ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Թեւ (Բ)

Բառ մը, որ ամփոփեց մեզ

Ծաղ­­կա­­­ձորի հրա­­պարա­­կը Կի­­րակ­­նօ­­­րեայ ջերմ յետ­­մի­­­ջօրէին աշա­­կեր­­տա­­­կան մեր խումբի հա­­մար դար­­ձեր էր մի­­ժամեայ հան­­գիստի հրա­­պու­­րիչ վայր։ Թե­­ւատա­­րած ար­­ծիւնե­­րու ար­­ձա­­­նի շու­­քին տակ, «Ծաղ­­կա­­­ձոր» փո­­րագ­­րո­­­ւած նստա­­րան­­նե­­­րու վրայ Սա­­րինին հետ առի­­թը ու­­նե­­­ցեր էի «թեւ» բա­­ռի պատ­­մութեան մա­­սին խօ­­սելու- զրոյց մը, որ սկսեր էր օր մը առաջ՝ Տա­­թեւ վան­­քի մօտ՝ Տա­­թեւեր ճո­­պանու­­ղիի վրայ։ Մտա­­բերեր էինք նաեւ, թէ վան­­քի ճար­­տա­­­րապե­­տի վեր­­ջին խնդրանքն էր, որ Աս­­տո­­­ւած «Տա՜յ թե­­ւեր»։

Սա­­րինը հի­­մա կի­­թառ նո­­ւագող երի­­տասարդնե­­րու մօտ է։ Մեղ­­մօ­­­րօր երգ մըն է, որ առինքնած է աղջնա­­կին. «Ինձ առ ճեր­­մակ թե­­ւերիդ մէջ, իմ քոյր բա­­լենի...»։ Քաղցր է տե­­սարա­­նը. թեւ-թե­­ւի մտած զոյ­­գեր, կուտ ու­­տող եւ չես գի­­տեր ին­­չու մեր կողմ նա­­յելով ծի­­ծաղող պա­­տանու­­հի­­­ներ, հե­­ծելա­­նիւ քշող ման­­կիկներ եւ խաչ-բառ լու­­ծող, կամ՝ ճատ­­րակ խա­­ղացող մեծ հայ­­րեր... Այս երե­­րող տե­­սարա­­նին առ­­ջեւ, մտքի թռիչք մը կը բա­­ւէ, որ յայտնո­­ւի «թեւ» բա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը։

Մեր ստու­­գա­­­բան­­նե­­­րուն յստակ չէ, թէ այս բա­­ռը ե՛րբ եւ ուրկէ՛ թեւ առաւ ու թա­­ռեցաւ մեր լե­­զուի վրայ։ Կը կար­­ծո­­­ւի ծա­­գած ըլ­­լալ հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի pteuo հնա­­գոյն ար­­մա­­­տէն։ Ան կը նշա­­նակէ «թռչիլ»։ Գե­­ղեցիկ է մտա­­բերել, նաեւ թէ գի­­րերու գիւ­­տէն շատ առաջ, Գող­­թան եր­­գե­­­րու մէջ, ան սկսեր էր թռիչք տալ հա­­յու երե­­ւակա­­յու­­թեան… Ահա, թէ ի՛նչ արա­­գու­­թեամբ Ար­­տա­­­շէս թա­­գաւո­­րը իր սեւ ձիով ան­­ցեր է Կուր գե­­տը՝ ալան­­նե­­­րու Սա­­թենիկ իշ­­խա­­­նու­­հին «որ­­սա­­­լու» հա­­մար. «Ան­­ցեալ որ­­պէս զար­­ծո­­­ւի սրա­­թեւ»։ 5-րդ դա­­րուն, որ­­պէս հա­­սուն բառ, բառս սկսաւ թե­­ւար­­կել Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի էջե­­րուն վրայ։ Հոն տեղ գտան «թե­­ւակո­­խել», «թե­­ւար­­կել» եւ «թե­­ւաւոր» բա­­ռերը։

- Պա­­րո՛ն, կրնա՞նք քիչ մը աւե­­լի եր­­կար մնալ հոս, ե՞րբ Երե­­ւան կը վե­­րադառ­­նանք,- կը հարցնէ Տե­­րեւը։

- Երբ ձեր բո­­լոր պաղ­­պա­­­ղակ­­նե­­­րը եւ կու­­տե­­­րը վեր­­ջա­­­նան... Ար­­դեօ՞ք կի­­թարա­­հարը մե­­զի հա­­մար երգ մը կը նո­­ւագէ։

- Հի­­մա կը հարցնեմ, պա­­րոն։

10-րդ դա­­րուն Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին, «թեւ» բա­­ռի հետ հո­­գեւոր թռիչք ու­­նե­­­ցաւ։ Անոր փետ­­րագրի­­չէն ար­­ձա­­­կուե­­ցան «թեւ տա­­րածեալ», «նշոյլ քա­­ռաթեւ», «թեւ ամե­­նըն­­թաց», «թեւ ոգ­­ւոյս» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը, ինչպէս նաեւ սուրբին վեր­­ջին հա­­ռաչան­­քը Ամե­­նակա­­լին՝ իր մտայ­­ղա­­­ցած կո­­չու­­մով՝ «թե­­ւապար­­փակ պաշտպա­­նող»ին- «Ամ­­փո­­­փեա՛ (ինձ) թե­­ւօք»։ Այ­­նուհե­­տեւ, մեր երազ­­կոտ միավան­­կը դա­­րերու մէ­­ջէն ճախ­­րեց ու թե­­ւեր տո­­ւաւ հայ բա­­նաս­­տեղծնե­­րուն եւ աշուղնե­­րուն։ Նախ Ճի­­ւանին եկաւ ու ըսաւ, թէ ո՛վ է աշու­­ղը. «Ան­­թեւ թռչնակ է աշու­­ղը- Այ­­սօր այստեղ, վա­­ղը այլ տեղ»։ 800 սի­­րաթեւ եր­­գե­­­րու հե­­ղինակ Ճի­­ւանին ու­­նէր նաեւ ազա­­տատենչ ոգի։ Իր քա­­ման­­չա­­­յով, երբ հարկ եղաւ, պայ­­քա­­­րեցաւ բռնա­­կալ­­նե­­­րու դէմ։ Եւ, օր մը, վեր­­ջա­­­պէս, անոր յայտնո­­ւեցաւ ազա­­տու­­թեան պատ­­կե­­­րը.

Գի­­տեմ, շու­­տով կը փայ­­լէ

քա­­ռաթեւ արե­­գակը։

«Թեւ» բա­­ռի քա­­ղաքա­­կան եւ հայ­­րե­­­նասի­­րական ակ­­նարկու­­թիւննե­­րը շեշ­­տո­­­ւեցան նաեւ Աշուղ Նա­­զելիի «Անդրա­­նիկին» եր­­գին մէջ.

«Մշոյ դաշ­­տով ար­­ծիւ ան­­ցաւ,

թե­­ւը ար­­նոտ վի­­րաւոր,

Վեր­­ջին ան­­գամ թե­­ւին տո­­ւաւ,

ըն­­կաւ ար­­քան թե­­ւաւոր»։

Երբ խա­­ղաղե­­ցաւ աշ­­խարհը, Գու­­սան Աշո­­տը «թեւ» բա­­ռի փե­­տուրնե­­րուն վրայ կրկին նստե­­ցուց նուրբ զգա­­ցումներ։ Տե­­սէ՛ք, թէ ի՛նչ եր­­գեց ան, երբ վաղ առա­­ւօտուն, վար­­դա­­­բոյր պար­­տէ­­­զի մէջ տե­­սաւ իր «ար­­շա­­­լոյս դէմք» եարին. «Սիրտս է թեւ առել… Միտքս է թեւ առել… Երգս է թեւ առել»։ Նոյն թրթռա­­ցումնե­­րը ու­­նե­­­ցաւ Գու­­սան Աշ­­խոյժը, այդ կոյր բա­­նաս­­տեղծը, որ աշ­­խարհը կը դի­­տէր հո­­գիի աչ­­քե­­­րով.

Երբ նիր­­հում են շրթունքներս

Այդ վառ սի­­րով միշտ կա­­րօտ,

Հո­­գիս զարթնում, թեւ է առ­­նում

Ու ինձ տա­­նում նրա մօտ։

Տէ­­րեանի հա­­մար գե­­ղեց­­կուհին էր «թեւ»ը, որ մթնշա­­ղին կ՚ըն­­թա­­­նար «...սա­­հուն քայ­­լե­­­րով, աննշմար, որ­­պէս քնքուշ մու­­թի թեւ»։ Նոյն թո­­ւական­­նե­­­րուն Լե­­ւոն Շան­­թը բեմ հա­­նեց գա­­ղափա­­րապաշտ վա­­նահայր մը։ Յու­­սալքո­­ւած եւ երա­­զաբեկ՝ վեր­­ջի­­­նը խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ. «Ճիշդ է։ Ես ողոր­­մե­­­լի ու մե­­ծամիտ մարդ մըն եմ, գո­­ցեր եմ աչ­­քերս ու կը կար­­ծեմ, թէ կը թռչիմ, պար­­զեր եմ թե­­ւերս գո­­ռոզ վեր ու կար­­ծեր եմ, թէ հա­­սայ երկնքին»։

Դուք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող­­ներ, տե­­սա՞ծ էք թեւ մը ձեր երա­­զին մէջ։ Սա պա­­տահե­­ցաւ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանին։ Ան, օր մը չա­­րացաւ ու վնաս տո­­ւաւ ան­­մեղ հա­­ւու մը ու բա­­նաս­­տեղծը ու­­նե­­­ցաւ խիղ­­ճի կա­­տարեալ ցաւ.

Թռչում է միշտ իմ մտքում,

Թե­­ւը ար­­նոտ ու մո­­լոր։

Մեր միավան­­կը թե­­ւակո­­խեց նոր շրջան, երբ ու­­նե­­­ցաւ իմաս­­տի ոս­­տում ու հիմք կազ­­մեց բազ­­մա­­­թիւ դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու, ինչպէս՝ «թե­­ւը ծա­­լած», որ կը նշա­­նակէ ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն ան­­տարբեր։ Շու­­շա­­­նիկ Կուրղի­­նեանը այդ դար­­ձո­­­ւած­­քով այ­­պա­­­նեց այն մար­­դուն, որ ան­­տարբեր էր յա­­ռաջ­­դի­­­մու­­թեան. «Ա՜հ, թշո­­ւառա­­կա՛ն... Կեան­­քի հո­­սան­­քին թե­­ւերիդ ծա­­լած»։ Ապա եկան բա­­ռի փո­­խաբե­­րական իմաստնե­­րը։ «Թեւ»ը երկփեղ պա­­տու­­հաննե­­րու կամ՝ դռնե­­րու իւ­­րա­­­քան­­չիւր փեղկն է, խա­­չի հո­­րիզո­­նական կող­­մե­­­րը, քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րու ծայ­­րա­­­յեղ խմբա­­ւորու­­մը, գե­­տի ափը, ձկան լո­­ղակը, ճամ­­բու եզեր­­քը, ծա­­ռի ճիւ­­ղը, շի­­նու­­թեան կողմնա­­յին մա­­սը, մար­­տա­­­կան զօր­­քի աջա­­կող­­մեան կամ ձա­­խակող­­մեան բա­­ժինը, մար­­զա­­­դաշ­­տե­­­րու աջ ու ձախ ծայ­­րա­­­մասե­­րը, մա­­կոյ­­կի այն փայ­­տի­­­կը, որուն կա­­պուած է թին... «Թեւ»ը, որ նաեւ կը նշա­­նակէ հո­­վանա­­ւորու­­թիւն եւ պաշտպա­­նու­­թիւն, իր ամե­­նատ­­խուր եւ ան­­հանգստաց­­նող գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը գտաւ Կոս­­տան Զա­­րեանի «Տատ­­րա­­­գոմի Հար­­սը» վի­­պական բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ, ուր Սա­­նան, ըստ գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու տո­­ւած որո­­շու­­մի՝ ան­­հա­­­ւատա­­րիմ կին, ստա­­ցաւ մա­­հապա­­տիժ ու իր պա­­հապան հրեշ­­տա­­­կը դար­­ձաւ «թե­­ւը ծռած»։

Իսկ այժմ, Ծաղ­­կա­­­ձորի հրա­­պու­­րիչ հրա­­պարա­­կի մէջ, «թեւ»ին պէտք է վե­­րադարձնել «սէր»ը, որ­­պէսզի ան ամ­­փո­­­փէ մեզ ու պար­­փա­­­կէ բո­­լորիս սրտե­­րը։ Ի՛նչ գե­­ղեցիկ են, կը մտա­­ծեմ, Լու­­դո­­­ւիգ Դու­­րեանի խօս­­քե­­­րը. «Երա­­նօրէն դու ինձ պա­­հիր, մրգա­­բուրմունք թե­­ւերիդ մէջ»։ Նոյն բա­­նաս­­տեղծը չէ՞ր, որ գրի առած էր նաեւ «Ծաղ­­կած բա­­լենի»ն։ Տե­­րեւն ու Սա­­րինը կը վե­­րադառ­­նան.

- Պա­­րոն, կի­­թառա­­հարը «սի­­րով կը նո­­ւագեմ» ըսաւ, եթէ եր­­գը ծա­­նօթ է իրեն։

- Կաս­­կած չու­­նիմ։ Ար­­թուր Մես­­ճեանի երգն է։ Եր­­թանք քո­­վը։ Ձեր դա­­սըն­­կերներն ալ կան­­չե­­­ցէք։ Երբ եր­­գը վեր­­ջա­­­նայ հրա­­ժեշտ կու տանք Ծաղ­­կա­­­ձորին։

Ու, կի­­րակ­­նօ­­­րեայ իրիկ­­նա­­­ժամուն, ծոթ­­րի­­­նաբոյր հրա­­պարա­­կի մէջ բո­­լորին պա­­րու­­րել կը սկսի Մու­­շեղ Իշ­­խա­­­նի քնքուշ խօս­­քե­­­րը.

«Երբ կը գրկես թե­­ւերիդ մէջ դու հեշ­­տա­­­գին,

Լու­­սա­­­մար­­մին եւ վար­­սա­­­գեղ սի­­րոյ հո­­գին»։