Վետաթ Աքչայէօզիի աշխատութիւնը նոր հորիզոնի մը վրայ

Ոչ միայն այսօր, այլ պատ­­մութեան բո­­լոր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն Անիի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը հնա­­գիտու­­թեան սահ­­մաննե­­րէն շատ աւե­­լի վեր նո­­ւիրու­­մի մը կը կա­­րօտի։ Միայն հո­­գիով ու սիր­­տով նո­­ւիրո­­ւած­­ներն են, որ կրնան կա­­տար ածել այդ ծանր աշ­­խա­­­տան­­քը եւ գո­­նէ մէկ ան­­կիւնէն լու­­սա­­­բանել Անի քա­­ղաքի դա­­րերու փո­­շիով ծած­­կո­­­ւած չքնաղ ան­­ցեալը։ Այս իմաս­­տով մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րու կա­­րեւո­­րագոյն նո­­ւիրեալը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանայ Վե­­տաթ Աք­­չա­­­յէօզ։ Ան որ­­պէս բնիկ ղար­­սե­­­ցի սի­­րով փա­­րած է այդ գոր­­ծին եւ ամէն ան­­գա­­­մուն քա­­ղաքի նոր գաղտնիք­­նե­­­րը բա­­ցայայ­­տող հա­­տոր մը կը նո­­ւիրէ այս նիւ­­թի նկատ­­մամբ հե­­տաքրքրու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րուն։ Ար­­դա­­­րեւ ան խմբագ­­րա­­­տուն այ­­ցե­­­լեց իր ձեռ­­քին ու­­նե­­­նալով Անիի պատ­­մութեան վե­­րաբե­­րեալ գե­­ղատիպ նոր հա­­տոր մը։

Բայց մեր ար­­ժէ­­­քաւոր բա­­րեկա­­մը տա­­կաւին չէր կրցած դուրս գալ մօտ ան­­ցեալին Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ Անիի ձօ­­նուած ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի ոգե­­ւորու­­թե­­­նէն։ Ար­­դա­­­րեւ գիր­­քի մա­­սին մեր խօ­­սակ­­ցութիւնն ալ կ՚ըն­­դա­­­նար ճիշդ ալ այդ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի հետ­­քե­­­րով։ Խան­­դա­­­վառու­­թեամբ կը բա­­նար էջե­­րէն մէ­­կը եւ ցոյց կու տար Նի­­կողա­­յոս Մար­­րի մէկ լուսանկա­­րը, որ առ­­նո­­­ւած է Անիի աւե­­րակ­­նե­­­րուն վրայ իր ար­­շա­­­ւախումբի ան­­դամնե­­րուն հետ. «Պատ­­մութեան թան­­գա­­­րանէն տրա­­մադ­­րե­­­ցին այս նկա­­րը գիր­­քիս հա­­մար»։ Կը նշմա­­րենք դէմ­­քին յայտնո­­ւած երախ­­տա­­­պար­­տութիւ­­նը։ Դիւ­­րաւ կրնանք ըն­­կա­­­լել, թէ նման գի­­տաշ­­խա­­­տողի մը հա­­մար որ­­քան մեծ նշա­­նակու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նան այս տե­­սակի նո­­ւիրումնե­­րը։ Բայց եր­­բեք չենք զար­­մա­­­նար որով­­հե­­­տեւ գի­­տենք, որ շա­­տեր կան, որոնք պի­­տի գնա­­հատէին կա­­տարո­­ւած աշ­­խա­­­տու­­թիւնը եւ իրենց կա­­րելին ի գործ պի­­տի դնէին, այդ աշ­­խա­­­տու­­թեան սա­­տարե­­լու հա­­մար։ Ահա մար­­դիկ հասկցած էին կա­­տարո­­ւածին ար­­ժէ­­­քը եւ չէին խու­­սա­­­փած իրենց կա­­րելին տրա­­մադ­­րե­­­լէ։ Վեր­­ջին հա­­շուով Անի մե­­զի հա­­մար պատ­­մա­­­կան հնու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լէ շատ աւե­­լի խոր իմաստներ կը պա­­րու­­նա­­­կէ եւ այդ իմաստնե­­րով ալ բո­­լորս երախ­­տա­­­պարտ ենք նման նո­­ւիրեալ աշ­­խա­­­տու­­թիւն վատ­­նողնե­­րուն։

Ու­­րեմն մենք ալ կու գանք շնոր­­հա­­­ւորե­­լու սի­­րելի Վե­­տաթ Աք­­չա­­­յէօզը իր այս վեր­­ջին ու­­սումնա­­սիրու­­թեան հա­­մար։ Քաջ գի­­տենք, թէ ան տա­­կաւին իր խօս­­քը չէ աւար­­տած Անիի փառ­­քը հիւ­­սե­­­լու նո­­ւիրեալ գոր­­ծին մէջ։ Իրաւ ալ Աք­­չա­­­յէօզ այս առ­­թիւ մե­­զի կը պատ­­մէ, թէ այժմ կը պատ­­րաստո­­ւի Նո­­րուէ­­կիոյ մէջ Անիի ձօ­­նուած ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի կրկնու­­թեան պատ­­րաստու­­թիւննե­­րով։ Կ՚երե­­ւի թէ յա­­ռաջի­­կայ թի­­ւերուն մենք ան­­գամ մը եւս առիթ պի­­տի ու­­նե­­­նանք այս ան­­գամ ալ Նո­­րուէ­­կիոյ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը փո­­խան­­ցե­­­լու հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ