Գրական մրցանակ՝ Տինքին ձօնուած վէպին

Ֆրանսայի հեղինակաւոր՝ «Ռենատօ» գրական մրցանակին այս տարի արժանացաւ Վալերի Մանթօ՝ Հրանդ Տինքի կեանքին նուիրուած իր վէպով։

Մանթոյին վէպը կը կոչուի «Լէօ Սիյոն», այսինքն՝ «Ակօս», որ 33-ամեայ վիպագիրին երկրորդ գիրքն է։ Վէպին մէջ, որու առանցքին է Հրանդ Տինքի կենսագրութիւնը, հեղինակը Պոլսոյ մէջ կը պրպտէ Տինքի կեանքը, մէկ կողմէ փորելով նաեւ իր «ակօս»ը։

Մանթօ՝ մրցանակը ստանալէ ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, թէ մեծ հիացում կը տածէ Հրանդ Տինքի գաղափարներուն հանդէպ եւ թէ Տինքի կեանքը որոշած է գրառել նահատակ լրագրողին կենսագրութիւնը կարդալէ յետոյ։

«Տինք ունէր բաւական հետաքրքրական քաղաքական մօտեցում մը։ Նպատակը իրաւացի ըլլալը փաստելէ աւելի, մարդոց առերեսումը, յառաջացումը ապահովելն էր», ըսաւ ան։

Վալերի Մանթօ «Շառլի Էփթօ»ի նախկին աշխատակից մըն է։ Անակնկալ մը կը նկատուի Մանթոյի գիրքին մրցանակի արժանանալը, քանի որ այս գիրքը եզրափակիչ հանգրուան հասած վերջին հինգ գիրքերու ցուցակին վրայ չէր։ Վէպը հրատարակուած էր Օգոստոսին։ Հեղինակը մրցանակը ստացաւ Նոյեմբերի 7-ին, Փարիզի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ