Արցախ Աշխարհի Պանդի Սուրբը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Մեծ Հայքի Ուտիք աշխարհի Գարդման գաւառում բրգաձեւ սար մը կայ, անունը՝ Պանդի, Պանդայ սար, կատարին համանուն սրբատեղի։

Պանդի սարը 5,000 ոտնաչափ բարձրութիւն ունի, գագաթին՝ փոքրիկ հարթ տարածութիւն։ «Ձուաձեւ բարձրացած է վանքաբարձ սարն եւ բոլորովին առանձնացած իւր շրջապատի բոլոր լեռներից», - 1895-ին կը նշէր Մակար Բարխուդարեան։ «Բարձրանում է մարդ երկու ժամում եւ իջնում երեք քառորդ ժամում»։

Թէ՛ Բարխուդարեան եւ թէ՛ Լալայեան կը յիշատակէին, որ սարի գագաթին ժամանակին մեծ վանք եղած էր՝ բազմաթիւ խցերով եւ միաբանութեամբ։ Յետոյ վանքի տեղը փոքրիկ գմբեթաւոր մատուռ կառուցած են, որն իրենց նկարագրութեան ժամանակ արդէն փլած էր։

Պանդի սրբատեղին սիրելի էր արցախցիների, յատկապէս՝ Դաշտային Արցախի հայերի համար։ Այստեղ նրանք ուխտի կը գային առաւելապէս Ս․Աստուածածնայ տօնին՝ զոհաբերութիւնները կ՚ընէին, կը զբօսնէին, հիւրասիրութեամբ խնջոյքներ կը կազմակերպէին եւ յաճախ մինչեւ լուսաբաց կը մնային այնտեղ՝ ուրախանալով եւ կամ Մարիամին նուիրուած երգեր յօրինելով։

«Դու լուսեղէն տաճար ես,

Ոսկիապատ խորան ես,

Դու մարգարիտ անգին ես,

Աստուածածին , մեղայ քեզ»։

Նաեւ շատ էին սիրային երգերը։

«Լուսնեակը կամար կամար,

Քեզի կ՚ուզեմ ինծի համար,

Բարակ մէջքիդ օսկի կամար,

Քելէ, քելէ, պոյիտ մատաղ…»։

Պանդալիոնի սարն այնքան սիրուած էր ժողովրդի կողմէ, որ անգամ խորհրդային իշխանութիւններու տարած հակաքրիստոնէական քարոզէ ետք, երբ Ս․ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը դուրս մղուեց մարդկանց տօնացոյցէն, միեւնոյն է՝ արցախցիները իւրաքանչիւր տարի օգոստոսի երրորդ կիրակին կը խմբուէին սարի գագաթին, կը գային մեծ ու փոքր, երբեմն՝ ամբողջ գիւղով, նրանց կը միանային ազգականներ Երեւանէն, Պաքուէն եւ կը նշէին Պանդի տօնը։ Այդպէս մինչեւ Ատրպէյճանի հայաթափութիւնը։

Լուսինը Պանդի տակին,

Մամուռը քարի տակին,

Ես իմ յարին կարօտ եմ,

Քանց վարդ մանուշակին։

Աւանդազրոյցի համաձայն Պանտը կամ Պանտալեոնը թուրք տղայ էր, որ հաւատափոխ ըլլալով քրիստոնէութիւն կ՚ընդունէ։ Հալածանքներէ խուսափելու համար քրոջ հետ կը փախչեն տնէն։ Սակայն թուրքերը կը հետապնդեն նրանց եւ երկուսին ալ կը սպանեն։ Եղբօր նահատակման պատճառով լեռը կը կոչուի Պանտ կամ Պանդ, իսկ քրոջ նահատակութեան վայրը՝ «նահատակ»։

Պանդալեօնը նիկոմիդացի էր, հայրը՝ հեթանոս էր, մայրը՝ քրիստոնեայ։ Շնորհք արք․Գալուստեանը կը նշէ․«թէ՛ հիւանդները կը բժշկէր Քրիստոսի անունով, թէ՛ չքաւորներուն կը հասնէր եւ թէ՛ հոգիները դարձի կը բերէր»։

Բայց կայսրը այս բանի համար հրաման կ՚արձակէ գլխատել նրան։ Կ՚ըսեն թէ անոր կտրեալ պարանոցէն կաթ հոսեցաւ արեան տեղ։ Պանտալեոնը, որ նաեւ Պանտալէիմոն կոչուած է, ասել է թէ՝ «ամենաողորմած», նահատակութեան պահին զինք չարչարողներու համար թողութիւն կը խնդրէ։

Մակար Բարխուդարեանցի կարծիքով՝ Պանդի մասունքները Կուրի ձախափնեայ շրջանէն Արցախ աշխարհ են բերուել Գրիգոր Լուսաւորչի թոռ՝ Գրիգորիսի նահատակուելուց յետոյ։ Մասունքները ամփոփուել են Դիւթականում։

Պանդի մասունքներին շատ նուիրուած էին յատկապէս Արցախի Վաչական թագաւորն ու իր կինը։ Կ՚ըսեն թէ անզաւակ Վաչականը սրբի մասունքների հրաշագործ զօրութեամբ արու զաւակ կ՚ունենայ եւ անունը, ի պատիւ սրբի, Պանդալեոն կը դնէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ