Սուրբ Յակոբը եւ Արտամետ գիւղի կանայք

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Սուրբ Յակոբը ասո­­­րական Մծբին քա­­­ղաքի հայ­­­րա­­­­­­­պետն էր, Գրի­­­գոր Լու­­­սա­­­­­­­ւոր­­­չի հօ­­­րաք­­­րոջ որ­­­դին։ Յա­­­կոբը սուրբ կը հա­­­մարո­­­ւի թէ՛ ասո­­­րի եւ թէ՛ հայ եկե­­­ղեցի­­­ներու հա­­­մար։

Նրա անո­­­ւան հետ է կա­­­պուած Արա­­­րատի լան­­­ջե­­­­­­­րէն Նո­­­յեան տա­­­պանի փայ­­­տէ մա­­­սունք բե­­­րելը, որը մինչ օրս կը պա­­­հուի Էջ­­­միած­­­նում։

Նրա աղօթքնե­­­րի շնոր­­­հիւ Մծբին քա­­­ղաքը եր­­­կար ամիս­­­ներ դի­­­մակա­­­յած է պարսկա­­­կան զօր­­­քե­­­­­­­րի պա­­­շար­­­մա­­­­­­­նը։

Սուրբ Յա­­­կոբը շատ վաղ սկսել է ապ­­­րել ճգնա­­­ւորի կեան­­­քով, ապա քա­­­ղաքի եպիս­­­կո­­­­­­­պոսի վախ­­­ճա­­­­­­­նէ ետք ինք ընտրո­­­ւել քա­­­ղաքի հայ­­­րա­­­­­­­պետ։ Ու­­­սա­­­­­­­նել է սուրբ Մա­­­րու­­­գէի մօտ եւ ու­­­սուցա­­­նել Եփ­­­րեմ Խու­­­րի Ասո­­­րուն։

Իր սրբա­­­կեն­­­ցաղ եւ խստա­­­բարոյ վար­­­քի շնոր­­­հիւ Աս­­­տուծմէ մարդկանց ապա­­­քինե­­­լու, յա­­­րու­­­թիւն տա­­­լու եւ այ­­­լե­­­­­­­ւայլ հրաշքներ գոր­­­ծե­­­­­­­լու շնորհ է ստա­­­ցել եւ կո­­­չուել «մարմնա­­­ւոր հրեշ­­­տակ»։

Կը պատ­­­մեն, որ ան­­­գամ մը Սուրբ Յա­­­կոբը կ՚անցնէր գիւ­­­ղի մի­­­ջով։ Գիւ­­­ղի մար­­­դիկ որո­­­շած էին խար­­­դա­­­­­­­խու­­­թեան դի­­­մել եւ սրբէն ողոր­­­մութիւն կոր­­­զել։

Այ­­­դու իրենցմէ մէ­­­կը սուտմե­­­ռուկ կը ձե­­­ւանայ, եւ երբ Սուրբ Յա­­­կոբն իրենց մօ­­­տով անցնե­­­լիս կ՚ըլ­­­լայ, թաղ­­­ման ծախ­­­սե­­­­­­­րը հո­­­գալու ողոր­­­մութիւն կը խնդրեն։ Սուրբը հարկ եղած վարձքը կը վճա­­­րէ, ապա կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր ճամ­­­բան։

Սրբի հե­­­ռանա­­­լուն պէս գիւ­­­ղա­­­­­­­ցիք կը դառ­­­նան եւ ի՞նչ տես­­­նեն՝ սուտ մե­­­ռեալը իրա­­­պէս մա­­­հացել է։ Կ՚եր­­­թան սրբի մօտ, կը պատ­­­մեն ողջ եղե­­­լու­­­թիւնը եւ կ՚աղա­­­չեն, որ վե­­­րադարձնէ իրենց ըն­­­կե­­­­­­­րոջը։ Սուրբ Յա­­­կոբը կ՚աղօ­­­թէ եւ մե­­­ռեալը յա­­­րու­­­թիւն կ՚առ­­­նէ։

Օրին մէ­­­կը սուրբ Յա­­­կոբը կ՚եր­­­թայ հա­­­յոց աշ­­­խարհի Տոսպ գա­­­ւառ, Մա­­­սիսի ստո­­­րոտին փռո­­­ւած Ար­­­տա­­­­­­­մետ գիւ­­­ղը։ Ճա­­­նապար­­­հին աղ­­­բիւր մը կար։ Այդ օրը նա կը նկա­­­տէ, որ խումբ մը աղ­­­ջիկներ աղբրի մօտ իրենց ոտ­­­քե­­­­­­­րը կը լո­­­ւանան։

Աղ­­­ջիկնե­­­րը, սա­­­կայն, նկա­­­տելով սրբին, չեն ամչնար եւ իրենց մերկ ոտ­­­քե­­­­­­­րը չեն փա­­­կեր։ Ոմանք նոյն իսկ կը ծաղ­­­րեն սրբին։

Սա տես­­­նե­­­­­­­լով՝ սուրբը կ՚անի­­­ծէ աղ­­­ջիկնե­­­րուն, աղբրի ջու­­­րը կը դադ­­­րի, իսկ աղ­­­ջիկնե­­­րի մա­­­զերը ճեփ-ճեր­­­մակ կ՚ըլ­­­լան, հանց պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րու մա­­­զերի պէս։

Գիւ­­­ղի մար­­­դիկ շատ կ՚աղա­­­չեն Սուրբ Յա­­­կոբին՝ նո­­­րէն բխեց­­­նել աղբրի ջու­­­րը եւ սե­­­ւաց­­­նել աղ­­­ջիկնե­­­րու վար­­­սե­­­­­­­րը։ Սուրբը կ՚աղօ­­­թէ եւ աղբրէն սառ­­­նո­­­­­­­րակ ջուր կը բխեց­­­նէ, սա­­­կայն աղ­­­ջիկնե­­­րի մա­­­զերը չի սե­­­ւաց­­­ներ, որ­­­պէսզի նրանք Աստծու եր­­­կիւղի մա­­­սին չմոռ­­­նան։

Մէկ այլ տար­­­բե­­­­­­­րակի հա­­­մաձայն՝ երբ սուրբը կ՚անի­­­ծէ աղ­­­ջիկնե­­­րին եւ աղբրի ջու­­­րը, աղ­­­ջիկնե­­­րը լա­­­լով կը դի­­­մեն սրբին․ «Հա՜յր սուրբ, հա՜յր, ի՞նչ է լի­­­նելու մեր հա­­­լը»։

Սուրբը կը տխրէ եւ մինչ կը բարձրա­­­նար լեռն ի վեր, ական­­­ջում կը հնչէր լա­­­լագին «Հա՜յր սուրբ, հա՜յր, ի՞նչ է լի­­­նելու մեր հա­­­լը»։

Սուրբ Յա­­­կոբի սիր­­­տը գթու­­­թեամբ կը լցո­­­ւի եւ նա կը դի­­­մէ Աստծուն՝ խնդրե­­­լով. «Տէ՛ր իմ, Տէ՛ր, ես մե­­­ղա՝յ ծանր պա­­­տիժ տա­­­լով նրանց։ Գթա, Տէ՛ր, այս աղ­­­ջիկնե­­­րին, եւ որ­­­պէսզի ծած­­­կո­­­­­­­ւի նրանց մա­­­զերի ճեր­­­մա­­­­­­­կու­­­թիւնը, մի շնորհք տուր ինձ, Տէ՛ր. ամէն ան­­­գամ, որ մօ­­­րուքս շար­­­ժեմ, թող բո­­­վան­­­դակ աշ­­­խարհը ճեր­­­մա­­­­­­­կի, ձիւ­­­նով ճեր­­­մա­­­­­­­կի»։

Ցայ­­­սօր Սուրբ Յա­­­կոբը թափ կու տայ իր մօ­­­րու­­­քը ճիշդ այն օրը, երբ անի­­­ծեց աղ­­­ջիկնե­­­րին, եւ եր­­­կինքը ձիւն կը դնէ, ժո­­­ղովուրդն ալ երախ­­­տա­­­­­­­պարտ կ՚ըլ­­­լայ որ ձիւ­­­նը կը ծած­­­կէ իրենց դաշ­­­տերն ու ար­­­տե­­­­­­­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ