Պատուարժան Խմբագրութիւն «Ակօս» Շաբաթաթերթի

Իսթանպուլ, 5 Հոկտեմբեր 2018

28 Սեպտեմբեր թուկիր «Ակօս»ի մէջ լոյս տեսած «Մենք ու Մերոնք» սիւնակի վրայ նիւթ առնուած էր Մխիթար Աբբահօր անունին Պոլսոյ նոյնանուն դպրոցներէ վերացման խնդիրը։ Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան այս մասին ղրկած է գրութիւն մը, որոշ թիւրիմացութիւնները վերացնելու համար։

Պատուարժան Խմբագրութիւն «Ակօս» Շաբաթաթերթի

Անցեալ Երկուշաբթի օր, Հոկտեմբերի 1-ին վերադառնալով Պեյրութէն, հե­­տաքրքրու­­թեամբ կար­­դա­­­ցի, ի մի­­ջի այ­­լոց, բա­­րեկամ Պր. Բագ­­րատ Էս­­թուքեանի գրու­­թիւնը՝ «Բա­­ցը գո­­ցես ին­­չի՞ կը ծա­­ռայէ» վեր­­նագրով։

Նախ եւ առաջ կ՚ու­­զեմ խնդակ­­ցիլ եւ շնոր­­հա­­­ւորել Պր. Էս­­թուքեանը Հայ դպրո­­ցին նկատ­­մամբ իր ցու­­ցա­­­բերած վառ եւ դրա­­կան հե­­տաքրքրու­­թեան հա­­մար։ Հայ դպրո­­ցը այն կռո­­ւանն է հայ հա­­մայնքին եւ ինքնու­­թեան՝ առանց որուն աւե­­լորդ է խօ­­սիլ մնա­­ցեալի մա­­սին։ Ի գին ամէն բա­­նի պէտք է պա­­հել, պահ­­պա­­­նել, մա­­նաւանդ զար­­գացնել հայ դպրո­­ցը, որու հա­­մար կա­­տարո­­ւած ամէն ներդրում ազ­­գա­­­յին պար­­տա­­­կանու­­թիւն է եւ ո՛չ շքե­­ղանք։ Այս ուղղու­­թեամբ մերթ յայտնո­­ւող վա­­րանումնե­­րը պէտք է վտա­­րել իբ­­րեւ չա­­րաբաս­­տիկ փոր­­ձութիւններ։ Մեր Տի­­րոջ խօս­­քը՝ «Զի՞նչ օգ­­տի­­­ցի մարդ, եթէ զաշ­­խարհ ամե­­նայն շա­­հես­­ցի եւ զանձն իւր տու­­ժեսցէ», կրնանք յա­­րասել Հայ վար­­ժա­­­րանին, ըսե­­լով՝ ի՞նչ պի­­տի օգ­­տո­­­ւի հա­­յու­­թիւնը, եթէ նոյ­­նիսկ մի­­լիոն­­ներ դի­­զէ, բայց իր լե­­զուն եւ մշա­­կոյ­­թը կորսնցնէ։

Այս հիմ­­նա­­­կան գնա­­հատան­­քիս կող­­քին, պի­­տի ու­­զէի միան­­գա­­­մայն յստա­­կում մը բե­­րել՝ յի­­շեալ գրու­­թեան մէջ յայտնո­­ւող թիւ­­րի­­­մացու­­թեան մը նկատ­­մամբ՝ իմ խօս­­քե­­­րէս կա­­տարո­­ւած մէջ­­բե­­­րու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ։

Ես չը­­սի՝ թէ «Մխի­­թարի անու­­նը վե­­րացած է մեր քա­­ղաքի դպրոց­­նե­­­րէն»։ Այլ թէ՝ գրե­­թէ «վե­­րացած էր»։ Կ՚ու­­զէի շեշ­­տել մեր երկրին մէջ վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րու ըն­­թացքին տե­­ղի ու­­նե­­­ցած դրա­­կան փո­­փոխու­­թիւննե­­րը, այս պա­­րագա­­յին՝ ի մաս­­նա­­­ւորի մեր դպրոց­­նե­­­րուն վե­­րաբե­­րեալ։ Գի­­տենք որ Մխի­­թար Աբ­­բա­­­հօր անու­­նը Հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին գոր­­ծա­­­ծու­­թե­­­նէ ին­­կած էր։ Միակ հաս­­տա­­­տու­­թիւնը, որ պաշ­­տօ­­­նապէս այս անու­­նը կրե­­լու ար­­տօ­­­նու­­թիւն ու­­նէր ժա­­մանա­­կին՝ մին­­չեւ 2000 թո­­ւակա­­նը ան­­ջա­­­տաբար գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող Վե­­նետ­­կեան եւ Վիեն­­նա­­­կան Մխի­­թարեան Միաբա­­նու­­թիւննե­­րուն Վե­­նետ­­կեան միաւո­­րին պատ­­կա­­­նող Մու­­րատ-Ռա­­փայէ­­լեան Վար­­ժա­­­րանին եւ Սա­­քըզա­­ղաճի Նա­­խակրթա­­րանին Սա­­նուց Միու­­թիւնն էր, որ կը կո­­չուէր Beyoğlu Mhitaryan Kültür Derneği։

Վեր­­ջերս, Պո­­մոն­­թիի Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րանի մուտքին նոյ­­նիսկ Մխի­­թար Աբ­­բա­­­հօր կի­­սանդրին դրո­­ւեցաւ։ Նման բան մը անե­­րեւա­­կայե­­լի էր վստա­­հաբար երե­­սուն տա­­րիներ առաջ, բայց նաեւ, կը կար­­ծեմ, դեռ տասնհինգ-քսան տա­­րիներ առաջ։ Երբ եր­­կու հա­­զար թո­­ւակա­­նին վե­­րադար­­ձայ Պո­­լիս, յետ քսան տա­­րինե­­րու բա­­ցակա­­յու­­թեան մը, չէի հա­­ւատար աչ­­քե­­­րուս եւ ականջնե­­րուս, յատ­­կա­­­պէս մեր դպրոց­­նե­­­րու վի­­ճակին նկատ­­մամբ՝ բաղ­­դա­­­տելով 1968-1974 թո­­ւական­­նե­­­րուն հետ, երբ կը պաշ­­տօ­­­նավա­­րէի Պո­­լիս որ­­պէս ու­­սուցիչ (Բան­­կալթի Մխի­­թարեան, Կեդ­­րո­­­նական, Սա­­մաթիոյ Անա­­րատ Յղու­­թիւն, Իտա­­լական Լի­­սէ), վի­­ճակ մը՝ որ ան­­փո­­­փոխ մնա­­ցեր էր մին­­չեւ այդ տա­­րինե­­րու վեր­­ջին այցս Պո­­լիս 1981-ի ամա­­ռը։

Պր. Էս­­թուքեանի կող­­մէ ակ­­նարկո­­ւած խօս­­քիս մէջ կ՚ու­­զէի շեշ­­տել, ընդգծել այս յոյժ զգա­­լի տար­­բե­­­րու­­թիւնը ներ­­կա­­­յի ու մեր­­ձա­­­ւոր, բա­­ւական մեր­­ձա­­­ւոր ան­­ցեալի մը մի­­ջեւ։ Պարզ է թէ այս չի նշա­­նակեր որ այ­­սօր ալ հար­­ցեր չկան, նաեւ մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րուն վե­­րաբե­­րեալ, որոնք մերթ՝ դժբախ­­տա­­­բար՝ մենք մե­­զի ալ կը ստեղ­­ծենք։ Հար­­ցեր միշտ կան եւ պի­­տի ըլ­­լան, ինչպէս ցոյց կու տան՝ թէ՚ հա­­զարա­­մեայ պե­­տական կա­­ռոյ­­ցի տէր Եւ­­րո­­­պան եւ թէ պե­­տակա­­նօրէն շատ երի­­տասարդ Հա­­յոց աշ­­խարհը։ Պո­­մոն­­թիի Վար­­ժա­­­րանին մէջ ար­­տա­­­սանած խօս­­քիս ըն­­թացքին ու­­զեր էի շեշ­­տել պար­­զա­­­պէս դրա­­կան երե­­ւոյթնե­­րէն մէ­­կը, որ ին­­ծի հա­­մար նաեւ մաս­­նա­­­ւոր ու­­րա­­­խու­­թեան առիթ եղած էր կանգնու­­մո­­­վը Մխի­­թարի կի­­սանդրիին Պո­­մոն­­թիի Վար­­ժա­­­րանին պար­­տէ­­­զի կող­­մի մուտքին։

Հուսկ կը փա­­փաքիմ յայտնել ու­­րա­­­խու­­թիւնս՝ որ իմ այդ ելոյթս, եթէ նոյ­­նիսկ որոշ թիւ­­րի­­­մացու­­թեամբ, առիթ տո­­ւած է մեր դպրոց­­նե­­­րու մա­­սին շա­­հեկան խորհրդա­­ծու­­թիւննե­­րու, որոնց իրա­­պէս թէ՚ կա­­րիքը, թէ՚ կա­­րօտը ու­­նինք։

Յար­­գա­­­նօք, սի­­րով եւ օրհնու­­թեամբ Ձերդ՝

Տ. Լե­­ւոն Արք. Զէ­­քիեան

Վի­­ճակա­­ւոր Իս­­թանպու­­լի եւ Թու­­քիոյ Կա­­թողի­­կէ Հա­­յոց

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ