Մշակոյթի ժառանգի գրանցումներ

Այսօրուայ Թուրքիոյ հան­րա­պե­­տու­­թեան տա­­րած­­քին ցրո­­ւած բազ­­մա­­­թիւ ճար­­տա­­­րապետական ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նող գոր­­ծեր իբ­­րեւ մշա­­կու­­­թա­­­­­­­յին ժա­­­ռանգ կ՚ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ւին Հրանդ Տինք Հիմ­­­նարկի յա­­­տուկ նա­­­խագի­­­ծի մը շրջա­­­նակով։ Այդ ծի­­­րէն ներս մա­­­նաւանդ երկրի փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րուն պատ­­­կա­­­­­­­նող եւ ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին կո­­­րուստի մատ­­­նո­­­­­­­ւած շի­­­նու­­­թիւններ ան­­­գամ մը եւս լոյ­­­ս աշխարհ կու գան շնոր­­­հիւ հիմ­­­նարկի այս նա­­­խագ­­­ծին։ Առա­­­ջին հեր­­­թին պատ­­­րաստո­­­ւած էր այս բնոյ­­­թի հնու­­­թիւննե­­­րը ի մի բե­­­րող քար­­­տէզ մը, ուր ու­­­սումնա­­­սիրող­­­ներ դիւ­­­րաւ պի­­­տի կա­­­րենա­­­յին կողմնո­­­րոշո­­­ւել տո­­­ւեալ վայ­­­րի մէջ գտնո­­­ւող եւ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ար­­­ժէք ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող ժա­­­ռան­­­գի նմոյշնե­­­րու հետ։ Ապա աւե­­­լի ման­­­րա­­­­­­­մասն ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւններ կա­­­տարո­­­ւեցան կարգ մը շրջան­­­նե­­­­­­­րու վրայ։

«Մշա­­­կոյ­­­թի ժա­­­ռանգ» նա­­­խագ­­­ծի աշ­­­խա­­­­­­­տակազ­­­մը ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւններ կա­­­տարեց տո­­­ւեալ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ, որոնք հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցան ան­­­ջատ հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րու ձե­­­ւով։ Անոնցմէ առա­­­ջինը նիւթ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նար Կե­­­սարիա քա­­­ղաքը։ Իսկ այս շաբ­­­թու մէջ իրա­­­րայա­­­ջորդ կեր­­­պով հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցան Կե­­­սարիոյ Տե­­­վելի գա­­­ւառի, Ատա­­­նայի եւ Սե­­­բաս­­­տիոյ մշա­­­կոյ­­­թի ժա­­­ռան­­­գը ու­­­սումնա­­­սիրող հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րը։ Հարկ է նշել թէ այս ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին բա­­­ցի մին­­­չեւ օրս գո­­­յու­­­թիւնը պա­­­հած օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու թո­­­ւագ­­­րումէն, տե­­­ղեկու­­­թիւններ կը փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւի նաեւ տո­­­ւեալ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­մա­­­­­­­կան ան­­­ցեալի մա­­­սին։ Այս ալ ինքնին շատ կա­­­րեւոր առա­­­քելու­­­թիւն մըն է սկսած «Ակօս»ի հրա­­­տարակ­­­ման առա­­­ջին օրե­­­րէն։ Չէ՛ որ, երկրի որ­­­դեգրած ու­­­րացման քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւնը նոյ­­­նիսկ դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով կաս­­­կա­­­­­­­ծի տակ կը թո­­­ղուր հայ ժո­­­ղովուրդի այս երկրի մէջ ու­­­նե­­­­­­­ցած ան­­­ցեալը։ Հե­­­տեւա­­­բար սոյն հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­րաստման ըն­­­թացքին հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը օգ­­­տո­­­­­­­ւեցան նաեւ տո­­­ւեալ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու ձօ­­­նուած յու­­­շա­­­­­­­մատեան­­­նե­­­­­­­րէն։ Յու­­­շա­­­­­­­մատեան­­­ներ՝, որոնք իրենց պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած ան­­­ծայրա­­­ծիր տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րով լոյս կը սփռեն այ­­­սօր այ­­­լեւս պատ­­­մութեան նիւթ դար­­­ձած այս քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու հայ ան­­­ցեալին։

Մշա­­­կոյ­­­թի Ժա­­­ռանգ նա­­­խաձեռ­­­նութեան աշ­­­խա­­­­­­­տակազ­­­մը շատ տե­­­ղին որո­­­շու­­­մով մը վեր­­­ջին չորս հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րը ձօ­­­նած են «Ակօս»ի հա­­­յերէն էջե­­­րու վաս­­­տա­­­­­­­կաւոր խմբա­­­գիր Սար­­­գիս Սե­­­րով­­­բեանին ,ընդգծե­­­լով անոր նո­­­ւիրեալ վաս­­­տա­­­­­­­կը Արեւմտեան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ժա­­­ռան­­­գի նկատ­­­մամբ։ Սե­­­րով­­­բեան եր­­­կար տա­­­րիներ քայլ առ քայլ շրջա­­­գայած էր այդ վայ­­­րե­­­­­­­րուն մէջ եւ իր տպա­­­ւորու­­­թիւննե­­­րը թուղթ յանձնած ու ծա­­­նօթա­­­ցուած էր հա­­­սարա­­­կու­­­թեան։

Նշենք որ այս խիստ շա­­­հեկան հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւննե­­­րը վա­­­ճառ­­­քի դրո­­­ւած չեն եւ ցան­­­կա­­­­­­­ցող­­­ներ ստա­­­նալու հա­­­մար կրնան դի­­մել Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկին։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ