700 շաբաթ անց պետութիւնը նոյն դիրքը կը պահէ

Շա­բա­թօ­­րեայ մայ­­րե­­­­­րը ամէն շա­­­­բաթ Իս­­­­թանպու­­­­լի ամե­­­­նամար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­շատ կեդ­­­­րոննե­­­­րէն մէ­­­­կը հա­­­­մարո­­­­ւող Կա­­­­լաթա­­­­սարա­­­­յի հրա­­­­պարա­­­­կին վրայ կը մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուին եւ իրենց ան­­­­հետ կո­­­­րած հա­­­­րազատ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հա­­­­շիւը կը պա­­­­հան­­­­ջեն պե­­­­տու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ Այս ցոյ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րուն առա­­­­ջինը տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ 27 Մա­­­­յիս 1995-ին եւ այդ թո­­­­ւակա­­­­նէն սկսեալ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը ամէն Շա­­­­բաթ օր մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուե­­­­ցան նոյն վայ­­­­րը յա­­­­րատեւ աւան­­­­դութեան մը վե­­­­րածե­­­­լով իրենց ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րութեան պա­­­­հան­­­­ջը։ Խա­­­­ղաղ նստա­­­­ցոյց մըն է կա­­­­տարո­­­­ւածը, առանց վան­­­­կարկումնե­­­­րու, առանց պոռչտու­­­­քի կո­­­­չումնե­­­­րու։ Իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր շա­­­­բաթ վեր կ՚առ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւի ան­­­­հետ կո­­­­րած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէ­­­­կուն պատ­­­­մութիւ­­­­նը եւ ապա հա­­­­ւաքո­­­­ւած շա­­­­բաթօ­­­­րեայ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը կէս ժամ կամ երեք քա­­­­ռորդ ժամ անց կը ցրո­­­­ւին յա­­­­ջորդ Շա­­­­բաթ օր կրկին մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուե­­­­լու խոս­­­­տումով։ 25 Օգոս­­­­տոս Շա­­­­բաթ օր պի­­­­տի կա­­­­յանար այդ մէկ­­­­տեղման 700-րդ նստա­­­­ցոյ­­­­ցը, բայց ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւնը մեծ բռնու­­­­թեամբ մի­­­­ջամ­­­­տեց բո­­­­ղոքի ցոյ­­­­ցին եւ 47 ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­րար­­­­ները բեր­­­­ման են­­­­թարկեց։

Այս մի­­­­ջամ­­­­տութիւ­­­­նը կը կա­­­­յանար ներ­­­­քին Գոր­­­­ծոց Նա­­­­խարար Սիւ­­­­լէյման Սոյ­­­­լո­­­­­­­­­­­­­­­ւի հրա­­­­հան­­­­գով։ Աւե­­­­լի ետք Սոյ­­­­լու խիստ վի­­­­րաւո­­­­րական յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թիւնով մը պաշտպա­­­­նեց իր կա­­­­տարած գոր­­­­ծը. «Սոյն չա­­­­րաշա­­­­հու­­­­մին կա­­­­րելի չէր աւե­­­­լի եր­­­­կար հան­­­­դուրժել» խօս­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով։ Ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանա­­­­կան մի­­­­ջամ­­­­տութեան ըն­­­­թացքին հրմշտոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ բեր­­­­ման են­­­­թարկուեցաւ նաեւ ան­­­­հետ կո­­­­րած Հա­­­­սան Օճա­­­­քի 82 ամեայ մայ­­­­րը՝ Էմի­­­­նէ Օճաք։ Ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը մի­­­­ջամ­­­­տութեան ըն­­­­թացքին փոր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցին բեր­­­­ման են­­­­թարկել նաեւ թեր­­­­թիս հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դիր Հրանդ Տին­­­­քի որ­­­­դին՝ Առատ Տին­­­­քը։ Ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թեան այդ փոր­­­­ձին դէմ Ժո­­­­ղով­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու Ժո­­­­ղովրդա­­­­վարու­­­­թեան կու­­­­սակցու­­­­թեան երես­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­խան­­­­ներ եւս իրենց բա­­­­ժինը ստա­­­­ցան ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանա­­­­կան յար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կումնե­­­­րէն։ Պատ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մաւոր Կա­­­­րօ Փայ­­­­լան, որ յա­­­­նդուգն կեր­­­­պով փա­­­­րած էր Առատ Տին­­­­քի եւ ար­­­­գելք կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սանար ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու զին­­­­քը տա­­­­նելուն, ինք եւս մատ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու բռնու­­­­թեան։

Ինչպէս վե­­­­րը նշած էինք Ներ­­­­քին գոր­­­­ծոց նա­­­­խարա­­­­րը պաշտպա­­­­նեց ըրած իր գոր­­­­ծը եւ ծանր մե­­­­ղադ­­­­րանքներ հնչե­­­­ցուց Շա­­­­բաթօ­­­­րեայ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու հաս­­­­ցէին։ Սոյ­­­­լուի հա­­­­մաձայն անոնք կը շա­­­­հագոր­­­­ծուէին ահա­­­­բեկ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կան կազ­­­­մակերպութեան կող­­­­մէ եւ ան­­­­հիմն էին իրենց պնդումնե­­­­րը։ «Անոնք սպան­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցան ահա­­­­բեկ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կան կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւննե­­­­րու ներ­­­­քին պա­­­­ռակ­­­­տումնե­­­­րուն հե­­­­տեւան­­­­քով, բայց կ՚ու­­­­զեն այս առ­­­­թիւ դժո­­­­ւար կա­­­­ցու­­­­թեան մատ­­­­նել պե­­­­տու­­­­թիւնը»։ Նա­­­­խարա­­­­րին այս յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն ետք Շա­­­­բաթօ­­­­րեայ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը մամ­­­­լոյ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թիւն մը կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­ցին Մար­­­­դու Իրա­­­­ւունքնե­­­­րու միու­­­­թեան կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նին մէջ եւ խստօ­­­­րէն մեր­­­­ժե­­­­­­­­­­­­­­­ցին նա­­­­խարա­­­­րի պնդումնե­­­­րը։ Միու­­­­թեան Իս­­­­թանպու­­­­լի մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ճիւ­­­­ղի ատե­­­­նապետ իրա­­­­ւաբան Կիւլսե­­­­րէն Եօլէ­­­­րի նշեց թէ, յա­­­­ռաջի­­­­կայ Շա­­­­բաթ օր կրկին պի­­­­տի մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուին այն նոյն կէ­­­­տին վրայ ու պի­­­­տի բարձրաց­­­­նեն իրենց պա­­­­հան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տիրու­­­­թիւնը։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք պե­­­­տու­­­­թիւնը ղե­­­­կավա­­­­րող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու իրենց այս սխանը ըն­­­­թացքէն շու­­­­տով հրա­­­­ժարե­­­­լու հա­­­­մար։ Շա­­­­բաթօ­­­­րեայ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը 700 շա­­­­բաթ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէ ի վեր կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեն իրենց ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան պա­­­­հան­­­­ջին եւ այս բա­­­­նը կ՚ընեն ամ­­­­բողջո­­­­վին խա­­­­ղաղ պայ­­­­մաննե­­­­րով։ Անոնք ոչ մէկ քա­­­­ղաքա­­­­կան հո­­­­սանք կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նեն եւ իրենց պա­­­­հան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տիրու­­­­թիւնը ուղղո­­­­ւած է միայն ու միայն ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան կա­­­­յաց­­­­ման։ Մնաց որ պե­­­­տական գոր­­­­ծիչնե­­­­րը բո­­­­լորո­­­­վին տե­­­­ղեակ են այս իրո­­­­ղու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն»։ Եօլէ­­­­րի ապա յի­­­­շեցուց 5 Փետ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւար 2011-ին Ռէ­­­­ճէփ Թայ­­­­յիփ Էր­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ղանի վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան շրջա­­­­նին Շա­­­­բաթօ­­­­րեայ Մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու հետ վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­պետա­­­­րանի Տոլ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­պահ­­­­չէի գրա­­­­սենեակին մէջ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պու­­­­մը։ Յի­­­­շեցուց նաեւ այդ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պու­­­­մէն ետք ան­­­­յայտ կո­­­­րած Ճէ­­­­միլ Քըր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­յըրի մօր Պէր­­­­ֆօ Քըր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­յըրի կա­­­­տարո­­­­ւած խոս­­­­տումը։ «Այդ խոս­­­­տումէն ետք խորհրդա­­­­րանի հար­­­­ցաքննիչ յանձնա­­­­խումբը տե­­­­ղեկա­­­­գիր պատ­­­­րաստած էր, ուր 31 տա­­­­րի ետք առա­­­­ջին ան­­­­գամ խոս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­վանու­­­­թիւն մը կը կա­­­­տարո­­­­ւէր Ճէ­­­­միլ Քըր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­յըրի փա­­­­խուստի դի­­­­մած ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լը հեր­­­­քող տե­­­­ղեկու­­­­թիւններով։ Նոյն ժո­­­­ղովի ըն­­­­թացքին եղ­­­­բայրը ան­­­­հետ կո­­­­րած Հա­­­­սան Օճա­­­­քի քոյ­­­­րը՝ Մա­­­­սիտէ Օճաք եւս ելոյթ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ եւ յայտնեց թէ նման ստա­­­­խօսու­­­­թիւնով Ներ­­­­քին գոր­­­­ծոց նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թիւնը յան­­­­ցանք կը գոր­­­­ծէ։ Նա­­­­խարա­­­­րի այս ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւննե­­­­րը ժխտա­­­­կան ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն պի­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուող դա­­­­տական թղթած­­­­րարնե­­­­րու վրայ։ Մենք տա­­­­րինե­­­­րէ ի վեր մէկ բան միայն կը պա­­­­հան­­­­ջենք, մեր հա­­­­րազատ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը սպան­­­­նողնե­­­­րը յայտնա­­­­բերո­­­­ւին եւ ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նանան իրենց գոր­­­­ծած յան­­­­ցանքին հա­­­­մապա­­­­տաս­­­­խան պատ­­­­ժին։ Նա­­­­խարա­­­­րին ելոյ­­­­թը այս առու­­­­մով շատ մեծ ամօթ մըն է»։

Ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանա­­­­կան մի­­­­ջամ­­­­տութե­­­­նէն դրուագ­­­­ներ հրա­­­­տարա­­­­կուե­­­­ցան մա­­­­մու­­­­լի էջե­­­­րուն կամ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րային ցան­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րու վրայ։ Մա­­­­նաւանդ «Ճումհու­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­յէթ» թեր­­­­թի լու­­­­սանկա­­­­րիչ Վե­­­­տաթ Արը­­­­քի առած Առատ Տին­­­­քի ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կալ­­­­ման պա­­­­հը ցո­­­­լաց­­­­նող լու­­­­սանկա­­­­րը մեծ տա­­­­րածու­­­­թիւն գտաւ մա­­­­մու­­­­լի զա­­­­նազան օր­­­­կաննե­­­­րու մէջ։ Այդ տեղ շատ ցնցիչ կեր­­­­պով ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կալո­­­­ւած էր այն պա­­­­հը, ուր ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­ներ կ՚ու­­­­զեն բեր­­­­ման են­­­­թարկել Առատ Տին­­­­քը, իսկ Ժո­­­­ղով­­­­ուրդնե­­­­­­­­­­­­­­­րու Ժո­­­­ղովրդա­­­­վարու­­­­թեան կու­­­­սակցու­­­­թեան պատ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մաւոր­­­­ներ ամուր փա­­­­րած են Տին­­­­քին անոր ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կալութեան ար­­­­գելք ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։ Լու­­­­սանկար մը, որ իր այժմէակա­­­­նու­­­­թիւն պի­­­­տի պա­­­­հէ շատ եր­­­­կար տա­­­­րիներ, ամէն ան­­­­գամ որ օրա­­­­կար­­­­գի գայ այս շա­­­­բաթա­­­­վեր­­­­ջո­­­­­­­­­­­­­­­ւայ տխուր պա­­­­տահա­­­­րը։ Ու­­­­զե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք ճիշդ ալ այդ պա­­­­հուն մա­­­­սին Կա­­­­րօ Փայ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­նի վկա­­­­յու­­­­թիւննե­­­­րը լսել. «Ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանա­­­­կան մի­­­­ջամ­­­­տութիւննե­­­­րը սկսած էին հա­­­­ւաքոյ­­­­թէն շատ աւե­­­­լի կա­­­­նուխ, առա­­­­ւօտո­­­­ւան ժա­­­­մը 10-ի պա­­­­հերուն։ Երբ ես հրա­­­­պարակ հա­­­­սայ ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ար­­­­դէն սկսած էին մար­­­­դիկ բեր­­­­ման են­­­­թարկել։ Փոր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք միջ­­­­նորդել եւ ար­­­­գելք ըլ­­­­լալ կա­­­­տարո­­­­ւածին։ Բայց նոյն պա­­­­հուն Ներ­­­­քին գոր­­­­ծոց նա­­­­խարա­­­­րը ընդհա­­­­կառակ ուղղու­­­­թիւնով հրա­­­­հանգներ կը տե­­­­ղացնէր։ Այդ հրա­­­­հանգնե­­­­րը լսե­­­­լով ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ալ աւե­­­­լի կը սաստկաց­­­­նէին իրենց վե­­­­րաբեր­­­­մունքը։ Ես եր­­­­կար տա­­­­րինե­­­­րէ ի վեր ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը այսքան վայ­­­­րագ չէի տե­­­­սած։ Նոյ­­­­նիսկ դէպ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րէն հե­­­­ռու մնա­­­­ցող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը են­­­­թարկո­­­­ւեցան ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ար­­­­ցունքա­­­­բեր կա­­­­զերուն։ Մենք յա­­­­ճախ ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը զգու­­­­շացնէինք աւե­­­­լի հան­­­­դարտ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։ Այդ լու­­­­սանկա­­­­րին մէջ պա­­­­տահած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը աւե­­­­լի ուշ տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցան։ Ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­րար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը փոր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցին ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ջուր սրսկող կար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րուն առ­­­­ջեւ կե­­­­նալ եւ անոնց շար­­­­ժումին ար­­­­գելք ըլ­­­­լալ։ Այդ պա­­­­հուն ես ալ ուղղո­­­­ւած էի դէ­­­­պի այդ կողմ։ Հոն էին նաեւ մեր երես­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­խան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն խմբակ մը։ Այդ պա­­­­հուն ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը սկսան դի­­­­մացը ել­­­­լո­­­­­­­­­­­­­­­ղը բեր­­­­ման են­­­­թարկել։ Անոնց մէջն էր՝ Ռո­­­­պէր Քոփ­­­­թաշ, ապա ուղղո­­­­ւեցան դէ­­­­պի Առատ Տին­­­­քին։ Բո­­­­լորս մեր ամ­­­­բողջ ու­­­­ժով աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տեցանք Առա­­­­տը տա­­­­նելուն ար­­­­գելք ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու եւ յա­­­­ջողե­­­­ցանք։ Չկրցան Առա­­­­տը վերցնել»։

Կա­­­­րօ Փայ­­­­լան իր խօս­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը եզ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կացուց հե­­­­տեւեալ միտ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով. «Շա­­­­բաթօ­­­­րեայ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը 90-ական տա­­­­րեթի­­­­ւերուն ամե­­­­նադա­­­­ժան օրե­­­­րուն իրենց որ­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­ները փրկե­­­­լու հա­­­­մար պայ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րած էին։ Հրա­­­­պարա­­­­կեցին պե­­­­տու­­­­թեան ան­­­­կարգու­­­­թիւննե­­­­րը, անօ­­­­րինու­­­­թիւննե­­­­րը։ Հե­­­­ղինա­­­­կը ան­­­­յայտ ոճ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րը իրենց նստա­­­­ցոյցնե­­­­րէն ետք զգա­­­­լիօրէն նո­­­­ւազե­­­­ցան։ 700 շա­­­­բաթ շա­­­­րու­­­­նակ մեզ ալ պաշտպա­­­­նած եղան։ Այ­­­­սօր այդ ոճիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հե­­­­ղինակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան ան­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­ջական գոր­­­­ծընկեր­­­­ներն են։ Հան­­­­դուրժո­­­­ղու­­­­թիւն չու­­­­նին նման դի­­­­մադ­­­­րութեան մը։ Այս է պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռը որ 700-րդ շա­­­­բթուն այ­­­­լեւս չեն հան­­­­դուրժեր այս ար­­­­դար ցոյ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Ըստ երե­­­­ւոյ­­­­թի նոր շրջա­­­­նին ալ աւե­­­­լի մեծ անօ­­­­րինու­­­­թիւննե­­­­րու ակա­­­­նատես պի­­­­տի ըլ­­­­լանք։ Այս ալ մեր բո­­­­լորին կը պար­­­­տադրէ ալ աւե­­­­լի զօ­­­­րակ­­­­ցիլ Շա­­­­բաթօ­­­­րեայ մայ­­րերուն հետ»։