Երկու յոյն զինուորներ ազատ արձակուած

Երբ Միացեալ Նահանգներու հետ կը շարունակուի պատուելի Պրանսընի ազատ արձակման մասին սուր պայքար մը, անդին անձայն ու անշշուկ կերպով ազատ արձակուեցան երկու յոյն զինուորներ, որոնք երկրի սահմանը հատելու մեղադրանքով բանտարկուած էին Թրակիոյ մէջ։ Յունական կառավարութիւնը բազում անգամներ դիմած էր Թուրքիոյ, զինուորներու ազատ արձակումը պահանջելով։ Բայց Թուրքիա այս խնդրին մէջ ալ որդեգրած էր պատանդ վերցնելու ռազմավարութիւնը եւ Յունաստանին ըսած թէ նախ պէտք է իրենք վերադարձնեն այն թուրք բանակայինները, որոնք մասնակցած էին 15 Յուլիս 2016-ի զինեալ ապստամբութեան եւ ապա ապաստան գտած Յունաստանի մէջ։ Ըստ երեւոյթի ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նպատակայարմար չեն գտած տարբեր գետիններու մէջ նոյն բնոյթով մէկէ աւելի խնդիրներ ունենալ եւ յոյն զինուորները ամենաանսպասելի պահուն յանկարծակի որոշումով մը ղրկուեցան Յունաստան։