Նոյն խաւարին զոհերը մէկտեղուած

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ

 

Հեղինակը անյայտ ոճիրներու զոհ գացած լրագ­րողնե­րու հա­րազատ­նե­րը 5 Սեպ­տեմբեր Չո­րեք­շաբթի օր, «Մե­տիայի եւ իրա­ւաբա­նու­թեան ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու միու­թիւն»ի կող­մէ քա­ղաքիս Շո­ւետա­կան հիւ­պա­տոսա­րանի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ասու­լի­սով մը մէկ­տե­ղուե­ցան։ Ասու­լի­սի խո­րագիրն էր՝ «Լրագ­րողնե­րու ոճիր­նե­րուն ան­պատժե­լիու­թեան դէմ պայ­քար»։ Նա­խորդ տա­րի Հոկ­տեմբեր ամ­սուն ինքնա­շար­ժին տե­ղադ­րո­ւած ռումբով մը սպան­նո­ւած մալ­թա­ցի լրագ­րող Դափ­նէ Քա­րուա­նա Կա­լիզիայի որ­դին Մեթ­յու Քա­րուա­նա Կա­լիզիա մաս­նակցած էր այս ասու­լի­սին, ուր հան­դի­պեցաւ Ու­ղուր Մումճո­ւի, Հրանդ Տին­քի, Մու­սա Ան­թեր եւ Մե­թին Կէօք­թե­փէի ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ։ «Մեր հա­րազատ­նե­րը թէեւ սպան­նո­ւած են զա­նազան եղա­նակ­նե­րով, բայց իրենց սպա­նու­թեան տա­նող ու­ղին եւ սպա­նու­թե­նէն ետք ան­պատժե­լինու­թիւնը ապա­հովող հա­մակար­գը նոյն գոր­ծօննե­րով ըն­դա­ցած է։ Այս առու­մով կը հա­ւատամ, թէ միաս­նա­կան ճա­կատ մը գո­յաց­նե­լը եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար միաս­նա­բար գոր­ծե­լը շատ կա­րեւոր է» ըսաւ Մեթյու Քարուանա Կալիզիա։ Մ ար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան մըն էր նաեւ, ան տա­կաւին 19 տա­րեկան հա­սակին մաս­նակցած բո­ղոքի ցոյ­ցի մը պատ­ճա­ռաւ բեր­ման են­թարկո­ւած էր Դափ­նէ Քա­րուա­նա Կա­լիզիա։ Մալ­թա­յի մէջ սիւ­նա­կագիր­ներ միշտ ծած­կա­նուն գոր­ծա­ծած են։ Դափ­նէ առա­ջինն էր, որ իր յօ­դուած­նե­րը կը ստորագրէր առանց ծածկանունի։ Ան բացայայտած էր բազմաթիւ զեղծարարութիւններ, որոնց հետեւանքով ալ թիրախը դարձած էր յանցագործ աշխարհին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ