Եկան հասան Սուրբ Խաչի օրերը

Իրերայաջորդ երեք տարիներու ընդհատումէն ետք այս տարի Վանայ Լճի Աղթամար եկեղեցին անգամ մը եւս իր անուան տօնակատարութեան առումով կը հիւրընկալէ հայ հաւատացեալները։ Ինչպէս ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ամբողջովին ամայութեան մատնուած Աղթամար եկեղեցին ու վանքը շնորհիւ վերանորոգման կրկին անգամ դռները բացած էր հայ ուխտաւորներու դիմաց։ Այս երեւոյթը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած էր Վան քաղաքի այժմու բնակիչներու մօտ եւս։ Նշենք որ այդ ոգեւորութիւնը կարելի չէ բացատրել նման միջոցառումի մը տեղի տալիք զբօսաշրջային եռուզեռով։ Տուեալ ժամանակահատուածի քաղաքական հոգեբանութիւնը պատճառ դարձած էր այդ ոգեւորութեան։ Սակայն յաջորդող տարիներուն բաւական ջուրեր հոսեցան այդ գետի յատակէն եւ մանաւանդ պետական շրջանակներու մօտ տիրող տրամադրութիւնը բոլորովին շրջեցաւ եւ անկարելի դարձաւ այս զանգուածային ուրախութիւնը եւ տօնական մթնոլորտը ըմբոշխնել։ Այսօր անգամ մը եւս բազմաթիւ ուխտաւորներ կը փութան Աղթամարի տօնակատարութեան մասնակից ըլլալու։

Մաղթենք բարին, որպէսզի ամէն ինչ կայանայ խաղաղութեան մէջ եւ այս տարի ու յաջորդող տարիներուն վայելենք Արեւմտեան Հայաստանի այս կարեւորագոյն տաճարի ուրախութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ