Գընալը կղզիի մէջ մտահոգիչ դէպք

ՄԻՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ 
miran.manukyan@gmail.com

ՄԻՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ 
miran.manukyan@gmail.com

Նախորդ Կի­­րակի օր հա­­յաբ­­նակ Գը­­նալը կղզիի մէջ պա­­տահած դէպ­­քը ան­­գամ մը եւս օրա­­կար­­գի կը դնէ ամառ­­նա­­­յին հանգստա­­վայ­­րի այս շրջա­­կայ­­քին մէջ անվտան­­գութեան խնդի­­րը։ Դէպ­­քը պա­­տահած է 12 Օգոս­­տոս Կի­­րակի երբ տաս­­նա­­­մեայ պա­­տանին կը փոր­­ձէր իր բնա­­կարա­­նին հա­­րեւա­­նու­­թեան գտնո­­ւող Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեցին եր­­թալ դաշ­­նա­­­մու­­րի դա­­սըն­­թացքին մաս­­նակցե­­լու հա­­մար։ Օտա­­րական­­ներ յան­­կարծա­­կիօրէն դէ­­մը ելած եւ ար­­գելք եղած են պա­­տանիի շարժման։ Փոր­­ձած են տուրմ մա­­տու­­ցել ու երբ երե­­խան մեր­­ժած է այս ան­­գամ ալ սպառ­­նա­­­ցած։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար տաս­­նա­­­մեայ պա­­տանին ու­­շիմ գտնո­­ւած ու դի­­մած է բա­­խուստի։ Ըն­­տա­­­նիքը դէպ­­քը լսե­­լով իս­­կոյն դի­­մած է կղզեաց ոս­­տի­­­կանու­­թեան, որոնք փոր­­ձած են ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ ստու­­գել, քննե­­լով տա­­րած­­քին վրայ գոր­­ծող տե­­սախ­­ցիկնե­­րը։ Սա­­կայն շու­­տով պար­­զո­­­ւած է որ այդ տե­­սախ­­ցիկնե­­րը չեն կրցած գոր­­ծի ծա­­ռայող տե­­սանիւ­­թեր որ­­սա­­­լու։ Թէեւ տա­­րած­­քաշրջա­­նին վրայ կը գտնո­­ւի թէ Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեցին եւ թէ Կազ­­դուրման կա­­յանի տա­­րած­­քը քննար­­կող տե­­սախ­­ցիկներ։
Կղզի­­ներու հար­­թա­­­կի ան­­դամ Նուրհան Չէ­­թին­­քա­­­յա կը կա­­րեւո­­րէ այս ման­­րա­­­մաս­­նութիւ­­նը եւ կը մեկ­­նա­­­բանէ թէ դէպ­­քը իրա­­կանաց­­նողնե­­րը եթէ իրենք կղզիաբնակ չեն, ան­­պայման ու­­նին կղզիին ծա­­նօթ բա­­րեկամ­­ներ։ «Ու­­րիշ տե­­սակ կա­­րելի չէ գիտ­­նալ տե­­սախ­­ցիկնե­­րու տե­­սողա­­կան դաշ­­տէն դուրս մնա­­ցած տա­­րածքնե­­րը։ Եթէ տե­­սախ­­ցիկնե­­րուն երե­­ւէին կղզիի ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը պի­­տի կրնար անոնց ինքնութիւնը պար­­զել։ Ամէն պա­­րագա­­յին Գը­­նալը կղզիի մէջ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու թիւն ալ բա­­ւական քիչ են»։
Կազ­­դուրման կա­­յանի տնօ­­րէնու­­հի Ազ­­նիւ Մե­­զատու­­րեան Ակօ­­սին կը փո­­խան­­ցէ թէ. «Կա­­յանի տա­­րած­­քը կը հսկո­­ւի 22 տե­­սախ­­ցիկնե­­րով։ Այդ տե­­սախ­­ցիկնե­­րէն մէկն է որ պէտք էր տես­­նէր դէպ­­քի վայ­­րը, բայց անոր ալ ուղղու­­թիւնը շե­­ղուած էր։ Այդ շե­­ղու­­մը եր­­կու պատ­­ճառնե­­րով կա­­րելի է բա­­ցատ­­րել, կամ աղ­­բա­­­հաւաք բեռ­­նա­­­տարը սխալ­­մամբ դպչած է կամ ալ դէպ­­քի հե­­ղինակ­­նե­­­րը դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով տե­­սախ­­ցի­­­կին ուղղու­­թիւնը փո­­խած»։ Պա­­տահա­­րը բնա­­կանա­­բար մտա­­հոգու­­թիւն յա­­ռաջա­­ցու­­ցած է կղզիի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն մէջ, քա­­նի որ այդ տա­­րած­­քի նա­­խընտրման գլխա­­ւոր պատ­­ճա­­­ռը դի­տուած է ան­­չափահասնե­­­րու ազատ ժա­­ման­­ցը։ Իսկ մտահոգիչ է երբ այդ ազատ տարածքն ալ հար­­ցա­­­կան պի­­տի դառ­­նայ մա­­նաւանդ բո­­լոր այն ծնող­­նե­­­րուն հա­­մար, որոնք ան­­չա­­­փահաս երե­­խայ ու­­նին։