ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ
Հեղինակը անյայտ ոճիրներու զոհ գացած լրագրողներու հարազատները 5 Սեպտեմբեր Չորեքշաբթի օր, «Մետիայի եւ իրաւաբանութեան ուսումնասիրութիւններու միութիւն»ի կողմէ քաղաքիս Շուետական հիւպատոսարանի մէջ կազմակերպուած ասուլիսով մը մէկտեղուեցան։ Ասուլիսի խորագիրն էր՝ «Լրագրողներու ոճիրներուն անպատժելիութեան դէմ պայքար»։ Նախորդ տարի Հոկտեմբեր ամսուն ինքնաշարժին տեղադրուած ռումբով մը սպաննուած մալթացի լրագրող Դափնէ Քարուանա Կալիզիայի որդին Մեթյու Քարուանա Կալիզիա մասնակցած էր այս ասուլիսին, ուր հանդիպեցաւ Ուղուր Մումճուի, Հրանդ Տինքի, Մուսա Անթեր եւ Մեթին Կէօքթեփէի ընտանիքներուն հետ։ «Մեր հարազատները թէեւ սպաննուած են զանազան եղանակներով, բայց իրենց սպանութեան տանող ուղին եւ սպանութենէն ետք անպատժելինութիւնը ապահովող համակարգը նոյն գործօններով ընդացած է։ Այս առումով կը հաւատամ, թէ միասնական ճակատ մը գոյացնելը եւ արդարութեան համար միասնաբար գործելը շատ կարեւոր է» ըսաւ Մեթյու Քարուանա Կալիզիա։ Մ արդու իրաւունքներու պաշտպան մըն էր նաեւ, ան տակաւին 19 տարեկան հասակին մասնակցած բողոքի ցոյցի մը պատճառաւ բերման ենթարկուած էր Դափնէ Քարուանա Կալիզիա։ Մալթայի մէջ սիւնակագիրներ միշտ ծածկանուն գործածած են։ Դափնէ առաջինն էր, որ իր յօդուածները կը ստորագրէր առանց ծածկանունի։ Ան բացայայտած էր բազմաթիւ զեղծարարութիւններ, որոնց հետեւանքով ալ թիրախը դարձած էր յանցագործ աշխարհին։