Աստուածածին, խաղողօրհնէք եւ գոյապայքար

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com

Օգոստոսի տաս եւ երկրորդ օրը հայ առա­­­­քելա­­­­կան եկե­­­­ղեցին Սուրբ Կոյս Մա­­­­րիամի վե­­­­րափո­­­­խու­­­­մը նշեց աշ­­­­խարհաս­­­­փիւռ իր բո­­­­լոր եկե­­­­ղեցի­­­­ներուն մէջ։ Նոյն օր կա­­­­տարո­­­­ւեցաւ նաեւ խա­­­­ղողօրհնու­­­­թիւն։ 
Աւան­­­­դութիւն մը՝ որ ժա­­­­ռան­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է հե­­­­թանո­­­­սական շրջան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն։ Այս ամ­­­­բողջին մէջ կար մէկ բա­­­­ցառու­­­­թիւն, ուր սոյն տա­­­­ղաւա­­­­րը ու­­­­նէր յա­­­­ւելեալ խոր­­­­հուրդ եւ նշա­­­­նակու­­­­թիւն։ Հոն կար Մա­­­­րիամի վե­­­­րափո­­­­խու­­­­մը կամ խա­­­­ղողի օրհնու­­­­թիւնը գե­­­­րազան­­­­ցող յա­­­­ւելեալ խոր­­­­հուրդ մը՝ գո­­­­յապայ­­­­քար։
Հա­­­­յը վեր­­­­ջին հա­­­­րիւր տա­­­­րինե­­­­րուն, հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքէն զրկո­­­­ւելով կորսնցուց նաեւ ժո­­­­ղովուրդ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու յատ­­­­կութիւ­­­­նը։ Ապաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նած օտար ափե­­­­րու վրայ հա­­­­զիւ հա­­­­մայնք մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով փոր­­­­ձեց պա­­­­հել իր միաս­­­­նութիւ­­­­նը։ Հա­­­­մայնքը տօ­­­­նը չապ­­­­րիր, այլ կը բա­­­­ւարա­­­­րուի եկե­­­­ղեցա­­­­կան տօ­­­­նակա­­­­տարու­­­­թիւնով։ Տօ­­­­նակա­­­­տարու­­­­թիւն ըսուածն ալ սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նուած է տա­­­­ճարի կա­­­­մար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն տակ, պա­­­­րիսպնե­­­­րէն ներս։ 
Հա­­­­լածո­­­­ւած ազ­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու կրօ­­­­նապե­­­­տերը ահա այդ սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափա­­­­կուա­­­­ծը թոյ­­­­լատրե­­­­լուն հա­­­­մար միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բար երախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­պար­­­­տութիւն յայտնե­­­­ցին Թուրքիոյ կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թեան։ Աշ­­­­խարհին յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարե­­­­ցին թէ ազա­­­­տօրէն կը կա­­­­տարեն իրենց պաշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­մունքը։ Պա­­­­հան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տէր ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լէ դադ­­­­րածնե­­­­րուն, անձնա­­­­տուր եղած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն յա­­­­տուկ հո­­­­գեբա­­­­նու­­­­թիւն մը, որ ազ­­­­գին անու­­­­նով կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէ ազ­­­­գին ամե­­­­նահա­­­­մակեր­­­­պող տար­­­­րը՝ հո­­­­գեւո­­­­րակա­­­­նը։ 
Վայ քեզ քա­­­­ղաք, որ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցիչդ կղերն է։ 
Եթէ վե­­­­րեւ նշո­­­­ւածը սփիւռքա­­­­հայութեան իրա­­­­կանու­­­­թիւնն է, մենք այ­­­­սօր մտա­­­­դիր ենք սփիւռքէն դուրս մնա­­­­լով իր գո­­­­յու­­­­թիւնը հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի հո­­­­ղին վրայ պա­­­­հող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու տօ­­­­նին անդրա­­­­դառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լու։ 
Ու­­­­նինք եզա­­­­կի օրի­­­­նակ մը, Մու­­­­սա լե­­­­րան պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան Վա­­­­քըֆ­­­­լը գիւղն է, որ Արեւմտեան Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի ծո­­­­ցին մէջ գո­­­­նէ տա­­­­րին մէկ ան­­­­գամ կ՚ապ­­­­րի Կի­­­­լիկեան թա­­­­գաւո­­­­րու­­­­թեան փառ­­­­քի օրե­­­­րը։ Երե­­­­ւոյթ մը, որուն կ՚ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նանայ միայն հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի հո­­­­ղին վրայ շնչող հա­­­­յը, Հա­­­­յաս­­­­տան, Ար­­­­ցախ, Իս­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­հան, Թավ­­­­րիզ, Ճա­­­­ւախք կամ Մու­­­­սա լեռ։ Ափ­­­­սոս որ չենք ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած վե­­­­րոն­­­­շեալ վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ տօ­­­­նի երե­­­­ւոյ­­­­թը վա­­­­յելե­­­­լու փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւնը։ Օրի­­­­նակի հա­­­­մար չենք կրցած մաս­­­­նակցիլ Դա­­­­տէի ուխտագ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թեան։ Բայց գի­­­­տենք թէ ի՞նչ կը կա­­­­տարո­­­­ւի հոն, քա­­­­նի որ բա­­­­զում վկա­­­­յու­­­­թիւննե­­­­րով գի­­­­տենք Մշոյ սուլթան մու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տատու Սուրբ Կա­­­­րապե­­­­տի ուխտագ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թեան ոգին։ Նաեւ գի­­­­տենք մե­­­­րօրեայ Երե­­­­ւանի փո­­­­ղոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն վրայ Վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­վառի ապ­­­­րումնե­­­­րը։ 
Ահա այս օրի­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հա­­­­մազօր է Մու­­­­սա լե­­­­րան Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածած­­­­նի տօ­­­­նակա­­­­տարու­­­­թիւնը։ Իսկ Վա­­­­քըֆ­­­­լը գիւ­­­­ղը ան­­­­մար ջահ մըն է, որուն ճրա­­­­գին մէջ բա­­­­ժին մը կայ նաեւ Սուրբ միւ­­­­ռո­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ Այդ ջա­­­­հը փայ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­տակեց առա­­­­ջին ան­­­­գամ 1919-ին, երբ յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան դի­­­­մադ­­­­րութե­­­­նէ ետք Մու­­­­սա լե­­­­րան եօթ գիւ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­րու ժո­­­­ղովուրդը զի­­­­նադա­­­­դարի որո­­­­շու­­­­մով վե­­­­րադար­­­­ձաւ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք եւ փրկու­­­­թեան խոր­­­­հուրդով Մու­­­­սա լե­­­­րան անբնակ հա­­­­տուա­­­­ծին կա­­­­ռու­­­­ցեց նոր եկե­­­­ղեցի։ Եօթը գիւ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­րու միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան դի­­­­մադ­­­­րութեան խորհրդան­­­­շանն էր այդ, որուն կ՚այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լէին Սուրբ Խա­­­­չի տա­­­­ղաւա­­­­րին։ Ուխտագ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն էր, ուր մա­­­­տաղ­­­­ներ կը մոր­­­­թէին, կ՚ե­­­­փէին Նոյ նա­­­­հապե­­­­տէն աւան­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ւած հա­­­­րիսան եւ կը հա­­­­ղոր­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ւէին հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի երկրի ինքնա­­­­պաշտպա­­­­նու­­­­թեան յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նակի խոր­­­­հուրդով։ 
Ապա վրայ հա­­­­սաւ 1938 թի­­­­ւը, քե­­­­մալա­­­­կան Թուրքիա հա­­­­մաձայ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կան իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւննե­­­­րուն հետ եւ Կի­­­­լիկիոյ տա­­­­րած­­­­քին վե­­­­րատի­­­­րացաւ առանց իսկ փամ­­­­փուշտ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կելու։ Եօթը գի­­­­ղերու ժո­­­­ղովուրդը խրտչե­­­­լով Թրքա­­­­կան պե­­­­տու­­­­թեան հա­­­­ւանա­­­­կան վրի­­­­ժառու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն, հե­­­­ռացաւ իր հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքէն եւ բնա­­­­կեցաւ նախ Քե­­­­սապ, ապա Այնճար, Հա­­­­լէպ, Պէյ­­­­րութ, ի վեր­­­­ջոյ ներ­­­­գաղթի տա­­­­րինե­­­­րուն Հա­­­­յաս­­­­տան եւ այ­­­­լուր։ 
Իսկ մնա­­­­ցած բուռ մը հա­­­­յու­­­­թիւնը կ՚ապ­­­­րի հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի գիւ­­­­ղը պա­­­­հած ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու ար­­­­դար հպար­­­­տութիւ­­­­նը։ Այդ հպար­­­­տութեան զգա­­­­ցումն ու գի­­­­տակ­­­­ցութիւնն է որ եզա­­­­կի կը դարձնէ Սուրբ Աս­­­­տուածած­­­­նի տօ­­­­նը։ Տօ­­­­նակա­­­­տարու­­­­թեան մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից ուխտա­­­­ւոր­­­­ներն ալ կը կի­­­­սեն նոյն յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նակի ոգին։ Բայց այդ պա­­­­հուն կայ կա­­­­րեւոր նա­­­­խապայ­­­­ման մը։ Մու­­­­սա լե­­­­րան ոգին կի­­­­սելու հա­­­­մար ուխտա­­­­ւորը պար­­­­տի իմա­­­­նալ այդ հո­­­­ղերու պատ­­­­մութիւ­­­­նը։ Պար­­­­տի կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­ցած ըլ­­­­լալ Ֆրանզ Վեր­­­­ֆե­­­­­­­­­­­­­­­լի վէ­­­­պը։ Պար­­­­տի հաշ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւիլ ամ­­­­բողջ տա­­­­րած­­­­քի բազ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րանգ մշա­­­­կոյ­­­­թին հետ։ Ապա թէ ոչ կը դժո­­­­ւարա­­­­նայ հան­­­­դուրժել Աս­­­­տուածած­­­­նի խրախ­­­­ճանքին այ­­­­լազգի եր­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­չին արա­­­­բերէն կա­­­­տարումնե­­­­րուն։ Չի կրնար իմաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւորել հա­­­­րեւան արա­­­­բախօս յոյն ուղղա­­­­փառ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կամ մահ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­տական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու նոյն ու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­խու­­­­թեան բաժ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­կիցը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու երե­­­­ւոյ­­­­թը։ 
«Մա­­­­քուր հայ» հաս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցողու­­­­թեամբ միտ­­­­քը թու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորո­­­­ւած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը հե­­­­ռու մնան այդ ուխտագ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն եւ գո­­­­հանան իրենց հա­­­­մայնքա­­­­յին սո­­­­վորոյթնե­­­­րով։ 
Հոն ժո­­­­ղովուրդ մը կայ, մի բուռ հա­­­­յու­­­­թիւն, եւ ու­­­­նի բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­հազար­­­­ներ հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­սիրե­­­­լու պատ­­­­րաստ վեհ տրա­­­­մադ­­­­րութիւն։ Կը սպա­­­­սէ այդ գի­­­­տակ­­­­ցութիւ­­­­նով եւ լայն սիր­­­­տով իրեն այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Իսկ մեզ կը մնայ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից ըլ­­­­լալ, եթէ ոչ այս տա­­­­րի, յա­­­­ջոր­­­­դին անպայման։