Արծրունի Ս. Սահակ, Ս. Համազասպ եւ Մերուժան իշխանների պատմութիւնը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Վարագայ Ս. Խաչին յա­­ջոր­­դող հինգշաբ­­թի օրը՝ այս տա­­րի Հոկ­­տեմբե­­րի 4-ին, հա­­յոց եկե­­ղեցին կը յի­­շատա­­կէ Ս. Սա­­հակ եւ Ս. Հա­­մազասպ Արծրու­­նի իշ­­խաննե­­րին։

Հա­­մազաս­­պը, Սա­­հակը եւ Մե­­րու­­ժա­­­նը Արծրու­­նեաց տոհ­­մէն կը սե­­րէին, զա­­ւակ­­ներն էին Գա­­գիկ Արծրու­­նու, աւա­­գը Հա­­մազասպն էր, կրտսե­­րը՝ Մե­­րու­­ժա­­­նը։ Յայտնի է, որ Արծրու­­նի­­­ները Վաս­­պուրա­­կանը կը տնօ­­րինէին։

8-րդ դարն էր։ Բիւ­­զանդիայում կը գա­­հակա­­լէր Կոս­­տանդին կայսրը, իսկ Հա­­յաս­­տա­­­նում Արա­­բական խա­­լիֆա­­յու­­թիւնը կը սաստկաց­­նէր հա­­լածանքնե­­րը քրիս­­տո­­­նեանե­­րու դէմ։

750 թո­­ւակա­­նին Ապուլ Ապա­­սը՝ Ապ­­պա­­­սեան ար­­քա­­­յատոհ­­մի հիմ­­նա­­­դիրը, գա­­հըն­­կէց կ՚ընէ Օմա­­նեան վեր­­ջին խա­­լիֆ Մրվա­­նին։

Ապ­­պա­­­սեան­­նե­­­րը, ձգտե­­լով վե­­րաց­­նել Օմա­­նեան­­նե­­­րու օրօք հայ նա­­խարար­­նե­­­րուն տրո­­ւած ար­­տօ­­­նու­­թիւննե­­րը, կը բարձրաց­­նեն հար­­կե­­­րը, խա­­լիֆի նոր հրա­­մանով հայ­­կա­­­կան հե­­ծելա­­զօրի աշ­­խա­­­տավար­­ձը կը պար­­տա­­­ւորեց­­նեն վճա­­րել հայ նա­­խարար­­նե­­­րին, մինչդեռ նախ­­կի­­­նում խա­­լիֆա­­յու­­թիւնը կը վճա­­րէր։

Ար­­մի­­­նիայի նոր փո­­խար­­քայ Ապու Ճա­­ֆարը աւեր ու կո­­ղոպուտ կը ձեռ­­նարկէ ողջ երկրով մէկ՝ պա­­հան­­ջե­­­լով մու­­ծել նա­­խորդ տա­­րինե­­րի չմու­­ծո­­­ւած հար­­կե­­­րը։ Իսկ երբ Տրդատ Վա­­նան­­դե­­­ցի կա­­թողի­­կոսն ու Սմբատ Բագ­­րա­­­տու­­նին կը դի­­մեն Ար­­մի­­­նիայի ոս­­տի­­­կանին՝ հար­­կե­­­րը թե­­թեւաց­­նե­­­լու հա­­մար, Հա­­սան ոս­­տի­­­կանը ընդդի­­մանա­­լով օգ­­նութեան կը կան­­չէ արա­­բական զօ­­րամիաւո­­րումնե­­րը։

Սկիզբ կ՚առ­­նէ նա­­խարա­­րական ապստամ­­բութիւն, որը շու­­տով կը վե­­րաճէ հա­­մաժո­­ղովրդա­­կանի։ Ապստամ­­բութեան գլուխ կը կանգնեն Մա­­միկո­­նեան­­նե­­­րը։ Ոտ­­քի կ՚ել­­նի նաեւ Հա­­րաւա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի իշ­­խաննե­­րի մի մա­­սը. այդ թւում՝ Արծրու­­նի­­­ները։

Սա­­կայն Աշոտ Բագ­­րա­­­տու­­նու զգու­­շա­­­ւոր քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնն ու չապստամ­­բե­­­լու յոր­­դորնե­­րը ետ պա­­հեցին մի շարք նա­­խարար­­նե­­­րի եւ ի տար­­բե­­­րու­­թիւն Այ­­րա­­­րատում ապաս­­տա­­­նած Մա­­միկո­­նեան­­նե­­­րի միաս­­նութեան, այստեղ նա­­խարար­­նե­­­րը կը գոր­­ծէին ան­­ջատ։

Արծրու­­նի իշ­­խաններ Հա­­մազասպն ու Սա­­հակը կը գլխա­­ւորեն ապստամ­­բութիւ­­նը իրենց տի­­րոյթնե­­րում։

451 թո­­ւակա­­նէ ետք առա­­ջին այսքան մեծ ապստամ­­բութեան չա­­փազանց հե­­տաքրքիր դրո­­ւագ­­նե­­­րու պատ­­մութիւ­­նը թող­­նե­­­լով յա­­ջորդ գրո­­ւածքնե­­րու նիւթ, ասենք միայն, որ ապստամ­­բութիւնն ի վեր­­ջոյ կը ճնշո­­ւի արաբ­­նե­­­րու 30 հա­­զարա­­նոց զօր­­քի օգ­­նութեամբ եւ Բագ­­րա­­­տու­­նի­­­ների եր­­կա­­­կի քա­­ղաքա­­կանու­­թեան օժան­­դա­­­կու­­թեամբ՝ իր հետ տա­­նելով հայ նա­­խարա­­րական հին տոհ­­մե­­­րի քա­­ջասիրտ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րի կեան­­քը եւ տեղ բա­­ցելով Բագ­­րա­­­տու­­նի­­­ների վե­­րել­­քի հա­­մար։

Մա­­միկո­­նեան­­նե­­­րու մի մա­­սը կը հե­­ռանայ Բիւ­­զանդիա եւ Վրաս­­տան, իսկ ապստամ­­բութեան պա­­րագ­­լուխ Մու­­շեղ Մա­­միկո­­նեանը իր ըն­­տա­­­նիքի հետ միասին կ՚ապաս­­տա­­­նէ Արծրու­­նեաց Վաս­­պուրա­­կանում։

785 թ.-ին արաբ­­նե­­­րը Ար­­մի­­­նիայի նոր ոս­­տի­­­կան կը նշա­­նակեն Խազմ անու­­նով մէ­­կին։ Վեր­­ջինս խա­­բեու­­թեամբ Դվին կը հրա­­ւիրէ հայ նա­­խարար­­նե­­­րին եւ ան­­մի­­­ջապէս ձեր­­բա­­­կալե­­լով՝ չա­­րաչար տան­­ջանքնե­­րի կ՚են­­թարկէ նրանց։

Ձեր­­բա­­­կալո­­ւած նա­­խարար­­նե­­­րի մէջ էին նաեւ Արծրու­­նի իշ­­խաննե­­րը։ Մե­­րու­­ժան Արծրու­­նին, ստեղ­­ծո­­­ւած իրադ­­րութիւ­­նը փո­­խելու հա­­մար, գու­­ցէ թէ ար­­տա­­­քուստ, մահ­­մե­­­տակա­­նու­­թիւն կ՚ըն­­դունի։

Սա­­կայն Մե­­րու­­ժա­­­նը արաբ­­նե­­­րին իր նո­­ւիրո­­ւածու­­թիւնը ապա­­ցու­­ցե­­­լու հա­­մար սպա­­նել կու տայ Մու­­շեղ Մա­­միկո­­նեանի եր­­կու որ­­դի­­­ներուն։ Տունդար­­ձի ճա­­նապար­­հին Դա­­ւիթ Մա­­միկո­­նեանը կը սպա­­նէ Մե­­րու­­ժա­­­նին եւ նրան ու­­ղեկցող արաբ­­նե­­­րուն։

Հա­­մազասպն ու Սա­­հակը եր­­կար տան­­ջանքնե­­րէ ետ­­քը կը նա­­հատա­­կուեն՝ դա­­սուե­­լով հա­­յոց եկե­­ղեցու սրբե­­րի շար­­քը։ Նրանց աճիւննե­­րը կ՚այ­­րեն եւ մո­­խիրը կը ցրեն երկրով մէկ, որ­­պէսզի պա­­տուե­­լու տեղ չու­­նենան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ