Պատրիաքարանի երիտասարդական յանձնախումբը այցելեց «Ակօս»

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի երդիկին տակ վերջերս կազմուած խորհրդակցական մարմինէ ետք այժմ կազմուած է նաեւ երիտասարդական յանձնաժողով մը։ Յանձնաժողովը կը բաղկանայ 15 երիտասարդներէ, որոնք իրենց առաջին հանդիպումներէն արդէն որդեգրած են աշխատելու յատուկ ոճ մը։ Այդ ոճի համաձայն յանձնախումբի անդամները ծրագիրներ պիտի ներկայացնեն, որոնք պիտի մշակուին եւ պիտի գործադրուին միասնաբար։ Նորակազմ յանձնախումբի անդամները իրենց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ տալու նպատակաւ այցելեցին քաղաքիս հայկական թերթերը, որոնց կարգին նաեւ «Ակօս»։

Զրոյցի ընթացքին ակամայ յիշուեցաւ եւ օրակարգի եկաւ Մեսրոպ Պատրիարքի ջանքերով կեանքի կոչուած «Երիտ» խումբը։ Այդ խումբը, որ ընդհանրապէս կը գործէր Պատրիարք սրբազանի առաջարկներու հիման վրայ, Պատրիարքի հիւանդութենէն միջոց մը ետք դադրեցուց իր աշխատութիւնը։ Իսկ նոր նախաձեռնութեան գործադրիչները մտադիր են ծրագիրներ մշակել եւ անոնք կեանքի կոչելով ընդանալու։

Ընդհանրապէս սխալ ախտաճանաչումներու զոհ գացած խնդիր մըն է երիտասարդներու հոգերը եւ յուսանք, որ այս նոր կազմը յաջողի աւելի ճշգրիտ ախտաճանաչում ունենալու եւ ըստ այնմ լուծումներ գոյացնելու մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ