Փայլան կը պաշտպանէ կրօնքի դասի պատճառաւ տուժածներու իրաւունքը

Երկրորդական դպրոցներու ուսման ծրագրին մէջ կրօնքի դասերուն պարտադիր դարձուելով նոր խոչընդոտներ կը յառաջանան։ Փոքրամասնութեան դպրոցները եւ կարգ մը օտար վարժարաններու աշակերտներ կանոնադրութեամբ զերծ կը համարուին կրօնքի դասերէն։ Սակայն այդ զերծ մնալու երեւոյթը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ որակաւոր դպրոցներու մտից քննութեան ընթացքին։ Նախապէս այդ անարդարութիւնը վերացնելու միտումով նախատեսուած էր կարգ մը առարկաներէն տասը յաւելեալ հարցումներ ուղղել եւ այսպիսով ապահովել որոշ արդարութիւն մը։ Այս տարի այդ դրութիւնը չգործադրուեցաւ եւ կրօնքի դասերէն զերծ մնացած աշակերտներ աւելի նուազ նիշերով դուրս եկան քննութիւններէ։

Այս մասին գոյացած անարդարութիւնը Խորհրդարանի օրակարգին բերաւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան։

Փայլան այս մասին հարցում ուղղեց Կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուքին հարց տալով, թէ ի՞նչ եղանակներով պիտի յաղթահարուի կայացող անարդարութիւնը։ Բազմաթիւ աշակերտներ ու ծնողներ ուշադրութեամբ պիտի սպասեն Կարօ Փայլանի ուղղած հարցումին նախարարի կողմէ տրուելիք պատասխանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ