Մերժուեցաւ ազատ արձակման պահանջները

Նախորդ երկուշաբթի մեկնարկող Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը շարունակուեցաւ 14-րդ Եղեռնադատ ատեանի մէջ։ Ձերբակալուած ամբաստանեալներ՝ «ՖՕՔՍ Թվ» լուրերու բաժնի տնօրէն Էրճան Կիւն, նախկին Ոստիկանական լրաքաղութեան բաժնի աշխատակից Ալի Ֆուաթ Եըլմազէր, նոյն բաժնի տնօրէն Ռամազան Աքեիւրէք, Ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան Լրաքաղութեան բաժնի աշխատակից Եաւուզ Քարաքայա, Մուհարրէմ Տեմիրքալէ եւ նախկին զօրավար Համզա Ճերեփօղլու իրենց բանտարկուած բանտէն տեսալսողական դրութեամբ մասնակցեցան դատավարութեան։ Ամբաստանեալները պահանջեցին ազատ արձակուիլ, բայց այդ դիմումները մերժուեցան դատակազմի կողմէ։

Դատակազմը հինգշաբթի օր հարցաքննած էր փախստական դիրքի մէջ ըլլալով հանդերձ երկիր վերադառնալով դատարանին ներկայացած Նիազի Մալքոչը։ Ան հարցաքննութեան ընթացքին յայտնած էր, թէ ինք կապ մը չէ ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ եւ պահանջած էր, որ վերցուի իր դէմ դրուած երկրէ դուրս ելլալու մասին արգելքը։ Դատարանը այդ ուղղութեամբ ալ որոշում կայացուց եւ վերացուց ամբաստանեալի երկրի հեռանալու դէմ նախապէս իր կողմէ վճռուած որոշումը։ Յաջորդ դատական նիստերը պիտի կայանան 18,19 եւ 20 Դեկտեմբեր թուականներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ