Տատեանի աշակերտները Մխիթար Սեբաստացի դպրոցի հիւրերն էին

Պաքըրգիւղի Տատեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի ու­­­սուցո­­­ղական նպա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րով կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած շրջա­­­գայու­­­թիւննե­­­րու այս տա­­­րուայ հաս­­­ցէն Երե­­­ւանի Մխի­­­թար Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցի վար­­­ժա­­­­­­­րանն էր։ Դպրո­­­ցը նա­­­խորդ տա­­­րինե­­­րուն ալ նման շրջա­­­գայու­­­թիւններ կա­­­տարած էր Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ Ֆրանկֆուրտ, Սու­­­րիոյ Հա­­­լէպ եւ Լե­­­հաս­­­տա­­­­­­­նի Ռիպ­­­նիկ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րուն։ Այս տա­­­րի 3-7 Սեպ­­­տեմբեր թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն կա­­­յացող շրջա­­­գայու­­­թեան, բա­­­ցի 22 աշա­­­կերտնե­­­րէ, մաս­­­նակցե­­­ցան նաեւ տնօ­­­րէնու­­­հի Ալիս Պայ­­­րամ, ար­­­տերկրեայ ուսման ծրագ­­­րի հա­­­մակար­­­գով Սի­­­պել Ար­­­փա­­­­­­­ճըք եւ ու­­­սուցչու­­­հի­­­­­­­ներ Երա­­­նու­­­հի Պալ­­­ճը, Անիլ­­­տա Մե­­­նեք­­­շէ ու Ժպտուն Զուրնա­­­ճը։ Աշա­­­կերտնե­­­րը այս ճամ­­­բորդու­­­թեան ըն­­­թացքին օգ­­­տո­­­­­­­ւեցան Հրանդ Տինք հիմ­­­նադրա­­­մի ճա­­­նապար­­­հորդա­­­կան դրա­­­մաշ­­­նորհէն։ Բա­­­ցի այդ, Թրքա­­­հայ վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու միու­­­թիւնը եւ ծնող­­­ներ եւս մաս­­­նակցու­­­թիւն բե­­­րին ծախ­­­սե­­­­­­­րու թե­­­թեւաց­­­ման հա­­­մար։ Աշա­­­կերտնե­­­րը գի­­­շերե­­­ցին Մխի­­­թար Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցի վար­­­ժա­­­­­­­րանի հիւ­­­րա­­­­­­­նոցը։

Միւս կող­­­մէ անոնք այս օրե­­­րու ըն­­­թացքին առի­­­թը ու­­­նե­­­­­­­ցան սոյն դպրո­­­ցի աշա­­­կերտնե­­­րու ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րուն հետ ծա­­­նօթա­­­նալու եւ այսպէ­­­սով Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ժո­­­ղովուրդի առօ­­­րեայ կեն­­­ցա­­­­­­­ղին հետ շփո­­­ւելու։

Տա­­­տեան­­­ցի­­­­­­­ներ այ­­­ցե­­­­­­­լեցին ԹՈՒ­­­ՄՕ յա­­­տուկ ուսման ծրա­­­գիր գոր­­­ծադրող հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւնը, Գառ­­­նիի հե­­­թանո­­­սական տա­­­ճարը, Օշա­­­կանի եկե­­­ղեցին եւ Էջ­­­միած­­­նի մայ­­­րա­­­­­­­վան­­­քը։ Ան­­­շուշտ, որ իրենց հա­­­մար ամե­­­նաշա­­­հեկանն էր Երե­­­ւան քա­­­ղաքի շրջա­­­գայու­­­թիւնը։ Մխի­­­թար Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցի դպրո­­­ցի հիմ­­­նա­­­­­­­դիր Աշոտ Բի­­­լէեանի հետ հան­­­դիպման պա­­­հուն Տա­­­տեանի սա­­­ներէն Հրակ Գա­­­րեգին Չաք­­­մաքճը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւեցաւ եւ փո­­­խան­­­ցեց իր եւ ըն­­­կերնե­­­րուն տպա­­­ւորու­­­թիւննե­­­րը հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրի վրայ իրենց ու­­­նե­­­­­­­ցած բա­­­ցառիկ ապ­­­րումնե­­­րու մա­­­սին։

*

Յար­­­գե­­­­­­­լի հան­­­դի­­­­­­­սական­­­ներ,

Ես կ՚ու­­­զեմ յայտնել իմ ան­­­հուն ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ հին­­­գե­­­­­­­րորդ ան­­­գամ է, որ հայ­­­րե­­­­­­­նիքս այ­­­ցե­­­­­­­լելու առի­­­թը վա­­­յելե­­­ցի։ Ամէն այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեանս ըն­­­թացքին ու­­­նե­­­­­­­ցայ մեծ հեւք եւ եր­­­ջանկու­­­թիւն, բայց կը խոր­­­հիմ, որ այս վեր­­­ջի­­­­­­­նը տար­­­բեր էր միւսնե­­­րէն, որով­­­հե­­­­­­­տեւ այ­­­լեւս Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ ու­­­նէի ծա­­­նօթ­­­ներ, քոյ­­­րեր եւ եղ­­­բայրներ, որոնց պի­­­տի միանա­­­յի ու անոնց կա­­­րօտը պի­­­տի առ­­­նէի։

Այս տա­­­րի՝ Մա­­­յիս ամ­­­սո­­­­­­­ւան մէջ, Թուրքիոյ Տա­­­տեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի հիւ­­­րը եղաւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Մխի­­­թար Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցի վար­­­ժա­­­­­­­րանի աւագ բաժ­­­նի խումբ մը ու­­­սուցիչ­­­ներն ու աշա­­­կերտնե­­­րը, որոնք հիւ­­­րա­­­­­­­սիրո­­­ւեցան վար­­­ժա­­­­­­­րանի աշա­­­կերտնե­­­րուն ծնող­­­նե­­­­­­­րուն քով։ Մենք ալ մեր տան մէջ հիւ­­­րա­­­­­­­սիրե­­­ցինք Վա­­­լերան, որուն հետ կարճ ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին մտեր­­­մա­­­­­­­ցայ եւ շատ սի­­­րեցի։ Երբ իրեն հետ մեր դպրո­­­ցի պար­­­տէ­­­­­­­զը առա­­­ջին ան­­­գամ ծա­­­նօթա­­­ցայ մտա­­­հոգ էի թէ՝ զիս պի­­­տի սի­­­րէ՞ր, ինձմէ հա­­­ճոյք պի­­­տի առ­­­նէ՞ր...։ Առա­­­ջին վայրկեանէն մեր մի­­­ջեւ ըն­­­կե­­­­­­­րային յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւն մը յա­­­ռաջ եկաւ եւ եր­­­կուքս ալ գի­­­տէինք, որ միաս­­­նա­­­­­­­բար ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի պա­­­հեր պի­­­տի ապ­­­րէինք։ Ան օրէ օր դար­­­ձաւ իմ եղ­­­բայրս եւ կը զգա­­­յի, որ ան մեր տան մէջ ինքզին­­­քը կը զգար իր հա­­­րազատ տու­­­նը։ Երա­­­նու­­­թեան պա­­­հեր կ՚ապ­­­րէինք երբ շա­­­րու­­­նակ մեր մայ­­­րե­­­­­­­նիով կը հա­­­ղոր­­­դակցէինք եւ հե­­­ռատե­­­սիլէն Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի լու­­­րե­­­­­­­րուն կը հե­­­տեւէինք։ Ան եր­­­բեմն ներ­­­կայ եղաւ մեր վար­­­ժա­­­­­­­րանի դա­­­սերուն, նաեւ միաս­­­նա­­­­­­­բար զա­­­նազան պտոյտներ ըրինք։ Ին­­­ծի հա­­­մար ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի եղան վար­­­ժա­­­­­­­րանիս տնօ­­­րէնու­­­թեան կող­­­մէ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած Վոս­­­փո­­­­­­­րի նա­­­ւու պտոյ­­­տը եւ մեր միաս­­­նա­­­­­­­բար պատ­­­րաստած հան­­­դէ­­­­­­­սը, որոնց ըն­­­թացքին շատ զո­­­ւար­­­ճա­­­­­­­ցայ եւ յու­­­զումնա­­­լից պա­­­հեր ապ­­­րե­­­­­­­ցայ։ Վա­­­լերա­­­յի մեկ­­­նումէն ետք մեր կա­­­պը չխզո­­­ւեցաւ եւ հե­­­ռաձայ­­­նով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցինք մեր ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը։

Իսկ Տա­­­տեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րուս եւ ըն­­­կերնե­­­րուս հետ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մեր փո­­­խայ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան ըն­­­թացքին զգա­­­ցի մեծ խանդ ու եռանդ՝ երբ դար­­­ձեալ միացայ իմ հայ­­­րե­­­­­­­նիքի քոյ­­­րե­­­­­­­րուս եւ եղ­­­բայրնե­­­րուս։ Ին­­­ծի հա­­­մար մեծ հա­­­ճոյք եղան Կաս­­­կա­­­­­­­տի բար­­­ձունքէն հայ­­­րե­­­­­­­նիքս դի­­­տել, հրա­­­պարա­­­կի ջրաղ­­­բիւրի երաժշտու­­­թեան ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցիլ, փո­­­ղոցի վճիտ ջու­­­րե­­­­­­­րը ըմ­­­պել, վսե­­­մաշուք Արա­­­րատ լե­­­րան փա­­­ռաւոր կե­­­ցուած­­­քը վա­­­յելել եւ մեր պատ­­­մա­­­­­­­կան ու տե­­­սար­­­ժան ինչ ինչ վայ­­­րե­­­­­­­րը այ­­­ցե­­­­­­­լել եւ Մայր Տա­­­ճար Էջ­­­միած­­­նի մէջ աղօ­­­թել...։

Իմ ամե­­­նամեծ երազս այն է, որ աշ­­­խարհաց­­­րիւ բո­­­լոր հա­­­յերը օր մը միանան մեր դրախ­­­տա­­­­­­­վայր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ։ Կեց­­­ցէ՛ իմ հայրենիք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ