«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 38-րդ Հատորին Շնորհանդէսը

Հայաստանի սովետական սոցիալիստական հանրապետութեան գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակած «Պատմաբանասիրական հանդէս» պարբերականէ ետք հայ աշխարհի այս ծիրէն ներս կարեւորագոյն հրատարակութիւնն է «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ը։ Քառորդ դարի հասնող անցեալին մէջ հանդէսը իր էջերուն պարփակեց հայոց պատմութեան, լեզուի, գրականութեան, փիլիսոփայութեան բազմաթիւ յօդուածներ։ Վերջերս համացանցով հասնող տեղեկագրութեան մը միջոցաւ վերահասու եղանք հանդէսի 38-րդ հատորին հրատարակման առթիւ կազմակերպուած շնորհանդէսին։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք թղթակցութեան պատճէնը իր ամբողջութեամբ։

ՀՈՒՐԻ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

 

Աւելի քան քառորդ դարու ամէնա­­­մեայ աւան­­­դութեան վե­­­րածո­­­ւած, «Հայ­­­կա­­­­­­­զեան Հա­­­յագի­­­տական Հան­­­դէս»ի ան­­­խա­­­­­­­փան լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յու­­­մը աներ­­­կը բայ վկա­­­յու­­­թիւնն է Հայ­­­կա­­­­­­­զեան Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի ու­­­նե­­­­­­­ցած դե­­­րին եւ յանձնա­­­ռու­­­թեան՝ հայ դպրու­­­թեան սա­­­տարե­­­լու ընդհա­­­նուր ճի­­­գերուն։

«Հայ­­­կա­­­­­­­զեան Հա­­­յագի­­­տական Հան­­­դէս»ին 38-րդ հա­­­տորին շնոր­­­հանդէ­­­սը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ 3 Հոկ­­­տեմբեր 2018-ի երե­­­կոյեան ժա­­­մը 7։00ին, Հայ­­­կա­­­­­­­զեան Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի հան­­­դի­­­­­­­սաս­­­րա­­­­­­­հին մէջ։ Ներ­­­կայ էին Մեր­­­ձա­­­­­­­ւոր Արե­­­ւել­­­քի Հայ Աւե­­­տարա­­­նական Եկե­­­ղեցի­­­ներու Միու­­­թեան նա­­­խագահ վեր. Մկրտիչ Գա­­­րակէօզեան, Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի նա­­­խագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայ­­­տօսթեան, Լի­­­բանա­­­նի մէջ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ար­­­տա­­­­­­­կարգ եւ լիազօր դես­­­պան պրն. Սա­­­մուէլ Մկրտչեան եւ հա­­­մայնքի հետ կա­­­պերու կցորդ դոկտ. Վլա­­­դիմիր Պօ­­­ղոսեան, Լի­­­բանա­­­նի հա­­­յոց առաջ­­­նորդ Նա­­­րեկ արք. Ալէեմէ­­­զեանի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Տէր Մկրտիչ քա­­­հանայ Քէ­­­շիշեան, Սու­­­րիոյ հայ աւե­­­տարա­­­նական հա­­­մայնքա­­­պետ Վեր. Յ. Սե­­­լիմեան, Հե­­­թում վրդ. Տաղ­­­լեան, լի­­­բանա­­­նահայ երեք օրա­­­թեր­­­թե­­­­­­­րու եւ հա­­­մացան­­­ցի լրա­­­տուա­­­կան սպա­­­սար­­­կութեան պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու խմբա­­­գիր­­­ներ, կրթա­­­կան ու մամ­­­լոյ մշակ­­­ներ եւ բա­­­րեկամ­­­ներ։

Բաց­­­ման խօս­­­քով հան­­­դէս եկաւ Հան­­­դէ­­­­­­­սի խմբա­­­գիր, Հայ Աւետ. Քո­­­լէճի տնօ­­­րէն Դոկտ. Ար­­­մէն Իւրնէշ­­­լեան։ Բա­­­րի գա­­­լուստի խօս­­­քե­­­­­­­րէն ետք, ան ար­­­ժե­­­­­­­ւորեց եր­­­ջանկա­­­յիշա­­­տակ Հայր Անդրա­­­նիկ ծայ­­­րա­­­­­­­գոյն վար­­­դա­­­­­­­պետ Կռա­­­նեանի 27 տա­­­րինե­­­րու ծա­­­ռայու­­­թիւնը Հան­­­դէ­­­­­­­սին՝ իբ­­­րեւ խմբագ­­­րա­­­­­­­պետ։ Իւրնէշ­­­լեան ընդգծեց, որ «Տա­­­րի մը ան­­­ցաւ ար­­­դէն, եւ աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը չկա­­­ղացին, Հան­­­դէ­­­­­­­սին որա­­­կը չտու­­­ժեց, կազ­­­մը հա­­­մերաշխ գոր­­­ծեց։ Կը նշա­­­նակէ, որ վար­­­դա­­­­­­­պետը իս­­­կա­­­­­­­պէ՛ս կրցած էր ոչ միայն գլխա­­­ւորել, այ­­­լեւ՝ ձե­­­ւաւո­­­րել աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քա­­­­­­­յին կազմ մը, որ առանց իրեն, բայց ի՛ր սկզբունքնե­­­րով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը. փաս­­­տը՝ այս հա­­­տորը»։ Ապա ան ներ­­­կա­­­­­­­յացուց հա­­­տորին բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնը, նշե­­­լով որ ան կը բաղ­­­կա­­­­­­­նայ 40 յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րէ, հրա­­­պարա­­­կումնե­­­րէ, քննար­­­կումնե­­­րէ ու հա­­­ղոր­­­դումնե­­­րէ, ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նե­­­­­­­լով թէ քա­­­նի յօ­­­դուած կ՛անդրա­­­դառ­­­նար հա­­­յագի­­­տու­­­թեան իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր բնա­­­գաւա­­­ռի։ Անդրա­­­դառ­­­նա­­­­­­­լով հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րուն, Դոկտ. Իւրնէշ­­­լեան մատ­­­նանշեց, որ ի հե­­­ճուկս հա­­­յագի­­­տու­­­թեան հան­­­դէպ առ­­­կայ պար­­­տո­­­­­­­ւողա­­­կան կար­­­ծիքնե­­­րու, Հան­­­դէ­­­­­­­սին 38-րդ այս հա­­­տորին մէջ 40էն նո­­­ւազ տա­­­րիքի հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րուն թի­­­ւը կը կազ­­­մէ 13։ Հուսկ, ան եզ­­­րա­­­­­­­փակեց իր խօս­­­քը հա­­­ւաս­­­տե­­­­­­­լով, թէ՝ «հա­­­կառակ մեզ շրջա­­­պատող զա­­­նազան ժխտա­­­կան երե­­­ւոյթնե­­­րու եւ յու­­­սա­­­­­­­հատու­­­թեան մղող ազ­­­դակնե­­­րու, Հան­­­դէ­­­­­­­սը պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր եր­­­թը նոյն յանձնա­­­ռու­­­թեամբ, շնոր­­­հիւ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան նե­­­ցու­­­կին ու օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան»։

Ապա ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ Հան­­­դէ­­­­­­­սի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու խմբա­­­գիր Դոկտ. Անդրա­­­նիկ Տա­­­գէսեան։ Ան շեշ­­­տեց, թէ «հայ իրա­­­կանու­­­թեան եռե­­­ւեփող առօ­­­րեային կշռու­­­թա­­­­­­­ւոր դար­­­ձած ան­­­կա­­­­­­­յու­­­նութեան մէջ», «Հայ­­­կա­­­­­­­զեան Հա­­­յագի­­­տական Հան­­­դէս»ը, լի­­­բանա­­­նահայ մա­­­մու­­­լը, կի­­­րակ­­­նօ­­­­­­­րեայ պա­­­տարագն ու պաշ­­­տա­­­­­­­մունքը եւ մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րը ու­­­նին կշռու­­­թա­­­­­­­ւոր եւ կա­­­յուն ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւն։ Ան նշե­­­լով, որ «հա­­­մաշ­­­խարհայ­­­նա­­­­­­­ցած մեծ պաս­­­տա­­­­­­­ռին դի­­­մաց, մեզ­­­մէ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը իբ­­­րեւ ան­­­հատ, յա­­­ճախ ալ իբ­­­րեւ փոք­­­րա­­­­­­­թիւ ազգ՝ մենք զմեզ փոք­­­րուկ կը զգանք», ընդգծեց, որ «չենք անդրա­­­դառ­­­նար, թէ մեզ­­­մէ դուրս գտնո­­­ւող այդ մեծ ամ­­­բողջու­­­թիւնը կազ­­­մող հա­­­մապատ­­­կե­­­­­­­րը ինքնին բաղ­­­կա­­­­­­­ցած է փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րէ»։

Դոկտ. Տա­­­գէսեան շեշ­­­տեց, որ Հան­­­դէ­­­­­­­սը պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ քննա­­­կանօ­­­րէն մօ­­­տենալ իր առա­­­քելու­­­թեան, «ար­­­ժե­­­­­­­ւորե­­­լով իր իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր նո­­­րածի­­­նը, ձգտե­­­լով աւե­­­լի լա­­­ւին ու ար­­­դիւնա­­­ւէտին, գե­­­րազան­­­ցե­­­­­­­լով ինքզինք»։

Եզ­­­րա­­­­­­­փակե­­­լով իր խօս­­­քը, Դոկտ. Տա­­­գէսեան յայտնեց, որ «այ­­­սօր շուրջ յիս­­­նա­­­­­­­մեայ իր եր­­­թի հզօր տա­­­րիքին հա­­­սած Հան­­­դէ­­­­­­­սը, կո­­­փուած տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու իր ար­­­դիւնքով, ջրդե­­­ղուած իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թեամբ, ներ­­­դաշնա­­­կուած իր երէց, մի­­­ջին ու կրտսեր սե­­­րունդնե­­­րու աշ­­­խա­­­­­­­տակից­­­նե­­­­­­­րու հե­­­տազօ­­­տու­­­թիւննե­­­րով, առա­­­ւել ամ­­­րա­­­­­­­ցած իր նո­­­րամուտ խմբա­­­գիր Տիկ. Սիլ­­­վա Փա­­­փազեանով, թի­­­կունքա­­­ւորո­­­ւած Հան­­­դէ­­­­­­­սի ձեռ­­­նարկնե­­­րուն ներ­­­կայ գտնո­­­ւող գի­­­տակից բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րով, ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս իր աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցին մէջ եւ շուրջ ծա­­­ւալած հա­­­ղոր­­­դա­­­­­­­կանու­­­թեամբ, առողջ ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեամբ ու հա­­­մախո­­­հական տրա­­­մադ­­­րութիւննե­­­րով յա­­­ռաջա­­­ցու­­­ցած է հա­­­մանո­­­ւագ մը, որ իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ կո­­­հակ­­­ներ կ՚ար­­­ձա­­­­­­­կէ հայ մի­­­ջավայ­­­րին։ Հան­­­դէ­­­­­­­սը դեռ եր­­­կար տա­­­րիներ պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ հայր Կռա­­­նեանին եւ այս խմբա­­­կին ու հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի նա­­­խագա­­­հու­­­թեան կող­­­մէ խմո­­­րուած ու մշա­­­կուած իւ­­­րօ­­­­­­­րինակ թարմ լա­­­ւաշ մա­­­տու­­­ցա­­­­­­­նել հա­­­յու­­­թեան եւ գի­­­տու­­­թեան»։

Շնոր­­­հանդէ­­­սին իր սրտի խօս­­­քը փո­­­խան­­­ցեց դես­­­պան Պրն. Սա­­­մուէլ Մկրտչեան։ Մե­­­ծար­­­գոյ դես­­­պա­­­­­­­նը ող­­­ջունե­­­լով Հան­­­դէ­­­­­­­սին հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնը, յայտնեց, թէ հա­­­տորը ծան­­­րակշիռ է իր հա­­­րուստ բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեամբ, որով հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւն կը յա­­­ռաջա­­­նայ ծա­­­նօթա­­­նալու հայ ժո­­­ղովուրդի մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին, պատ­­­մա­­­­­­­կան, գրա­­­կան եւ ազ­­­գագրա­­­կան երե­­­սակ­­­նե­­­­­­­րու։ Ան յոյս յայտնեց, որ Սփիւռքի մէջ իր նմա­­­նը չու­­­նե­­­­­­­ցող «Հայ­­­կա­­­­­­­զեան Հա­­­յագի­­­տական Հան­­­դէս»ը «մեզ պի­­­տի ու­­­րա­­­­­­­խաց­­­նէ, լու­­­սա­­­­­­­ւորէ եւ մտո­­­րումնե­­­րու առիթ հան­­­դի­­­­­­­սանայ դեռ եր­­­կար տա­­­րիներ», եւ մաղ­­­թեց որ Հան­­­դէ­­­­­­­սը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր առա­­­քելու­­­թիւնը նո՛յն ոգիով եւ նո՛յն նո­­­ւիրու­­­մով։

Շնոր­­­հանդէ­­­սի եզ­­­րա­­­­­­­փակ­­­ման իր խօս­­­քը փո­­­խան­­­ցեց վե­­­րապա­­­տուե­­­լի Հայ­­­տօսթեան, որ հան­­­դի­­­­­­­սու­­­թիւնը բնու­­­թագրեց հե­­­տեւեալ խօս­­­քե­­­­­­­րով. «Այսպի­­­սի հան­­­դի­­­­­­­սու­­­թեան մէջ դեր չու­­­նին հրա­­­վառու­­­թիւնն ու ար­­­տա­­­­­­­քին պեր­­­ճանքը, բազ­­­մութիւններն ու դահ­­­լիճնե­­­րու փայլքը։ Հու­­­րի զօ­­­րու­­­թիւնը գրի­­­չին մէջ է, պեր­­­ճանքը՝ մտքի պայ­­­ծա­­­­­­­ռու­­­թեան, բազ­­­մութիւ­­­նը՝ նիւ­­­թե­­­­­­­րու խոր­­­քին զա­­­նազա­­­նու­­­թեան, իսկ փայլքը՝ հո­­­գիի ան­­­կեղծու­­­թեան եւ անոր տար­­­րա­­­­­­­կան պար­­­զութեան մէջ»։

Վեր. Հայ­­­տօսթեան բարձր գնա­­­հատե­­­լով հա­­­յագի­­­տական բնա­­­գաւա­­­ռին մէջ գոր­­­ծող մշակ­­­նե­­­­­­­րը, ըսաւ. «Հա­­­յագի­­­տու­­­թեան նո­­­ւիրա­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի լծո­­­ւած ան­­­ձեր, նա­­­մանա­­­ւանդ Սփիւռքի մէջ, յա­­­ճախ կը զգան թէ ար­­­տադրո­­­ղակա­­­նու­­­թեան կող­­­քին կայ թան­­­կարժէք բան մը պա­­­հելու, պահ­­­պա­­­­­­­նելու եւ տա­­­կաւին տա­­­րածե­­­լու լուրջ առա­­­քելու­­­թիւնը։ Ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս նա­­­խան­­­ձե­­­­­­­լի չեն այն աս­­­պա­­­­­­­րէզ­­­նե­­­­­­­րը ուր մշա­­­կը պէտք է գոր­­­ծէ վայ­­­րընթա­­­ցի մթնո­­­լոր­­­տի կամ վտան­­­գո­­­­­­­ւածի հո­­­գեբա­­­նու­­­թեամբ, եւ փո­­­խանակ մշա­­­կու­­­թիւն եւ յա­­­ռաջըն­­­թաց կա­­­տարե­­­լու յա­­­մառօ­­­րէն խա­­­ղայ կղզիացած կա­­­լուա­­­ծի տնտե­­­սի դե­­­րը»։ Վեր. Հայ­­­տօսթեան 1970է-ն ի վեր «Հայ­­­կա­­­­­­­զեան Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի Հան­­­դէս»ին իւ­­­րա­­­­­­­յատ­­­կութեան ու դե­­­րին անդրա­­­դարձ կա­­­տարե­­­լէ ետք ապա­­­գայի ծրագ­­­րե­­­­­­­րու եւ յանձնա­­­ռու­­­թեանց առու­­­մով մատ­­­նանշեց հե­­­տեւեալ շարք մը կէ­­­տերը.-

- Հա­­­յագի­­­տու­­­թիւնը դի­­­տել որ­­­պէս ապա­­­գայի գի­­­տու­­­թիւն, զար­­­գա­­­­­­­ցող, ու այլ գի­­­տու­­­թիւննե­­­րու հետ քայլ պա­­­հող, եւ այդ բո­­­լորը օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել ամուր հիմ­­­քեր գտնե­­­լով։

- Ապա­­­հովել երի­­­տասարդ սփիւռքա­­­հայ ու­­­սումնա­­­սիրող­­­նե­­­­­­­րու ներդրու­­­մը։

- Պահ­­­պա­­­­­­­նել գի­­­տական մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կը եւ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կաբար օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել ար­­­դի մե­­­թոտ­­­ներ, լա­­­ւագոյնս օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լով թո­­­ւային աշ­­­խարհի հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւննե­­­րը։

- Զար­­­գացնել հա­­­յագի­­­տական հան­­­դէսնե­­­րու եւ գի­­­տաշ­­­խա­­­­­­­տող­­­նե­­­­­­­րու եւ հա­­­յագի­­­տական կեդ­­­րոննե­­­րու մի­­­ջեւ գոր­­­ծակցու­­­թիւնը։

- Լե­­­զուա­­­կան թէ քե­­­րակա­­­նական հմտու­­­թիւննե­­­րու կո­­­րուստին զու­­­գա­­­­­­­հեռ գծել սահ­­­մաննե­­­րը ըն­­­դունե­­­լիին ու անըն­­­դունե­­­լիին։

- Հա­­­յագի­­­տու­­­թիւնը չվե­­­րածել գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թեան հար­­­թա­­­­­­­կի։

- Զա­­­նազան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու օգ­­­տա­­­­­­­գործման իրա­­­կանու­­­թեան մէջ չմոռ­­­նալ յա­­­տուկ կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը արեւմտա­­­հայե­­­րէնին։

Եզ­­­րա­­­­­­­փակե­­­լով իր խօս­­­քը, վե­­­րապա­­­տուե­­­լի Հայ­­­տօսթեան վե­­­րար­­­ժե­­­­­­­ւորեց տա­­­րի մը առաջ վախ­­­ճա­­­­­­­նած եր­­­ջանկա­­­յիշա­­­տակ հայր Անդրա­­­նիկ ծայ­­­րա­­­­­­­գոյն վար­­­դա­­­­­­­պետ Կռա­­­նեանը, եւ իր ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը յայտնեց, որ անոր շունչով բեղմնա­­­ւորո­­­ւած խմբագ­­­րա­­­­­­­կան կազ­­­մի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու խմբա­­­գիր նշա­­­նակո­­­ւած է Հան­­­դէ­­­­­­­սի եր­­­կար տա­­­րինե­­­րու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու քար­­­տուղար՝ Դոկտ. Անդրա­­­նիկ Տա­­­գէսեանը։

Հուսկ, Վեր. Հայ­­­տօսթեան շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թեան խօսք ուղղեց ներ­­­կա­­­­­­­ներուն իրենց քա­­­ջալե­­­րական ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեան հա­­­մար։

Հան­­­դի­­­­­­­սու­­­թեան աւար­­­տին տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ աւան­­­դա­­­­­­­կան կար­­­կանդա­­­կի հա­­­տում եւ հիւ­­­րա­­­­­­­սիրու­­­թիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ