ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@gmail.com
Արեւմտահայ գրականութեան յետեղեռնեան շրջանի ամենաուշագրաւ դէմքերէն մէկուն՝ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի յիշատակը անցեալ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Պաղլարպաշըի Ս. Խաչ գերեզմանատան մէջ, իր շիրմի բարեզարդումին առթիւ։ Այսպէս, «Հայճար»ի յայտարարած նախագիծի մրցոյթի արդիւնքին ճարտարապետ Դաւիթ Այնալըի աշխատանքը ընտրուած էր յատկապէս կազմուած դատակազմին կողմէ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներուն հովանաւորութեամբ իրականացած ծրագրով ո՚չ միայն վերանորոգուեցաւ շիրիմը, այլեւ վերստին պատրաստուեցաւ բանաստեղծի կիսանդրին եւս՝ քանդակագործին Էրոլ Սարաֆեանի կողմէ։ Կիսանդրիի պատուանդանին տառերը, նախկինի նմանութեամբ պատրաստուած էին արուեստագէտ Մինաս Օֆլազի աշխատանքով։
Այս առթիւ կայացած ձեռնարկին ժամանակ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Տ. Յուսիկ քհնյ. Հերկելեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեցիկ դպրաց մասնակցութեամբ։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին «Հայճար»ի ատենապետ Գէորգ Էօզքարակէօզ եւ Հրաչ Քըրմըզեան։
Կ՚ուզեմ այստեղ ներկայացնել նաեւ այն ելոյթը, զոր ունեցայ շիրմի բացման առթիւ.
Զարիֆեանի կենսագրականը
«Մատթէոս Զարիֆեան ծնած է Կետիկփաշա, որպէս չորրորդ զաւակը բարեկեցիկ ընտանիքի մը, 4 Յունուար 1894-ին։ Բայց իր կեանքին մեծ մասը անցած է հոս, Սկիւտար։ Կ՚աշակերտի Իճատիէի ազգային վարժարանին, ապա՝ Պէրպէրեանին, որու հիմնադիրը թաղուած է քիչ անդին։ Դպրոցէն ստացած պատիժը արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ, կը լքէ զայն ու կ՚երթայ ուսումը շարունակելու Պարտիզակի Ամերիկեան քոլեճը։ Դեռ պատանի, կը մահանայ իր եղբայրը՝ Վահագնը, նոյնպէս թաղուած այս շիրմին մէջ։ Պարտիզակի Ամերիկեանէն ետք, զինք կը տեսնենք Պոլսոյ ամերիկեանին՝ Ռոպերթ քոլեճին մէջ։ Քաջատեղեակ է ֆրանսերէնին ու անգլերենէն։ Կը վերադառնայ Պէրպէրեան, հոն ալ կ՚աւարտէ իր ուսման ընթացքը։
Զարիֆեան հիանալի մարզիկ մըն էր նաեւ. Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած հայկական նաւասարդեան խաղերուն արժանացած էր առաջնութեան բազմաթիւ մրցանակներու։
1913-ին կը մեկնի գաւառ, կը դառնայ Ատանայի ազգային վարժարանի անգլերէնի ու մարմնամարզութեան ուսուցիչը։ Ստամոքսային հիւանդութեան մը պատճառով, նախքան տարեշրջանի աւարտը, կը հեռանայ պաշտօնէն ու կազդուրուելու համար կ՚երթայ Լիբանան։
Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կը զինուորագրուի։ Կարգապահական թերացումներու, ըմբոստ կեցուածքի ու փախուստի փորձերուն պատճառով կը դատուի զինուորական ատեանին կողմէ, ուրիշ հայ երիտասարդներուն հետ։ Աքսորի վճիռը ազդեցիկ միջամտութիւններու շնորհիւ կը փոխուի տաժանակիր աշխատանքի։
«Բեռի ահագին կառքեր կը քաշէի ընկերներուս հետ՝ անհոգ ժպտելով։ Ծեծեցին, անարգեցին, չարչարեցին.- օդէ, ջուրէ, սնունդէ զուրկ մնացի, ցուրտ տախտակներու վրայ անցուցի գիշերներս, շատ անգամ անքուն…», պիտի գրէր իր օրագրին մէջ, այդ թուականէն քանի մը տարի ետք։
Այդ աշխատանքէն ետք, միջոց մըն ալ հիւանդապահ կը դառնայ, զինուորական հիւանդանոցի մը մէջ։
Առաջին աշխարհամարտը կը բնորոշուի մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեամբ։ Զարիֆեան թէեւ ուղղակի ոչինչ գրած է, սակայն այդ տարիներու իր հոգեկան գալարումները, խելագարութեան մօտեցող նոպաները բացատրելի է արտաքին ազդակներով։ «Իր մռայլ խոկումները, իր ծարաւի՜ անձնտուութիւնը ալքոլի եւ թմրեցուցիչ թոյներու խաբուսիկ մխիթարանքին, բանդագուշական իր թափառումները ժամերով, անձնասպանութեան իր եռակի փորձերը, անդնդային իր անկումները բոլոր՝ պարտադրա՛նքն են իր առանցքէն դուրս նետուած ժամանակին, որ պահ մը դուրս նետեր էր նաեւ զինք, կեանքի բնականոն իր ծիրէն», ինչպէս կը գրէ բանաստեղծ Վահէ-Վահեան, յենլով Զարիֆեանի քրոջ՝ Սիրան-Սեզայի վկայութիւններուն, խիստ հաւանաբար։
Զինադադարին Զարիֆեան որպէս թարգման կը պաշտօնավարէ անգլիական բանակին մէջ։ Կը մասնակցի որբահաւաք առաքելութեան։ 1919-1921 կը պաշտօնավարէ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որպէս անգլերէնի ու մարմնամարզի ուսուցիչ։ Թոքախտի առաջին նշանները երեւան կու գան այդ տարիներուն։ Նոյն թուականին, 1921-ին լոյս կը տեսնէ իր առաջին գիրքը՝ «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ը, Շահան Պէրպէրեանի ներկայացմամբ եւ ձօնուած իր վաղամեռ եղբօր՝ Վահագնին։
«Սէր ու թոքախտ՝ նո՛յն կուրծքին տակ։ Աղուո՜ր հրդեհ է, չէ՞։ Բոցերը կը հասնի՞ն մինչեւ քեզի, Ա՚ստուած», կը գրէ այդ տարիներուն օրագրին մէջ ակնարկելով նաեւ նորաբողբոջ իր սիրոյն, Նոյեմիին։
Տարի մը անց, 1922-ին, կը հրատարակուի երկրորդ հատորը՝ «Կեանքի ու մահուան երգեր»՝ ձօնուած Շահան Պէրպէրեանին։ Թոքախտը յառաջացած է ալ։ Կ՚երթայ Մեծ կղզի, կազդուրիչ օդ ծծելու, բուժման համար։ Հոն ալ կը մեռնի 9 Ապրիլ 1924-ին, աւագ չորեքշաբթի մը։ Յուղարկաւորութիւնը՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Մեսրոպ Նարոյեանի նախագահութեամբ։
Որպէս կտակ կը փափաքի որ իր սիրելին շիրիմ բերէ «Կաթիլ մը արցո՜ւնք կամ շի՜ւղ մը լելակ… »։
Սկիւտարի շիրմին
պատմութիւնը
Քանի մը խօսք ալ ըսենք սա շիրիմին մասին։
Քըրմըզըեան եղբայրներուն բարերարութեամբ բարեզարդուած այս շիրիմին ճարտարապետն է Դաւիթ Այնալը։ Զարիֆեանի կիսանդրիին հեղինակն է պարոն Էրոլ Սարաֆեան։ Թերեւս յիշէք այս շիրմին հին վիճակը։ Այս նորը հինին բարեզարդեալն է։ Հինն ալ անշուշտ ունի իր պատմութիւնը։ Սիրելի պր. Սարաֆեանի վկայութեամբ, Զարիֆեանի շիրիմը կառուցուած է Հայկազ ու Սրբուհի Վարդանեան ամոլի բարերարութեամբ, 1970-ականներուն։ Պր. Սարաֆեանին տուած այս տեղեկութիւնը սկզբնապէս անհաւատալի թուաց։ Վարդանեանները ի՞նչ կապ կրնային ունենալ Զարիֆեանին հետ։ Յիշել պէտք է որ Վարդանեան ամոլը օրուան պոլսահայ մտաւորական խաւին անբաժանելի անդամը եղած է, ծնողքը՝ տաղանդաշատ թատերագիր հանգուցեալ Արման Վարդանեանի։ Քիչ մը պրպտելէ ետք գաղտնիքը պարզուեցաւ։ Ուրեմն, Սրբուհի Վարդանեան, ծնեալ Պարսեան, բնիկ սկիւտարցի, բարեկամն էր Զարիֆեանի առաջին սիրոյն՝ Սրբուհի Յակոբեանին, որուն ձօնուած է երկրորդ հատորին «Կապոյտ բոց» շարքը, որու մուտքի քառեակը փորագրուած շիրմին վրայ, ինչպէս կը տեսնէք։
Ունի հետեւեալ ձօնը՝ «Սրբուհիին՝ իրեն տուած տառապանքիս փոխարէն»։
Միշտ Սրբուհի Վարդանեանի վկայութեամբ, Մատթէոս ու Սրբուհի կը ծանօթանան 1915-ին, Ալեմտաղ։ «Բանաստեղծը երկար շրջան մը Սրբուհին ունեցած է իբրեւ ներշնչարան։ Կը թղթակցին։ Իսկ ամառները, Քնալը կղզիի երկու հեռաւոր ժայռերը իրենց սիրոյն լուռ ու խոհուն վկաները կ՚ըլլան»։ Երեք տարի ետք Զարիֆեան կը դադրեցնէ իր նամակները։ Սրբուհի կ՚ամուսնանայ 1919-ին, Հայկ Յովակիմեանին հետ։ Երկար ժամանակ կ՚ապրի Քնալը կղզի (բարեկամ էր Արմենուհի Թերզեանին, կղզիի մատրիարքին, ինչպէս կը կոչէր զինք Մեսրոպ սրբազանը), 1950-ականներուն ալ ընտանեօք կը գաղթեն Պուէնոս Այրես։ Կը մեռնի 1986-ին։ Արժwանթինահայ, այժմ ամերիկաբնակ բանասէր Վարդան Մատթէոսեան, որու գրառած յօդուածէն կը քաղեմ այս տեղեկութիւնները, անձամբ հանդիպած ու զրուցած է ալ այս տիկնոջ հետ։ Իր իսկ վկայութեամբ, կապոյտ աչքեր ունէր, այդ է գաղտնիքը բանաստեղծութեան վերնագրին՝ «Կապոյտ բոցը» եւ թերեւս նաեւ լելակներուն, զոր Զարիֆեան ուզած էր որ բերէ իրեն իր սիրելին։ 1974-ին Սրբուհի Պուէնոս Այրեսէն դրամ կ՚ուղարկէ Պոլիս, Սրբուհի Վարդանեանին, որպէսզի հոգեհանգիստ մը ընել տայ Զարիֆեանի մահուան յիսնամեակին առթիւ։ Յուզիչ է կարդալ հետեւեալը, Վարդանեանի փոխանցմամբ.
«-Մամա, միակ աղջիկն է որ սիրեցի, մէյ մը բերէք տեսնամ», ըսեր է մօրը պաղատագին, իր Մեծ կղզի անցուցած վերջին ամիսներուն, կը վկայէ Սրբուհի Վարդանեան։ Սակայն լուր չեն տուած, քանի որ ամուսնացած էր այլեւս։
Այս ալ այսպէս…
Վահագն Քիւփէլեանի խօսքը
Մատթէոս Զարիֆեանի քրոջ՝ գրագիտուհի Սիրան Սեզայի որդին՝ Վահագն Քիւփէլեան, ընդառաջելով մեր փափաքին ողջոյնի խօսք մը յղած էր շիրմի բացման մասնակիցներուն։ Կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Յարգելի Պրն. Սեւան Տէյիրմէնճեան եւ արուեստասէր հայրենակիցներ,
Ուրախութեամբ իմացանք թէ կը փափաքիք կատարել վաղամեռիկ քեռիիս բարեզարդեալ շիրիմին բացումը։ Անկեղծօրէն երախտապարտ ենք ձեր նախաձեռնութեան համար։ Մատթէոս Զարիֆեան իր կեանքի կարեւոր մէկ մասը անցուց Սկիւտարի մէջ եւ մենք կը հաւատանք որ այս տաղանդաւոր բանաստեղծին ոգին կը թեւածէ իր հարազատ վայրերու վրայ։
Դժբախտաբար ճակատագիրը զլացաւ եւ ես անձնապէս չճանչցայ քեռիս, բայց ան միշտ ներկայ եղած է մեր հոգւոյն եւ սրտին մէջ։ Մայրս՝ Սիրան Սեզա, մինչեւ վերջ ալ չկրցաւ հաշտուիլ իր տաղանդաշատ, վիպապաշտ ու ազնիւ եղբօր կորուստին հետ եւ ամէն կարելին ըրաւ, որպէսզի իր ժողովածուն հրատարակուի Պէյրութի մէջ։ Ճակատագրի ի՜նչ սեւ խաղ, բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան, որ վերապրեցաւ Ցեղասպանութեան կրակներուն մէջէն եւ կը գտնուէր իր բանաստեղծական արուեստի ծաղկման արշալոյսին, շուտ հեռացաւ այս աշխարհէն։
Գիշերներ կան ա՛յնպէս լոյս որ՝ կարծես թէ
Երկինքն ի վար կը կաթէ
Արծաթէ
Երգը հին
Այն անծանօթ աշխարհին,
Ուր կ՚ըսեն թէ աստուածները
կը խօսին...
Մատթէոս Զարիֆեան այդ աստուածներուն քովն է հիմա։
Շնորհակալութիւն կրկին անգամ ձեր շնորհակալ ձեռնարկին համար»։