Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ համերգ մըն էր միայն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Ամառուայ ամիսները հա­­­­մեմա­­­­տաբար թոյլ եղա­­­­նակ կը հա­­­­մարո­­­­ւին գե­­­­ղարո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կան նա­­­­խաձեռ­­­­նութիւննե­­­­րու հա­­­­մար։ Ան­­­­շուշտ այս ընդհա­­­­նուր երե­­­­ւոյ­­­­թը չի բա­­­­ցառո­­­­ւիր նաեւ պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ գե­­­­ղարո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կան կեան­­­­քի առու­­­­մով։ Մեր մօտ եւս ամա­­­­ռուայ ամիս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը շատ աւե­­­­լի ծան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­բեռ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած են զբօս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու կամ հան­­­­գիստի տրա­­­­մադ­­­­րութիւ­­­­նով։ Վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս արո­­­­ւես­­­­տի գոր­­­­ծիչներն ալ այդ ժա­­­­մանա­­­­կահա­­­­տուա­­­­ծը կը շա­­­­հագոր­­­­ծեն ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կուրդով։ Բայց այս բո­­­­լորով հան­­­­դերձ մերթ ընդ մերթ կը բախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւորո­­­­ւինք անակնկալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով, որոնք միայնքամ ընդմիշտ ոգե­­­­ւորու­­­­թիւն կը բե­­­­րեն այդ ամա­­­­յացած ամիս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու անի­­­­մաստ արո­­­­ւես­­­­տազրկու­­­­թեան։ Այդ էր, որ կը պա­­­­տահէր նա­­­­խորդ հինգշաբ­­­­թի օր, երբ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Նա­­­­րեկա­­­­ցի երի­­­­տասար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան երաժշտա­­­­կան խումբը ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կարգ յա­­­­ջող հա­­­­մեր­­­­գով մը բեմ կը բարձրա­­­­նար Շիշ­­­­լի «Քենթ» մշա­­­­կոյ­­­­թի դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճին մէջ։ 28 երի­­­­տասարդ երա­­­­ժիշտներ հայ եր­­­­գի ամե­­­­նախօ­­­­սուն օրի­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէ բաղ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցող յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գիր մը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցին պոլ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­ցի հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սին, որ բա­­­­ռին բուն իմաս­­­­տով վա­­­­յելք մըն էր։

Նշենք որ, Նա­­­­րեկա­­­­ցի ժո­­­­ղովրդա­­­­կան նո­­­­ւագա­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու նո­­­­ւագա­­­­խումբը հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է 2008 թո­­­­ւակա­­­­նին, «Նա­­­­րեկա­­­­ցի» արո­­­­ւես­­­­տի միու­­­­թեան յար­­­­կի տակ։ 2015 թո­­­­ւակա­­­­նէն ի վեր նո­­­­ւագա­­­­խումբի գե­­­­ղարո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կան ղե­­­­կավարն է եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­հան, թա­­­­ռահար Ար­­­­տեմ Խա­­­­չատու­­­­րը։ Ար­­­­տեմ Խա­­­­չատուր Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կաւոր արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտն է։

Խումբը հայ երգն ու երաժշտու­­­­թիւնը հա­­­­մաշ­­­­խարհա­­­­յին գետ­­­­նի վրայ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու առա­­­­քելու­­­­թեամբ մեկ­­­­նած է հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքէն եւ այս մէկն ալ այդ հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­համերգնե­­­­րու շար­­­­քի հանգրո­­­­ւան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէ­­­­կը կը կազ­­­­մէ։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ խումբը Պոլ­­­­սոյ հա­­­­մեր­­­­գէն ան­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­ջապէս ետք մեկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ նախ Իտա­­­­լիա, ապա Ֆրան­­­­սա եւ Զո­­­­ւիցե­­­­րիա։

«Նա­­­­րեկա­­­­ցի» նո­­­­ւագա­­­­խումբը պա­­­­հելով հան­­­­դերձ հայ աւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան երաժշտու­­­­թեան ոգին, բաց է նաեւ այ­­­­լընտրան­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յին մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւննե­­­­րու։ Ու­­­­րեմն հա­­­­յոց աւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան գոր­­­­ծիքնե­­­­րով շատ իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յատուկ հնչիւններ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցան Արամ Խա­­­­չատու­­­­րեանի դա­­­­սական երաժշտու­­­­թեան նո­­­­ւագա­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հի­­­­ման վրայ կա­­­­տարած յօ­­­­րինումնե­­­­րը կամ ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կան շան­­­­սոննե­­­­րուն մա­­­­նաւանդ ալ քա­­­­ղաքա­­­­կան երաժշտու­­­­թեան ծա­­­­նօթ դէմ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րէն Իվ Մոն­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նի «Փա­­­­րիզի երկնի­­­­քի տակ» անուն հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ծանօթ եր­­­­գը։ Նոյնպէս Մա­­­­կար Եկ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­լեանի մշա­­­­կու­­­­մով հայ հո­­­­գեւոր երաժշտու­­­­թեան քաղցրահնչիւն նմոյշնե­­­­րէն մին Սուրբ Պա­­­­տարա­­­­գի ծա­­­­նօթ «Սուրբ, սուրբ»ը շատ նոր երան­­­­գով մը կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յանար հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սին։ Ինչպէս, որ ըսած էինք գրու­­­­թեան մուտքին երաժշտա­­­­կան վա­­­­յելք մըն էր կա­­­­տարո­­­­ւածը, բա­­­­ռին բուն իմաս­­­­տով եւ ան­­­­շուշտ այդ վա­­­­յել­­­­քին հա­­­­ղոր­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կից դար­­­­ձան բո­­­­լոր անոնք, որոնք գի­­­­տեն գնա­­­­հատել արո­­­­ւես­­­­տի բարձրո­­­­րակ նմոյշնե­­­­րը։ Եւ եթէ խօս­­­­քը կը վե­­­­րաբե­­­­րի երաժշտու­­­­թեան, պար­­­­տինք նշել, որ երաժշտա­­­­կան ամե­­­­նաբարձր կա­­­­տարումնե­­­­րը գոր­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­քային են, նո­­­­ւագա­­­­րանա­­­­յին ու մա­­­­նաւանդ նո­­­­ւագախմբա­­­­յին։ Ար­­­­տեմ Խա­­­­չատուր իր մշա­­­­կումնե­­­­րով յա­­­­ջողած էր ժո­­­­ղովրդա­­­­կան նո­­­­ւագա­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով ստեղ­­­­ծել ար­­­­դիաշունչ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ձայ­­­­նութիւն մը։ Այդ հո­­­­յակապ նո­­­­ւագակ­­­­ցութեան վրայ նաեւ երեք ան­­­­գամներ վա­­­­յելե­­­­ցինք պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ ծա­­­­նօթ եւ շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­լի մե­­­­նակա­­­­տարի մը՝ Թա­­­­թեանա Պոս­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նի գե­­­­ղեցիկ ու տպա­­­­ւորիչ ձայ­­­­նը։ Ան կա­­­­տարեց Խա­­­­չատուր Աւե­­­­տիսեանի հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ծանօթ ու շատ սի­­­­րուած «Ծաղ­­­­կած Բա­­­­լենի», Սա­­­­յաթ Նո­­­­վայի՝ «Յիս քու ղի­­­­մետըն չիմ գի­­­­տի» եւ Աշուղ Հայ­­­­րիկ Ղա­­­­զարեանի դար­­­­ձեալ Խա­­­­չատուր Աւե­­­­տիսեանի կող­­­­մէ վե­­­­րամ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կուած «Մշոյ Աղ­­­­ջիկ» եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Այս հրա­­­­շալի հա­­­­մեր­­­­գի ըն­­­­թացքին իրենց մե­­­­նանո­­­­ւագ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով ու­­­­շադրու­­­­թեան ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նացան տու­­­­տուկա­­­­հար՝ Դա­­­­ւիթ Սա­­­­հակեան, քա­­­­ման­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­հար՝ Էրիկ Յով­­­­հաննի­­­­սեան, քա­­­­նոնա­­­­հար՝ Աստղիկ Սնե­­­­ցունց, սրնգա­­­­հար Կա­­­­րէն Յա­­­­րու­­­­թիւնեան, սան­­­­թուրա­­­­հար՝ Ան­­­­նա Համ­­­­բարձու­­­­մեան եւ թմբկա­­­­հար­­­­ներ՝ Ստիոպա Սարգսեան եւ Ար­­­­ման Ղա­­­­զարեան։

Հա­­­­մեր­­­­գի աւար­­­­տին մե­­­­զի մնաց հար­­­­ցում մը՝ ի՞նչ էր սա, որ կա­­­­տարո­­­­ւեց, մի­­­­թէ հա­­­­մե՞րգ մը միայն, թէ ո՛չ մեր յի­­­­շողու­­­­թեան մէջ յա­­­­րատեւ հետք թո­­­­ղելու կա­­­­րողու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կարգ վա­­­­յելք մը։ Ան­­­­շուշտ մենք հա­­­­մոզո­­­­ւած ենք երկրոր­­­­դին եւ պի­­­­տի ցան­­­­կանք, որ այդ յի­­­­շողու­­­­թիւնը միշտ մնայ իր դրոշ­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­ւած տե­­­­ղը եւ մենք ամէն ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մուն յի­­­­շելով վե­­­­րապ­­­­րինք այդ բա­­­­ցառիկ երե­­­­կոն։ Բաց­­­­թո­­­­­­­­­­­­­­­ղում պի­­­­տի ըլ­­­­լայ, եթէ զանց առ­­­­նենք յի­­­­շելու, թէ հա­­­­մեր­­­­գը կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր Սուրբ Խաչ Դպրե­­­­վան­­­­քի սա­­­­նուց միու­­­­թեան անու­­­­նով եւ Սե­­­­զար Աւե­­­­տիքեանի ջան­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ Աւե­­­­տիքեան հա­­­­մեր­­­­գի աւար­­­­տին բեմ հրա­­­­ւիրեց այս կա­­­­րեւոր նա­­­­խաձեռ­­­­նութեան հե­­­­ղինա­­­­կը՝ Նա­­­­րեկ Յա­­­­րու­­­­թիւնեանը՝ որու ջան­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով ծնած էր «Նա­­­­րեկա­­­­ցի» նո­­­­ւագա­­­­խումբը։ Նա­­­­րեկ Յա­­­­րու­­­­թիւնեան ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ իր հա­­­­մակ­­­­րանքը յայտնե­­­­լով պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան եւ մա­­­­նաւանդ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սի նկատ­­­­մամբ, քա­­­­նի որ իր իսկ ըն­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­մով այս հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թիւնը յա­­­­ջողած է մին­­­­չեւ օրս վառ պա­­­­հել ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին մշա­­­­կոյ­­­­թի հան­­­­դէպ իր հա­­­­ւատար­­­­մութիւ­­­­նը եւ դի­­­­մագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւելով բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ դժո­­­­ւարու­­­­թիւններ, մին­­­­չեւ օրս չէ զլա­­­­ցած ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­պահ­­­­պանման իր մեծ առա­­­­քելու­­­­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ