ Կա­­­թիլ, կը հասկնաս, թէ «պտու­­­ղ» բա­­­ռը կը նշա­­­նակէ նաեւ՝ զա­­­ւակ, փո­­­խաբե­­­րական իմաս­­­տով, ինչպէս նաեւ՝ բերք։ Անոր հա­­­մար է, որ մեր քա­­­հանա­­­ները տա­­­րին 24 ան­­­գամ օրհներ են հայ­­­րե­­­­­­­նի ան­­­դաստան­­­նե­­­­­­­րը. «Օրհնես­­­ցի եւ պահ­­­պա­­­­­­­նես­­­ցի եւ նա­­­խախ­­­նա­­­­­­­մեալ պա­­­հես­­­ցի հա­­­րաւա­­­յին կողմն աշ­­­խարհիս եր­­­կիրս ան­­­դաստանս եւ պտղա­­­բերու­­­թիւն տար­­­ւոյս»։ Եւ նոյն Վա­­­րու­­­ժանն էր, որ «Վա­­­նատու­­­ր» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան սկիզ­­­բը Ագա­­­թան­­­գէ­­­­­­­ղոսէ մէջ­­­բե­­­­­­­րում մը դրաւ. «… Ամե­­­նաբեր նո­­­րոց պտղոց տօ­­­նից հիւ­­­րընկալ դիցն Վա­­­նատ­­­րի»։

- Այժմ ան­­­կախ եր­­­կիր ու­­­նինք, պա­­­րոն, եւ մեր դաշ­­­տե­­­­­­­րը լի են։

- Ան­­­շուշտ։ Առա­­­ւելա­­­բար, նկա­­­տած պէտք է որ ըլ­­­լաս, թէ գիւ­­­ղա­­­­­­­կան ամէն ճա­­­շարա­­­նի մէջ ու­­­նէին ծի­­­րանի, թու­­­թի եւ սա­­­լորի տնա­­­յին՝ պտղօ­­­ղի։ Եւ կայ նաեւ՝ Թէ­­­քէեանը։ Անոր հա­­­մար պտուղներ էին՝ մեր բա­­­ռերը։ Տե՛ս, բա­­­նաս­­­տեղծը կ՚եր­­­կը խօ­­­սի մայ­­­րե­­­­­­­նիի հետ. «Մէյ մէկ պտուղ քու բո­­­լոր բա­­­ռերդ ին­­­ծի կ՚երե­­­ւան...»։ Աշուղ Ճի­­­ւանին ալ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ -եւ եր­­­գի վե­­­րածեց- նոյն միտ­­­քե­­­­­­­րը.

Հա­­­յոց քաղցր եւ ճոխ լե­­­զու

Անու­­­շիկ բա­­­ռերուդ մա­­­տաղ.

Թէ հին, թէ նոր, լաւ պտղա­­­տու

Քու տնկած ծա­­­ռերուդ մա­­­տաղ։

- Առա­­­ջին պտու­­­ղը, պա­­­րոն, խնձո՞ր, թէ՝ խա­­­ղող։

- Կը փա­­­փաքիմ, որ խա­­­ղողը ըլ­­­լար։ Իսկ, ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւնը ու­­­նի մէկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւն, թէ ի՛նչ էր «պտու­­­ղ» բա­­­ռի նախ­­­նա­­­­­­­կան իմաս­­­տը՝ «փչել, ու­­­ռի­­­­­­­լ»։ Կա­­­թի՛լ, որ­­­քա՛ն հա­­­րուստ է Հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հը պտղա­­­տեսակ­­­նե­­­­­­­րով, պի­­­տի չզար­­­մա­­­­­­­նալ, նոյնքա՛ն հա­­­րուստ է «պտու­­­ղ»ը բար­­­բա­­­­­­­ռային բազ­­­մահնչիւն տար­­­բե­­­­­­­րակ­­­նե­­­­­­­րով. Ագու­­­լի­­­­­­­սի մէջ պտօղ, Մու­­­շի, Տիգ­­­րա­­­­­­­նակեր­­­տի, Խար­­­բերդի եւ Ալաշ­­­կերտի մէջ պդուղ, Զէյ­­­թունի մէջ բօ­­­դուղ, Մու­­­սա Լե­­­րան վրայ բդէօղ կամ պտէուղ։ Վեր­­­ջի­­­­­­­նը ու­­­նի «ձի­­­թապ­­­տուղ» իմաս­­­տը։ Յի­­­շել կ՚ար­­­ժէ, թէ բա­­­ռը կը նշա­­­նակէ նաեւ աչ­­­քի բիբ, խա­­­ղողի հատ, պղպջա­­­կի մէկ գնդի­­­կը եւ միրգ։ Ան նաեւ «հե­­­տեւանք, երե­­­ւոյթ կամ ար­­­դիւնք» է։ Այս իմաս­­­տով Րաֆ­­­ֆին գրեց. «Մենք ճա­­­շակում ենք մեր հին սխալ­­­նե­­­­­­­րի դառն պտուղնե­­­րը»։ «Պտու­­­ղ»ը հեգ­­­նա­­­­­­­կան կը դառ­­­նայ, կը նշա­­­նակէ՝ ան­­­պէտք, անար­­­ժան՝ երբ ըսենք, «Այդ մարդն ալ բա­­­րի պտուղ մը չէ»։ Մեր առօ­­­րեայ զրոյցնե­­­րը աւե­­­լի հիւ­­­թեղ կ՚ըլ­­­լան պտղա­­­լի դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րով. «կա­­­նաչ պտու­­­ղ», «վա­­­ղահաս պտու­­­ղ», «հա­­­սուն պտու­­­ղ», «չոր պտու­­­ղ», «փտեալ պտու­­­ղ», «պտուղ տա­­­լ», «պտուղ քա­­­ղել», «դառ­­­նութեան պտու­­­ղ», «երկնա­­­ւոր պտու­­­ղ», «օրհնու­­­թեան պտու­­­ղ»։ Պտու­­­ղը նաեւ մատ­­­նա­­­­­­­ծայր է։ Ուստի, «պտու­­­ղ» մը կամ «պտղունց» մը աղ կը ցա­­­նենք աղ­­­ցա­­­­­­­նի վրայ։ Կա­­­թի՛լ, օր մը առաջ այ­­­ցե­­­­­­­լեցինք Տա­­­թեւը։ Գի­­­տե՞ս, թէ ան ին­­­չո՛ւ դար­­­ձեր էր մեր ամե­­­նէն հա­­­րուստ վան­­­քե­­­­­­­րէն մէ­­­կը... Պտուղն էր պատ­­­ճա­­­­­­­ռը։ Միջ­­­նա­­­­­­­դարուն «պտու­­­ղ» կը կո­­­չուէր եկե­­­ղեցա­­­կան տուրքը, զոր վան­­­քա­­­­­­­պատ­­­կան գիւ­­­ղե­­­­­­­րը կու տա­­­յին կղե­­­րական­­­նե­­­­­­­րուն։ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ հայ­­­րե­­­­­­­րը փոր­­­ձած են կա­­­նոնա­­­ւորել այդ «պտու­­­ղ­­­­­­»ները։ Ս. Սա­­­հակի թիւ 18 կա­­­նոնը կ՚ըսէ. «Բո­­­լոր ժո­­­ղովուրդի պտու­­­ղը... տա­­­րուի գլխա­­­ւոր քա­­­հանա­­­յի տու­­­նը, եւ միւս քա­­­հանա­­­ները չհա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կին իրենց տու­­­նը տա­­­նիլ։ Ով իր տու­­­նը կը տա­­­նի, կը պատ­­­ժո­­­­­­­ւի»... 20-րդ դա­­­րուն պտու­­­ղը, Պա­­­րոյր Սե­­­ւակի գրի­­­չին տակ, աւե­­­լի մեծ պա­­­տիւ­­­նե­­­­­­­րու ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ։ Նախ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւն դար­­­ձաւ, «Ան­­­մո­­­­­­­ռացու­­­թեան պտու­­­ղը»։ Ապա՝ սի­­­րային երկտող մը.

Քո ան­­­ցեա՜լը… Չյի­­­շե՚նք։ Եկ աշ­­­նան պէս եղիր բաց,

Առա­­­տաձեռն՝ աշ­­­նան պէս, աշ­­­նան նման՝ պտղա­­­տու.

Աւե­­­լին, Սե­­­ւակը նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով հայ մտքի մե­­­ծագոյն պտուղնե­­­րը՝ Կո­­­միտա­­­սը եւ Թու­­­մա­­­­­­­նեանը, «Անլռե­­­լի զան­­­գա­­­­­­­կատու­­­ն» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան նա­­­խեր­­­գանքի մէջ հար­­­ցուց.

Հա­­­զար ութ հա­­­րիւր վաթ­­­սունինն թո­­­ւին

Հա­­­յոց այ­­­գի­­­­­­­ներն ի՞նչ պտուղ տո­­­ւին,

Հա­­­յոց ար­­­տե­­­­­­­րում ի՞նչ բերք էր հա­­­սել,-

Դժո­­­ւար է ասել։

Իսկ այժմ, Կա­­­թիլ, դուն գե­­­ղադէմ Անա­­­հիտը փո­­­խարի­­­նէ Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նին հետ ու որ­­­պէս պտուղ կը ստա­­­նաս...

- Յի­­­սուս Քրիս­­­տո­­­­­­­սը։

- Եւ այդ պատ­­­ճա­­­­­­­ռով է, որ Պոլ­­­սոյ Բան­­­կալթի թա­­­ղամա­­­սի Վիէն­­­նա­­­­­­­կան Մխի­­­թարեան վան­­­քի Ս. Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին եկե­­­ղեց­­­ւոյ պա­­­տանի դպիր­­­նե­­­­­­­րը, ամէն տա­­­րի մա­­­յիս ամ­­­սոյն երե­­­սուն օրը, մայ­­­րա­­­­­­­մու­­­տին, Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նին նո­­­ւիրո­­­ւած արա­­­րողու­­­թեան ժա­­­մանակ, վար­­­դա­­­­­­­րան­­­ներ բռնած՝ տա­­­սը ան­­­գամ տա­­­սը ջեր­­­մե­­­­­­­ռան­­­դօ­­­­­­­րէն կը մրմնջեն. «Ող­­­ջոյն քեզ, Մա­­­րիամ, լի շնորհքով, Տէրն ընդ քեզ. Օրհնեալ ես դու ի կա­­­նայս եւ օրհնեալ է պտուղ որո­­­վայ­­­նի քո՝ Յի­­­սու­­­ս»։ Կա­­­թիլ, ու­­­շա­­­­­­­ցեր ենք, դա­­­սըն­­­կերներդ ար­­­դէն յա­­­ջորդ ցու­­­ցասրա­­­հը ան­­­ցեր են։

- Կա­­­րեւոր չէ, պա­­­րոն, «պտղա­­­բեր» զրոյց մը եղաւ։ Իսկ հի­­­մա աւե­­­լի պատ­­­րաստ եմ մօ­­­րաքոյր դառ­­­նա­­­­­­­լու եւ վա­­­յելե­­­լու քրոջս նա­­­խապտուղը։