Ռուհի Սու կը յիշատակուի իր մահուան տարելիցին


Թրքերէն ժողովրդական երգերու անզուգական կատարող Ռուհի Սու մահուան 33-րդ ամեակին կը յիշատակուի համերգով մը։ 22 Սեպտեմբեր Շաբաթ երեկոյ Շիշլի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայանալիք համերգին ելոյթ կ՚ունենան Ռուհի Սուի անունը կրող «Տոսթլար» երգչախումբը, հանրածանօթ երգիչ Մուամմէր Քեթենճիօղլու եւ Թունճէր Թէրճան։ Այս միջոցառումը կը կազմակերպուի «Ռուհի Սու մշակոյթի եւ արուեստի միութիւն»ի կողմէ։ Այս առթիւ մօտակայ համերգի ընդառաջ զրուցեցինք երգչախումբի վարչայիններէն Արաս Աքանարասի հետ։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմ­­­նո­­­­­­­ւած է «Տոսթլար» երգչա­­­խումբը։

ԱՐԱՍ ԱՔԱ­­­ՆԱՐԱՍ- 1975-ի Դեկ­­­տեմբեր ամ­­­սուն «Տոսթլար» թա­­­տերա­­­խումբի բե­­­մադ­­­րած «Փիր Սուլթան Ապ­­­տալ» անուն ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման հա­­­մար կա­­­րիքը զգա­­­ցուե­­­ցաւ երգչա­­­խումբի մը։ Քա­­­ղաքա­­­կան տար­­­բեր հա­­­կումներ ու­­­նե­­­­­­­ցող երի­­­տասարդներ ըն­­­դա­­­­­­­ռաջե­­­ցին մա­­­մու­­­լի մի­­­ջոցաւ կա­­­տարո­­­ւած հրա­­­ւէրին եւ ներ­­­կա­­­­­­­յացան Ռու­­­հի Սո­­­ւին։ Ռու­­­հի Սու ստու­­­գեց անոնց եր­­­գե­­­­­­­լու ու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը եւ այսպէ­­­սով ծնունդ առաւ նոր երգչա­­­խումբ մը։ Այդ թո­­­ւակա­­­նէն ետք նոր­­­ակազմ երգչա­­­խումբը կա­­­նո­­­նա­­­­­­­ւոր կեր­­­պով փոր­­­ձեր կա­­­տարեց եւ այդ փոր­­­ձե­­­­­­­րէն ծնունդ առաւ երեք կա­­­րեւոր ձայ­­­նապնակ­­­ներ՝ «Էլ քա­­­բըլա­­­րը», «Սա­­­պահըն սա­­­հիպի վար» եւ «Սե­­­մահ­­­լար»։

Ռու­­­հի Սու 20 Սեպ­­­տեմբեր 1985-ին մա­­­հացաւ եւ այդ թո­­­ւակա­­­նէն ետք որ­­­պէս յար­­­գանք հիմ­­­նա­­­­­­­դիրին խումբը յի­­­շուե­­­ցաւ Ռու­­­հի Սո­­­ւի անու­­­նով։ Կրնամ ըսել, թէ այս խումբը Թուրքիոյ ամե­­­նաեր­­­կար տե­­­ւողու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած սի­­­րողա­­­կան երգչա­­­խումբն է։ 42 տա­­­րինե­­­րէ ի վեր առանց որե­­­ւէ զօ­­­րակ­­­ցութեան կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր առա­­­քելու­­­թիւնը։

 

Իսկ այ­­­սօր ի՞նչ տե­­­սակ կազմ մըն է Ռու­­­հի Սու երգչա­­­խումբը։

Ա.Ա.- Ան­­­ցեալին Ռու­­­հի Սո­­­ւի այ­­­րիին տի­­­կին Սը­­­տըքա Սո­­­ւին հո­­­վանա­­­ւորու­­­թեամբ կազ­­­մո­­­­­­­ւած էր հիմ­­­նադրամ մը եւ երգչա­­­խումբը իր փոր­­­ձե­­­­­­­րը կը կա­­­տարէր այդ հիմ­­­նադրա­­­մի կեդ­­­րո­­­­­­­նին մէջ։ Այ­­­սօր ալ Ռու­­­հի Սո­­­ւի որ­­­դին Ըլ­­­կըն Սո­­­ւի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ Ռու­­­հի Սո­­­ւի անո­­­ւան մշա­­­կոյ­­­թի եւ արո­­­ւես­­­տի միու­­­թեան եր­­­դի­­­­­­­քին տակ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի երգչա­­­խումբի աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը։ Բազ­­­մա­­­­­­­ձայն երգչա­­­խումբին գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի ղե­­­կավարն է Էմին Իկիւս եւ երգչա­­­խումբի ղե­­­կավա­­­րը Մութլու Էօտե­­­միշ։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս փոր­­­ձե­­­­­­­րը կը կա­­­տարենք Նա­­­զըմ Հիք­­­մե­­­­­­­թի անո­­­ւան մշա­­­կոյ­­­թի կեդ­­­րո­­­­­­­նի դահ­­­լի­­­­­­­ճին մէջ։

 

Իսկ միու­­­թիւնը երգչա­­­խումբէ դուրս ալ զբա­­­ղումներ ու­­­նի՞։

Ա.Ա.- Ամէն տա­­­րի տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ Ռու­­­հի Սո­­­ւի անու­­­նը կրող բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մրցա­­­նակը եւ խա­­­ղաղու­­­թեան մրցա­­­նակը։ Այս տա­­­րուայ մեր ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րէն մէկն ալ ան­­­ցեալին Ռուհի Սո­­­ւի կող­­­մէ պատ­­­րաստո­­­ւած «Ժո­­­ղովրդա­­­կան պա­­­րեր» գիր­­­քի վերհրա­­­տարա­­­կու­­­թիւն է։ Այս գիր­­­քը ան­­­ցեալին հրա­­­տարա­­­կուած էր Մշա­­­կոյ­­­թի նա­­­խարա­­­րու­­­թեան ջան­­­քե­­­­­­­րով։

 

Կը յի­­­շեմ 2006-ին Սա­­­յաթ Նո­­­վա երգչա­­­խումբի եւ Քար­­­տեշ Թիւրքիւ­­­լեր խումբի հետ բե­­­մադ­­­րո­­­­­­­ւած հա­­­մեր­­­գը։ Այդ հա­­­մեր­­­գը շատ մեծ ար­­­ձա­­­­­­­գանգ ու­­­նե­­­­­­­ցած էր։ Նման մի­­­ջոցա­­­ռումներ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­լու մտա­­­դիր է՞ք։

Ա.Ա.- Կը յի­­­շեմ «Աշուղ է եկել մեր մայ­­­լեն» խո­­­րագ­­­րեալ այդ հա­­­մեր­­­գը, որ մեր երգչա­­­խումբի պատ­­­մութեան մէջ ալ շատ յա­­­տուկ տեղ ու­­­նի։ Մի­­­ջագե­­­տէն, Անա­­­դոլիայէն մին­­­չեւ Կով­­­կա­­­­­­­սեան լեռ­­­նա­­­­­­­դաշտ եր­­­կա­­­­­­­րող շատ ըն­­­դարձակ աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան հա­­­տուա­­­ծի մը վրայ մշա­­­կուած եր­­­գե­­­­­­­րով հիւ­­­սո­­­­­­­ւած հա­­­մերգ մը եղած էր։ Երկրի ներ­­­կայ կա­­­ցու­­­թիւնը մեզ ան­­­գամ մը եւս կը թե­­­լադ­­­րէ շեշ­­­տադրել այս հո­­­ղերու մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին զա­­­նազա­­­նու­­­թեան ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գող ծրա­­­գիր­­­ներ պատ­­­րաստել։ Արո­­­ւեստն է, որ պի­­­տի դի­­­մադ­­­րէ հա­­­մայն աշ­­­խարհին վրայ ծայր տո­­­ւած չա­­­րիքին։ Ռու­­­հի Սու իր եր­­­գե­­­­­­­րը քա­­­ղած էր պատ­­­մութե­­­նէն, որոնք մենք իր­­­մէ սոր­­­վե­­­­­­­ցանք եւ հի­­­մա ալ պար­­­տա­­­­­­­ւոր ենք ու­­­րիշնե­­­րուն փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու։ Այդ փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւածը մերթ հայ­­­կա­­­­­­­կան շուրջպար մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով պի­­­տի ներ­­­կա­­­­­­­յանայ մեր դի­­­մաց, մերթ Սա­­­յաթ Նո­­­վայի տաղ մը, բայց ինչ որ պի­­­տի ըլ­­­լայ միշտ փո­­­խառ­­­նո­­­­­­­ւած պի­­­տի ըլ­­­լայ ժո­­­ղովրդէն եւ պի­­­տի փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւի ժո­­­ղովուրդին։ Այս էր Ռու­­­հի Սո­­­ւի դաս­­­տիարա­­­կածը եւ մենք սի­­­րած ենք այդ դա­­­սը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ