Կը ցուցադրուի Եաշար Քեմալ առասպելը

Թրքերէն վէպի տիտաններէն Եաշար Քեմալի կեանքին ձօնուած վաւերագրական ֆիլմը 27 Յուլիսէն սկսեալ կը ցուցադրուի սրահներու մէջ։ Ֆիլմի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած էր մեծանուն գրողի ծննդավայր Ատանա, այս քաղաքի անունը կրող կինօփառատօնի շրջանակներուն։

Այտըն Օրաքի նկարահանած այս կարեւոր աշխատութեան մէջ Արա Կիւլեր, Արիֆ Քեսքինէր, Զիւլֆի Լիւանէլի, Օրհան Փամուք, Ազիզ Նեսին, Թիւրքան Շորայ եւ Աթըֆ Եըլմազի նման հանրածանօթ դէմքեր իրենց յուշերը կը փոխանակեն մեծ հեղինակի մասին։

Ֆիլմի ձայնաւորումը կատարած է հանրածանօթ դերասան Հալիլ Էրկիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ