ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՓԱՓՈՒԿ

Խոր Վիրապը յար­մա­­­րագոյն տե­­­ղը չէ, որ մէ­­­կը զրու­­­ցէր «փա­­­փուկ» բա­­­ռի մա­­­սին, երբ հո­­­ղատա­­­րած­­­քը շատ հե­­­ռու է նուրբ ըլ­­­լա­­­­­­­լէ- ու­­­նի լեռ­­­նոտ տե­­­ղագ­­­րութիւն, ժայ­­­ռոտ բնա­­­կանու­­­թիւն եւ քար­­­քա­­­­­­­րոտ մա­­­կերես, առա­­­ւելա­­­բար, ան­­­տա­­­­­­­ռազուրկ է, անջրդի, եւ ուր կան միայն գար­­­շա­­­­­­­պար խո­­­ցող խճա­­­քարեր ու երկնա­­­կամա­­­րի վրայ կանգնած արեւ մը, որ կար­­­ծես, թէ որո­­­շած է չհե­­­ռանալ։ (Այ­­­սօր աշա­­­կերտնե­­­րը հասկցան, թէ ին­­­չո՛ւ մեր նախ­­­նի­­­­­­­ները օրո­­­ւան յետ­­­մի­­­­­­­ջօրէին հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նող 8-րդ ժա­­­մը կո­­­չած են «հրա­­­կաթն», իսկ 9-րդը՝ «հուրթա­­­փեալն») Ամե­­­նայնդէպս, վա­­­նական հա­­­մալի­­­րի կա­­­մարա­­­կապ մուտքի զո­­­վու­­­թե­­­­­­­նէն օգ­­­տո­­­­­­­ւելով կը յի­­­շենք հայ­­­կա­­­­­­­կան հնա­­­գոյն պատ­­­մութիւննե­­­րէն մէ­­­կը՝ Սա­­­թենիկ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­հիի եւ Ար­­­տա­­­­­­­շէս ար­­­քա­­­­­­­յի «փա­­­փուկ» աւան­­­դազրոյ­­­ցը։

- Ար­­­տա­­­­­­­շէսը իր սրա­­­թեւ ձիով ան­­­ցաւ Կուր գե­­­տը ու իր ոս­­­կեօղ պա­­­րանով որ­­­սաց Սա­­­թենի­­­կին։ Մով­­­սէս Խո­­­րենա­­­ցին աւան­­­դած է այս պատ­­­մութիւ­­­նը։ Պատ­­­մա­­­­­­­հայ­­­րը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ. «...եւ շատ ցա­­­ւեցոյց զմէջքն փա­­­փուկ օրիոր­­­դին»։ Ահա՛, աշա­­­կերտներ, հա­­­յոց լե­­­զուի մէջ «փա­­­փուկ» բա­­­ռի հնա­­­գոյն գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւնը, ուր ածա­­­կանս հրա­­­պու­­­րիչ գե­­­ղեց­­­կուհի մը նկա­­­րագ­­­րեց։ Եւ, այդ օրիոր­­­դը հարս եկաւ ճիշդ այստեղ, բլրա­­­խումբի հիւ­­­սի­­­­­­­սային ծայ­­­րը, ուր Ար­­­տա­­­­­­­շէսի պա­­­լատն էր։

- Պա­­­րոն, հի­­­մա ճիշդ ո՞ւր ենք։

- Ար­­­տա­­­­­­­շէս թա­­­գաւո­­­րի շի­­­նած Ար­­­տա­­­­­­­շատ մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քի աւե­­­րակ­­­նե­­­­­­­րուն վրայ։ Այժմ վա­­­յելե­­­ցէք հնու­­­թիւննե­­­րը։ Ժամ մը ետք կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք...։

- Վէ՛մ, Տա­­­րօ՛ն, դուք Խոր Վի­­­րապ պի­­­տի չիջ­­­նէ՞ք։

- Պա­­­րոն, կ՚ու­­­զենք բլրա­­­գագաթ ել­­­լել ու տե­­­սարա­­­նը դի­­­տել։

Երբ ան­­­հիւրըն­­­կալ է բնաշ­­­խարհը, ան­­­շուշտ, թէ «փա­­­փուկ» բա­­­ռի պատ­­­մութիւ­­­նը յայտնա­­­բերե­­­լու հա­­­մար պի­­­տի դի­­­մէինք հայ­­­կա­­­­­­­կան քնա­­­րեր­­­գութեան։ Սա­­­կայն, նախ բարձրա­­­նանք գա­­­գաթ, ուր կանգնե­­­ցու­­­ցած են հսկա­­­յական խաչ մը...։

- Հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րին մէջ փափ­­­կութիւն մը նկա­­­տեցի՞ք։

- Արա­­­րատի ու­­­րո­­­­­­­ւագի­­­ծը, պա­­­րոն, մա­­­նաւանդ երբ կի­­­սով ծած­­­կո­­­­­­­ւած է ամ­­­պե­­­­­­­րու մէջ եւ ձիւ­­­նա­­­­­­­ծածկ է։

- Տղա՛ք, գի­­­րերու գիւ­­­տէն շատ առաջ մեր մայ­­­րե­­­­­­­նին ալ փափ­­­կա­­­­­­­ցած էր։ «Փա­­­փուկ» բա­­­ռը եւ անոր շա­­­ռաւիղ­­­նե­­­­­­­րը Գող­­­թան եր­­­գիչնե­­­րու լե­­­զուին մէջ փափ­­­կահնչիւն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ դար­­­ձեր էին։ Բա­­­ռը նաեւ ճամ­­­բորդեց դէ­­­պի հիւ­­­սիս, մտաւ ու­­­տիերէն, ապա հա­­­սաւ Վրաս­­­տան, ուր դար­­­ձաւ «փա­­­փու­­­կի»։ Հա­­­յոց գի­­­րերու գիւ­­­տով մեր «փա­­­փուկ» բա­­­ռերը յա­­­ւեր­­­ժա­­­­­­­ցան մա­­­գաղաթ­­­նե­­­­­­­րու վրայ, որոնք կը փափ­­­կա­­­­­­­նային հաւ­­­կի­­­­­­­թի ճերմկու­­­ցով եւ կա­­­թով։ Ոս­­­կե­­­­­­­դարու մա­­­տեան­­­նե­­­­­­­րու մէջ տեղ գտան ըն­­­տիր բա­­­ռեր, ինչպէս՝ փափ­­­կա­­­­­­­նալ, փափ­­­կա­­­­­­­կան, փափ­­­կա­­­­­­­կեաց, փափ­­­կա­­­­­­­ցու­­­ցա­­­­­­­նել... Յա­­­ջորդ դա­­­րերուն յայտնո­­­ւեցան նո­­­րերը. փափ­­­կա­­­­­­­բոյր, փափ­­­կա­­­­­­­գեղ, փափ­­­կա­­­­­­­դէմ, փափ­­­կա­­­­­­­մար­­­մին, փափ­­­կաշնորհ, փափ­­­կա­­­­­­­խօս... Մե­­­տաքսն իսկ առա­­­ւել փափ­­­կա­­­­­­­ցաւ ու դար­­­ձաւ «փափ­­­կա­­­­­­­մետաքս», որ­­­մով Ռու­­­բէն Զար­­­դա­­­­­­­րեանը նկա­­­րագ­­­րեց դա­­­լար Մա­­­յիսը. «Մա­­­յիսի գե­­­ղեց­­­կութիւնն իր հար­­­սա­­­­­­­նեկան ար­­­դուզար­­­դը կ՚ընէ... մէջ­­­քը կա­­­պելով փափ­­­կա­­­­­­­մետաքս կա­­­նաչ տե­­­րեւ­­­նե­­­­­­­րէ գօ­­­տին»։ Ու­­­նե­­­­­­­ցանք նաեւ փափ­­­կա­­­­­­­սէր տան­­­տի­­­­­­­կին­­­ներ, փափ­­­կա­­­­­­­ճաշակ ընթրիք­­­ներ, փափ­­­կա­­­­­­­փետուր բար­­­ձեր եւ փափ­­­կա­­­­­­­սիրտ քա­­­րեր։

- Քա­­­րե՞րն ալ փափ­­­կա­­­­­­­ցան։

- Խստա­­­շունչ այս երկրա­­­մասի զար­­­մա­­­­­­­նալիօրէն փափ­­­կա­­­­­­­միտ ժո­­­ղովուրդի հա­­­մար՝ այո։ «Վէմ» ձայ­­­նասփիւ­­­ռի աշ­­­խա­­­­­­­տակից եւ լրագ­­­րող Յաս­­­միկ Պա­­­պաճա­­­նեանը օր մը պատ­­­մեր է. Մայրս ասում էր. «Իմ շիր­­­մա­­­­­­­քարը տե­­­ղական, մեր Սիւ­­­նի­­­­­­­քի քա­­­րերից կը դնէք... Մեր քա­­­րերը փափ­­­կա­­­­­­­սիրտ են, բա­­­րի»։ Բառս ու­­­նե­­­­­­­ցաւ նաեւ իր փա­­­ղաք­­­շա­­­­­­­կան ձե­­­ւերը. փափ­­­լիկ, փամփլիկ, փափ­­­կիկ։ Վար­­­դա­­­­­­­նանց պա­­­տերազ­­­մի յա­­­ջոր­­­դող դժբախտ օրե­­­րուն, երբ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը զրկո­­­ւած էր իր ազ­­­նո­­­­­­­ւագոյն այ­­­րե­­­­­­­րէն, ո՞վ կը կար­­­ծէք, թէ դի­­­մացաւ աննկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լի զրկանքնե­­­րու ու պա­­­հեց եր­­­կի­­­­­­­րը։ Ըստ Եղի­­­շէ պատ­­­մի­­­­­­­չի՝ «Փափ­­­կա­­­­­­­սուն տիկ­­­նայք Հա­­­յոց աշ­­­խարհի»։

- Պա­­­րոն, կը զգամ, թէ որ­­­քան փափ­­­կանկատ էր անոր գրի­­­չը։

- Վէ՛մ, երբ կարծրա­­­ցաւ աշ­­­խարհը, ի՞նչ ընէր հայ ժո­­­ղովուրդը, եթէ ո՛չ իր մտքով փափ­­­կացնել շրջա­­­պատը ու փափ­­­կութիւ­­­նը գտնել ան­­­նիւթա­­­կան բարձրու­­­թիւննե­­­րու վրայ։ Այդպէս ըրաւ մեր առա­­­ջին պատ­­­մա­­­­­­­գիրը, Ագա­­­թան­­­գե­­­­­­­ղոսը ու «փափ­­­կութեան» գա­­­ղափա­­­րը զու­­­գեց «դրախտ»ին հետ. «Յետ այ­­­սո­­­­­­­րիկ առեալ Աս­­­տուծոյ յԱ­­­դին դրախ­­­տին փափ­­­կութեան դնէր զմարդն»։ Հինգ հա­­­րիւր տա­­­րի ետք, նոյն միտ­­­քը կրկնեց Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին։ Իր տա­­­ղերուն մէջ սուրբը յի­­­շեց «դրախ­­­տի փափ­­­կութիւն» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը։ Հայ­­­կա­­­­­­­կան ցրտա­­­շունչ լեռ­­­նաշխար­­­հէն հե­­­ռու, փափ­­­կակլի­­­մայ Կի­­­լիկիոյ մէջ ապ­­­րած Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լին իսկ շշնջեր է նոյն միտ­­­քը. «փափ­­­կութիւն լու­­­սոյ դրախ­­­տին»։

- Տխուր է, թէ կեան­­­քի փափ­­­կութիւ­­­նը հե­­­ռացեր է ամ­­­պեր եւ աւե­­­լի վեր։

- Այդպէս չմնաց... Դա­­­րեր ան­­­ցան, «փա­­­փուկ» ածա­­­կանը վե­­­րադար­­­ձաւ եր­­­կիր ու վերսկսաւ ապ­­­րիլ հո­­­ղեղէն­­­նե­­­­­­­րուս հետ։ Լա­­­ւագոյն օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը դար­­­ձո­­­­­­­ւածքներն են... Մենք ապա­­­հով եւ բա­­­րեկե­­­ցիկ տե­­­ղերը կո­­­չեցինք «փա­­­փուկ ան­­­կիւն», զի­­­ջողա­­­միտ մար­­­դի­­­­­­­կը՝ «փա­­­փուկ երես», հան­­­գիստ եկա­­­մուտ բե­­­րող գոր­­­ծե­­­­­­­րը՝ «փա­­­փուկ պաշ­­­տօն», կրա­­­յին աւա­­­զէ զերծ ջու­­­րե­­­­­­­րը՝ «փա­­­փուկ ջուր», բարձր աշ­­­խա­­­­­­­տավար­­­ձը՝ «փա­­­փուկ ռո­­­ճիկ»...։ Տղա՛ք, եթէ մէ­­­կը «փա­­­փուկ բարձ դրած է ձեր գլխուն վրայ», մի՚ վստա­­­հիք անոր խօս­­­քե­­­­­­­րուն, քան­­­զի այդ դար­­­ձո­­­­­­­ւած­­­քը կը նշա­­­նակէ «սուտ խոս­­­տումնե­­­րով կամ սխալ տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րով մէ­­­կուն հանգստաց­­­նել կամ յու­­­սադրել»։ Հա­­­յու մտա­­­պատ­­­կե­­­­­­­րի մէջ «փա­­­փուկ» կը դառ­­­նայ նաեւ քայ­­­լո­­­­­­­ւած­­­քը, բնա­­­ւորու­­­թիւնը, խիղ­­­ճը, տե­­­սարա­­­նը, հո­­­վը, հար­­­ցը, հա­­­ցը եւ հա­­­յեաց­­­քը... Տի­­­րան Չրա­­­քեանը օր մը հիացու­­­մով դի­­­տեց «գե­­­տեզ­­­րի փափ­­­կա­­­­­­­տերեւ ու­­­ռի­­­­­­­ներ», Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցը «փա­­­փուկ ար­­­ծա­­­­­­­թի շա­­­ւիղէ մը լսեց, Մկրտիչ Պէ­­­շիկ­­­թաշլեանը փա­­­փաքե­­­ցաւ, որ «փափ­­­կա­­­­­­­թեւ ման­­­կիկ զե­­­փիւռ» մը պա­­­րէր հե­­­զիկ շունչով։ Այս ածա­­­կանով նաեւ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը նկա­­­րագ­­­րեց իր առաջ­­­նե­­­­­­­կը՝ փոք­­­րիկն Վե­­­րոնի­­­քը. «Վա­­­րուժնա՛կը դ իմ, իմ փափ­­­կա­­­­­­­սո՛ւն Դի­­­ցու­­­հիս»։ Զա­­­պէլ Եսա­­­յեանի փետ­­­րագրի­­­չին կը պատ­­­կա­­­­­­­նին «փա­­­փուկ բու­­­րում», «լու­­­սանցիկ փափ­­­կութիւն», «փա­­­փուկ դիւ­­­րա­­­­­­­բեկու­­­թիւն» եւ «նրբին փափ­­­կութիւն» հա­­­զուա­­­գիւտ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Իսկ Զահ­­­րա­­­­­­­տը Մար­­­մա­­­­­­­րա ծո­­­վու ափին նստած՝ փափ­­­կօ­­­­­­­րէն հեգ­­­նեց եր­­­բեմնի այն ինքնա­­­հաւան գե­­­ղեց­­­կուհիին, որ քսան տա­­­րի մը առաջ «ան­­­մա­­­­­­­տոյց» եղեր էր պա­­­տանի բա­­­նաս­­­տեղծին հա­­­մար. «Տի­­­կին Բրա­­­ծոյ - Բա­­­րեւ ձեզ - Ձեր փափ­­­կա­­­­­­­սուն գե­­­ղեց­­­կութիւնն ինչպէ՞ս է»։

Միւս աշա­­­կերտներն ալ սկսած են բլու­­­րը բարձրա­­­նալ։ Ու­­­զեր են մայ­­­րա­­­­­­­մու­­­տը դի­­­տել։ Խումբ-խումբ կը նստին շի­­­կացած փա­­­փուկ քա­­­րերու վրայ։ Ծո­­­վակն ու Փա­­­թիլը այդ խորհրդա­­­ւոր պա­­­հը որո­­­շեր են փա­­­կաչք դի­­­տել։ Տե­­­րեւն ու Կա­­­թիլը ան­­­դա­­­­­­­դար կը լու­­­սանկա­­­րեն մեծ լե­­­րան ետեւ ան­­­հե­­­­­­­տացող արե­­­գակը։ Իսկ Նա­­­րեկը իր կի­­­թառով կը սկսի նո­­­ւագել այս օրե­­­րուն սո­­­րուած երգ մը- անոր կ՛ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցի փափ­­­կա­­­­­­­ձայն Բա­­­րինը.

Ձիւ­­­նը փա­­­փուկ-փա­­­փուկ է քայ­­­լե­­­­­­­րի հա­­­մար,

Ձիւ­­­նը տա­­­քուկ-տա­­­քուկ է սրտե­­­րի հա­­­մար,

Դու նման ես ձեան ճեր­­­մակ փա­­­թիլ­­­նե­­­­­­­րին,

Ձիւ­­­նը փա­­­փուկ-փա­­­փուկ է քայլերի համար