Հարցաքննութիւնը ընդլայնելու առաջարկը մերժուած

Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի աւելի քան 11 տարիներէ ի վեր։ Վերջերս Իսթանպուլի 12-րդ Հաշտարար ատեանը մերժեց Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպաններուն դատի թղթածրարը ընդլայնելու առաջարկը։ Այս մերժումով դատավարութենէ զերծ մնացին Իսթանպուլի նախկին ոստիկան զօրաց հրամանատար Իւնալ Գարաօսմանօղլու եւ ոստիկան զօրաց այլ 12 պաշտօնեաներ։ Հրանդ Տինքի ոճիրի հիմնական դատավարութիւնը կը շարունակուի Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ ատեանի մէջ։

Հերթական այս դատավարութիւնը պիտի կայանայ յառաջիկայ շաբաթ 24-25- 27 եւ 28 Սեպտեմբեր թուականներուն։ Այս նիստերուն դատակազմը դարձեալ պիտի դիմէ մեղադրեալներու պատասխաններուն։ Իսկ ընտանիքի իրաւապաշտպանները կը պատրաստուին առարկել 12-րդ Հաշտարար ատեանի մերժումի որոշումին դէմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ