Ճշդուած է Մնձուրի փառատօնի թուականը

Թուրքիոյ շրջանային վարչութիւններու կողմէ կազմակերպուած փառատօներու մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունին Տէրսիմ գաւառի «Մնձուր մշակոյթի եւ բնութեան փառատօն»ը։ Վերջին տարիներուն անվտանգութեան պատրուակով յաճախ արգիլուած փառատօնին համար արդէն իսկ սկսած է նախապատրաստութիւնները։ Տէրսիմի հայրենակցական միութիւններու համամիութեան քարտուղար Հասան Շէնի ստորագրութեամբ կատարուած յայտարարութեան մէջ փառատօնի օրերը ճշդուած են 26-29 Յուլիս թուականներով։ Այս մասին կատարուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալ ծանօթութիւնները։ «Փառատօնը յաղթահարած է փողոց ելլելու արգելքներու ճնշումներու տեղի տուած վախի մթնոլորտը։ Յաղթահարեց բոլոր այն ժամանակները, ուր ամէն ինչի կտրօններով հասնել կարելի էր։ Կրնանք ըսել, թէ ազատագրեց աղն ու հացը։ Յագեցուց հայրենի երկրի նկատմամբ կարօտը, 1994 թուի գիւղերը գրաւելու սարսափը եւ պետութեան գործադրած ճնշումները։ 18 տարիներ շարունակ դիմագրաւելով բազմաթիւ արգելքներ, յաջողեցաւ իր գոյութիւնը պահել եւ այդ միջոցին յոյս ներշնչել բոլոր ճնշուածներուն։ Այս փառաւոր անցեալը մեզ կը մղէ այս տարի եւս նոյն ոգիով փառատօն կազմակերպելու»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ