ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Թեւ

Մեր բառերուն ամենէն լայնատարածը

Տաթեւի վանքի ճո­­պանու­­ղին, որ ար­­ժա­­­նապէս կո­­չուած է «Տա­­թեւեր», պէտք է ըն­­դունիլ, թէ աշ­­խարհի ամե­­նէն թե­­ւաւոր միտ­­քե­­­րէն մէկն էր. մէկ սա­­րէն միւ­­սը՝ հինգ քի­­լոմեթր ճո­­պանի վրայ սլա­­նալ... Մեր աշա­­կերտնե­­րը զար­­մա­­­նալով կը լսեն, թէ վան­­քի անունն իսկ սե­­ռած է ճար­­տա­­­րապե­­տի վեր­­ջին խօս­­քէն՝ «Տա՜յ թե­­ւեր» ձայ­­նարկու­­թե­­­նէն։

- Պա­­րոն այս վան­­քը լե­­րան կտու­­րի վրայ թա­­ռած թե­­ւաւո­­րի կը նմա­­նի։

- Սուր աչք ու­­նիս։ Կը յի­­շե՞ս Չա­­րեն­­ցը, ան որ Ղարս քա­­ղաքի մե­­նագ­­րութիւ­­նը գրած էր, «Եր­­կիր Նաիրի»ն։ Ահա, այդ վէ­­պի մէջ Չա­­րեն­­ցը քա­­ղաքի Սուրբ Առա­­քելոց եկե­­ղեցին կը նկա­­րագ­­րէ ճիշդ այնպէս, ինչպէս դուն դի­­տեցիր Տա­­թեւը. «Բեր­­դից դէ­­պի հիւ­­սիս, վա­­րը, բլու­­րի լան­­ջին, ծո­­ւարել է Առա­­քելոց եկե­­ղեցին, որ­­պէս քա­­րից շի­­նած մոխ­­րա­­­գոյն մի թռչուն»։ Սա­­րին, ինչպէս Առա­­քելոցն ու Տա­­թեւը թե­­ւատա­­րած կը հսկեն իրենց երկրա­­մասե­­րուն, նոյնպէս ալ «թեւ» բա­­ռը իր լայ­­նա­­­թեւ ներ­­կա­­­յու­­թեամբ հսկած է մեր մայ­­րե­­­նիին։ Քե­­զի այդ շնոր­­հա­­­լի բա­­ռին վե­­րելքնե­­րը կը պատ­­մեմ վա­­ղը, երբ հաս­­նինք Ծաղ­­կա­­­ձոր։ Հի­­մա դա­­սըն­­կերնե­­րուդ հետ Որո­­տանի կիր­­ճի ահա­­ւոր տե­­սարա­­նը վա­­յելէ։

...Ծաղ­­կա­­­ձորի գիւ­­ղա­­­մէջի գողտրիկ հրա­­պարա­­կը, Կի­­րակ­­նօ­­­րեայ յետ­­մի­­­ջօրէին, եռա­­նիւ քշող երե­­խանե­­րու, խաչ-բառ լու­­ծող մեծ հայ­­րե­­­րու եւ կի­­թառ նո­­ւագող ապա­­գայ սի­­րահար­­նե­­­րու հրա­­պու­­րիչ հա­­ւաքա­­վայր է։ Իսկ մենք, որո­­շած ենք թե­­ւատա­­րած ար­­ծիւնե­­րու ար­­ձա­­­նի շու­­քին տակ, «Ծաղ­­կա­­­ձոր» փո­­րագ­­րո­­­ւած նստա­­րան­­նե­­­րու վրայ ժամ մը նստիլ, «ոչինչ» ընել ու հա­­ճոյ­­քով դի­­տել բո­­լորը։

- Պա­­րոն, ելա՞կ, թէ՝ վա­­նիլ­­լա։ Բո­­լորս պաղ­­պա­­­ղակ առինք։ Ձե­­զի ալ առինք։

- Ելա՛կ։ Սա­­րին, նկա­­տեցիր, թէ թե­­ւատա­­րած ար­­ծի­­­ւը պատ­­կե­­­րուած էր նաեւ Ար­­ցա­­­խի զի­­նան­­շա­­­նի վրայ... Բա­­ռեր կան ազ­­գե­­­րու բարձր միտ­­քե­­­րուն եւ երազ­­նե­­­րուն թռիչք կու տան։ Հայ­­կեան տոհ­­մի հա­­մար «թեւ» բառն է ան։ Մենք սի­­րեցինք այս միավան­­կը ու անոր փա­­փուկ փե­­տուրնե­­րու վրայ, սպա­­սելիօրէն մեր երե­­ւակա­­յու­­թիւնը առաւ՝ թե­­ւեր։

- Քա­­նի՞ թեւ։

- Բազ­­մա­­­թիւ։ Առա­­ջինը՝ «միաթեւ», ածա­­կան մը, որ յար­­մար եկաւ ճար­­տա­­­րապետ Ճիմ Թո­­րոսեանի «Ար­­ծիւ Վաս­­պուրա­­կանի» յու­­շա­­­կոթո­­ղը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար. «Միաթեւ յու­­շա­­­կոթողն այնպի­­սին է, որ հե­­ռուից նա­­յելիս թո­­ւում է, թէ ար­­ծի­­­ւի այդ թեւն իր հո­­վանու տակ է առել դի­­մահա­­յեաց Արա­­րատ լե­­ռը»։ «Միաթեւ»ը նաեւ տո­­ւաւ եր­­կու բա­­ռակա­­պակ­­ցութիւն. «միաթեւ հրեշ­­տակ» եւ «միաթեւ կա­­մուրջ»։ Ապա եկաւ «երկթեւ»ը։ Այս ածա­­կանը դի­­տելու հա­­մար պէտք է կրկին ճամ­­բորդել Ղարս ու դի­­տել Առա­­քելոց եկե­­ղեցին Չա­­րեն­­ցի աչ­­քով. «Վե­­րը, գմբէ­­թի ծայ­­րին, խաչն է՝ պարզ, երկթեւ նաիրեան մի խաչ»։ «Երկթեւ» են նաեւ բազ­­մա­­­թիւ տա­­ճար­­նե­­­րու տա­­նիք­­նե­­­րը, ինչպէս Նո­­րավան­­քի թա­­ղածածկ տա­­նիքը։ «Եռա­­թեւ»ը քեզ պէտք է, որ տա­­նի 4511 տա­­րի ետ, Օգոս­­տո­­­սի 11-ին։ Այդ օր իր «եռա­­թեւէ նե­­տով Բե­­լին սպան­­նեց մեր անուանա­­դիր նա­­հապե­­տը՝ աղեղ­­նա­­­ւոր Հայ­­կը։

- Պա­­րոն, ես գի­­տեմ եռա­­թեւ մը եւս։ Թեր­­թե­­­րը գրե­­ցին, թէ այ­­լեւս լու­­սա­­­ւորուած պի­­տի ըլ­­լայ Մէր­­սէ­­­տէսի «եռա­­թեւ աստղը»...

- Յա­­ջոր­­դը «քա­­ռաթեւ»ն է, Սա­­րին։ Ան բա­­ռակա­­պակ­­ցութիւններ կազ­­մե­­­լու լայն հնա­­րաւո­­րու­­թիւններ տո­­ւաւ մե­­զի, ինչպէս՝ քա­­ռաթեւ շէն­­քեր, սլաք­­ներ, քա­­միներ եւ արե­­ւակ­­ներ։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին ու­­նի լու­­սա­­­ւոր մէկ ար­­տա­­­յայ­­տութիւն՝ «քա­­ռաթեւ նշոյլ»։ Իսկ հի­­ներու հա­­մար «քա­­ռաթեւ»ը խաչն էր։ Կ՚ար­­ժէ նաեւ յի­­շել, թէ սե­­րով­­բէ­­­ները «վեց­­թե­­­ւեան» են, աշ­­տա­­­նակ­­ներ կան «եօթ­­նա­­­թեւ» եւ «ու­­թա­­­թեւ աստղը» հա­­յոց պե­­տակա­­նու­­թեան եւ յա­­ւեր­­ժութեան խորհրդան­­շանն է։ Եւ կայ Պօ­­ղոս վար­­պե­­­տի 1291 թո­­ւակա­­նին փո­­րագ­­րած «ասեղ­­նա­­­գործ» խաչ­­քա­­­րը, որու վրայ փո­­րագ­­րո­­­ւած է «տաս­­նա­­­թեւ» աստղ։ Իսկ, օր մը յայտնո­­ւեցաւ երազ­­կոտ բա­­նաս­­տեղծ մը, Յով­­հաննէս Շի­­րազը, ու «թեւ»ին տո­­ւաւ հա­­զար թեւ.

Հա­­զար տա­­րուայ կա­­րօտ ու­­նեմ,

իմ երա­­զը հա­­զարա­­թեւ։

Ախ թէ­­կուզ լուռ դեռ աւե­­րակ,

տես­­նեմ Անին ու նոր մեռ­­նեմ...

Շի­­րազէն երե­­սուն տա­­րի ետք հայ­­րե­­­նի մէկ այլ բա­­նաս­­տեղծ, Ռո­­միկ Սար­­դա­­­րեանը, հա­­զար թե­­ւով սա­­ւառ­­նող այդ ածա­­կանը նո­­ւիրեց չա­­րաշուք գե­­ղեց­­կուհիի մը. «Օ՜, խա­­ւարի թա­­գու­­հի, կրկին եկար ինձ այ­­ցի... Հա­­զարա­­դէմ տես­­լա­­­ցար.– հա­­զարա­­թեւ փա­­րուե­­ցիր»։ «Թեւ» ար­­մա­­­տով սկսող բա­­ռերը եր­­կու հա­­րիւ­­րի չափ են, ինչպէս՝ թե­­ւաբեկ, թե­­ւազուրկ, թե­­ւածալ, թե­­ւածա­­ծան եւ թե­­ւամ­­փոփ։ Նոյնչափ եւ աւե­­լի պատ­­կե­­­րալից են այն բա­­ռերը, որոնց երկրորդ բա­­ղադ­­րիչն է «թեւ»- սպի­­տակա­­թեւ, ծան­­րա­­­թեւ, երա­­նաթեւ... Մեզ շատ տպա­­ւորե­­ցին Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեանի «մեղ­­մա­­­թեւ հո­­վիկ»ը, Մկրտիչ Պէ­­շիկ­­թաշլեանի «փափ­­կա­­­թեւ զե­­փիւռ»ը, Նաիրի Զա­­րեանի «երա­­զաթեւ քա­­մի»ն, Վա­­հան Տէ­­րեանի «սառ­­նա­­­թեւ մութ»ը, Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի «հրա­­թեւ հո­­գի»ն, Գե­­ղամ Սա­­րեանի «սե­­ւաթեւ գի­­շեր»ը եւ Մա­­նուկ Մա­­նու­­կեանի «սի­­րաթեւ ար­­ցունքներ»ը, որ­­մով բա­­նաս­­տեղծը որո­­շած էր լո­­ւալ իր երազ­­նե­­­րու փունջը...

- Այսքան երազ­­կոտ բառ մը, պի­­տի տար, ան­­կասկած, դար­­ձո­­­ւածքներ։ Երբ ան­­գործ նստիմ մայրս կը սաս­­տէ զիս ու կ՚ըսէ. «Նո­­րէն թե­­ւերդ ծա­­լած նստած ես»։

- Իսկ, Սա­­րին, օր մը եթէ որո­­շես ներ­­գաղթել, հայ­­րե­­­նիքը քեզ «բաց թե­­ւերով կ՚ըն­­դունի»։ Այո, դար­­ձո­­­ւածքնե­­րը գե­­ղեցիկ են, կ՚ամ­­փո­­­փեն կեան­­քի վի­­ճակ­­նե­­­րը։ Անոնք, որոնք ու­­րախ են, հո­­վանա­­ւորո­­ւած կամ խրա­­խու­­սո­­­ւած՝ «թե­­ւեր կ՚առ­­նեն», եր­­բեմն ըն­­կեր ըն­­կե­­­րոջ «թեւ կու տայ», կամ դա­­ւաճա­­նաբար՝ «թե­­ւերը կը կտրէ», իշ­­խա­­­նու­­թե­­­նէ կամ իրա­­ւունքէ զրկո­­ւած­­նե­­­րը կը դառ­­նան «թե­­ւերը կախ», վհա­­տող­­նե­­­րուն եւ յու­­սա­­­հատ­­նե­­­րուն «թե­­ւերը կը թուլնան», տի­­րակալ­­ներ ու ծա­­ւալա­­պաշտներ իրենց «թե­­ւերը կը փռեն»... Սա­­րին դուն տե­­սա՞ծ ես մարդ մը, որ «եր­­կու թե­­ւերու մէջ ձմե­­րուկ ու­­նի»։

- Պտղա­­վաճա՞ռը։

- Չէ՜։ Չա­­փազանց քա­­ջալե­­րուած գո­­ռոզ­­նե­­­րու հա­­մար կը գոր­­ծա­­­ծուի այդ ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։ Հա­­զուա­­գիւտ է։ Մտքիդ մէջ պա­­հէ, օր մը պէտք կ՚ու­­նե­­­նաս... Բա­­րինը եւ Տե­­րեւը ո՞ւր են։

- Հոն են, թեւ-թե­­ւի մտած կը քա­­լեն։ Նա­­րեկն ու Փա­­թիլն ալ բո­­լորիս հա­­մար կուտ առ­­նե­­­լու գա­­ցին։

Ու դեռ չգիտ­­ցած, թէ ին­­չո՛ւ բո­­լորս քիչ մը հար­­բած ենք, -ծոթ­­րի­­­նաբոյր հո­­վի՞կն էր յան­­ցա­­­ւորը, թէ՝ մեր առ­­ջեւ երե­­րող մարդկա­­յին գե­­ղեցիկ տե­­սարա­­նը-, յան­­կարծ մեզ օրօ­­րել կու գայ Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի «Ծաղ­­կած Բա­­լենի» եր­­գը։

- Պա­­րոն, նո­­ւագող­­նե­­­րու գով պի­­տի եր­­թամ, ես այս եր­­գը շատ կը սի­­րեմ...

Հար­­սի նման ճեր­­մակ հա­­գար,

Ծաղ­­կած բա­­լենի...

Ինձ առ ճեր­­մակ թե­­ւերիդ մէջ,

Իմ քոյր բա­­լենի։

Կի­­րակ­­նօ­­­րեայ յետ­­մի­­­ջօրէին, եռա­­նիւ քշող երե­­խանե­­րու, խաչ-բառ լու­­ծող մեծ հայ­­րե­­­րու եւ կի­­թառ նո­­ւագող ապա­­գայ սի­­րահար­­նե­­­րու սի­­րաթեւ հա­­ւաքա­­վայր է Ծաղ­­կա­­­ձորի հրա­­պարա­­կը։