ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱՐԾԱԹ

Բառը եւ բարդացած հոգեբանութիւնը

Եւ ի՛նչ ընէր «ար­­­ծաթ» բա­­­ռը, երբ դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած էր բո­­­լոր առաջ­­­նութիւննե­­­րը զի­­­ջելու իր դեղ­­­նա­­­­­­­փայլ եր­­­կո­­­­­­­ւորեակին՝ «ոս­­­կի»ին ու մրցոյթնե­­­րու մէջ մնա­­­լու՝ «լա­­­ւագոյն երկրոր­­­դը»։ Յի­­­շեալ երե­­­ւոյ­­­թը կը պա­­­տահի բա­­­ռաշ­­­խարհի մէջ- եր­­­կու տա­­­ղան­­­դա­­­­­­­ւոր բա­­­ռեր եր­­­բեմն մրցակ­­­ցութեան մէջ կը մտնեն ու աւար­­­տին, մէ­­­կը ժո­­­ղովրդա­­­կանու­­­թիւն կը վա­­­յելէ, իսկ միւ­­­սը կը զգայ վի­­­րաւո­­­րուած ու կը մատ­­­նո­­­­­­­ւի ստո­­­րակա­­­յու­­­թեան բար­­­դոյթի։ Այսպի­­­սի վի­­­ճակի առ­­­ջեւ գտնո­­­ւեցաւ «ար­­­ծաթ» բա­­­ռը։ Հա­­­կառակ անոր, որ յար­­­գո­­­­­­­ւած մե­­­տաղի մը անո­­­ւանա­­­դիրն էր եւ հա­­­կառակ անոր, որ գրա­­­ւոր հա­­­յերէ­­­նի խան­­­ձա­­­­­­­րու­­­րա­­­­­­­յին շրջա­­­նէն սկսեալ մա­­­տենագ­­­րութեան բո­­­լոր էջե­­­րուն մէջ ներ­­­կայ էր իր յղկո­­­ւած փայ­­­լով՝ անոր ծննդա­­­կիցը, «ոս­­­կի» երկվան­­­կը, աւե­­­լի շատ շող­­­շո­­­­­­­ղաց, սի­­­րահար բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու ջերմ հե­­­տաքրքրու­­­թիւնը վա­­­յելեց ու «ար­­­ծաթ» բառս մնաց նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու ի՛նչ որ ցուրտ էր եւ գի­­­շերա­­­յին։

Հա­­­յոց լե­­­զուի մէջ «ար­­­ծաթ» բա­­­ռի ոդի­­­սակա­­­նը հին է այնքան, որ­­­քան հին է ար­­­ծաթ մե­­­տաղը։ Գրա­­­ւոր հա­­­յերէ­­­նի նա­­­ւակա­­­տիքին ան պատ­­­կա­­­­­­­ռելի ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւն ու­­­նէր իր բարդ բա­­­ռերով եւ պատ­­­կե­­­­­­­րալից դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րով։ Մեր առա­­­ջին պատ­­­մի­­­­­­­չի, Ագա­­­թան­­­գե­­­­­­­ղոսի գրի­­­չին մէջ ար­­­դէն ձու­­­լո­­­­­­­ւած էին «ար­­­ծա­­­­­­­թի», «ար­­­ծա­­­­­­­թեղէն» եւ «ար­­­ծա­­­­­­­թարար» բա­­­ռերը։ Նոյն դա­­­րաշրջա­­­նին այլ մա­­­տենա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու էջե­­­րը ար­­­ժէք կը ստա­­­նային ար­­­ծա­­­­­­­թափայլ բա­­­ռերով, ինչպէս՝ ար­­­ծա­­­­­­­թագին, ար­­­ծա­­­­­­­թագոյն, ար­­­ծա­­­­­­­թազօծ, ար­­­ծա­­­­­­­թահանք, բազ­­­մարծաթ եւ կա­­­ւար­­­ծաթ։

Ար­­­ծա­­­­­­­թաձիւն լեռ­­­նե­­­­­­­րու աշ­­­խարհը, որ Հա­­­յաս­­­տանն է, եւ ուր քիչ չեն ար­­­ծա­­­­­­­թի հան­­­քե­­­­­­­րը, բնա­­­կան է, որ ու­­­նե­­­­­­­նար հինգ քա­­­ղաք, որոնք կո­­­չուած ըլ­­­լա­­­­­­­յին «Ար­­­ծա­­­­­­­թահան» կամ «Ար­­­ծա­­­­­­­թահանք»։ Առա­­­ւելա­­­պէս, հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հը ու­­­նե­­­­­­­ցեր է ար­­­ծա­­­­­­­թի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ տե­­­ղանուններ- Կար­­­նոյ նա­­­հան­­­գի մէջ գիւղ «Ար­­­ծաթ», Ար­­­ցա­­­­­­­խի մէջ լեռ «Ար­­­ծա­­­­­­­թասար», Այ­­­րա­­­­­­­րատ աշ­­­խարհի Բա­­­սեն գա­­­ւառի մէջ դաշտ «Ար­­­ծա­­­­­­­թաղ­­­բերք» եւ նոյն գա­­­ւառի մէջ Ղա­­­զար Փար­­­պե­­­­­­­ցիի կող­­­մէ յի­­­շատա­­­կուած գիւղ «Ար­­­ծա­­­­­­­թի», ուր, 483 թո­­­ւակա­­­նին Մու­­­շեղ Մա­­­միկո­­­նեանը յաղ­­­թեր է պար­­­սիկնե­­­րուն։ Բնա­­­կան է նաեւ, որ ամէն գա­­­ւառի մէջ բա­­­ռը ու­­­նե­­­­­­­նար տե­­­ղական հնչիւն. Մշոյ, Սե­­­բաս­­­տիոյ, Ակ­­­նայ, Ալաշ­­­կերտի եւ Խար­­­բերդի մէջ «ար­­­ձաթ», Մի­­­քայէլ Նալ­­­պանդեանի եւ Ռա­­­փայէլ Պատ­­­կա­­­­­­­նեանի ծննդա­­­վայր Նոր Նա­­­խիջե­­­ւանի մէջ «ար­­­գաթ», Սալ­­­մաստի եւ Վա­­­նայ մէջ «առ­­­ծաթ», Թիֆ­­­լի­­­­­­­սի մէջ՝ Սա­­­յաթ-Նո­­­վայի հա­­­մար «է՛րծաթ» ու զէյ­­­թունցի եւ հա­­­ճըն­­­ցի վա­­­ճառա­­­կանի հա­­­մար՝ «այ­­­ձօթ»։ Իսկ երբ համ­­­շէնցի հար­­­սի գլխա­­­նոցի վրայ էր շա­­­րուած, ան դար­­­ձաւ «այ­­­ձաթ»։

Գրա­­­ւոր հա­­­յերէ­­­նի մէջ «ար­­­ծաթ» բա­­­ռը իր մուտքը կա­­­տարեց Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչով։ Եւ հոն ար­­­ծա­­­­­­­թի 30 հա­­­տը բա­­­ւեց, որ մար­­­դը մատ­­­նիչ դառ­­­նայ։ Այ­­­նուհե­­­տեւ, հա­­­յոց լե­­­զուի մէջ բոյն դրաւ «30 ար­­­ծաթ» տխրահռչակ դար­­­ձո­­­­­­­ւած­­­քը։ «Ար­­­ծաթ»ը 500 ան­­­գամ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուե­­­ցաւ Սուրբ Գիր­­­քի մէջ։ Հոն տեղ գտան ար­­­ծա­­­­­­­թագործ, ար­­­ծա­­­­­­­թաձոյլ, ար­­­ծա­­­­­­­թապատ, ար­­­ծա­­­­­­­թեղէն եւ ար­­­ծա­­­­­­­թասէր բա­­­ռերը, ինչպէս նաեւ հա­­­զուա­­­գիւտ ածա­­­կան մը, «ար­­­ծա­­­­­­­թագին», որ կը նշա­­­նակէ՝ ար­­­ծա­­­­­­­թով կա­­­շառո­­­ւած։ Իսկ սուրբ գիր­­­քե­­­­­­­րու հա­­­մար անկրկնե­­­լիօրէն գե­­­ղեցիկ եւ թան­­­կա­­­­­­­գին կազ­­­մեր պատ­­­րաստող հայ ոս­­­կե­­­­­­­րիչին հա­­­մար ու­­­նէինք մէկ այլ բա­­­ռակա­­­պակ­­­ցութիւն- «ար­­­ծա­­­­­­­թապատ կազմ», ան, որ ար­­­ժա­­­­­­­նապէս տեղ կը գտնէ Մա­­­տենա­­­դարա­­­նի ցու­­­ցա­­­­­­­փեղ­­­կե­­­­­­­րու մէջ զե­­­տեղո­­­ւած ծա­­­նու­­­ցո­­­­­­­ղական պի­­­տակ­­­նե­­­­­­­րու վրայ։

«Ար­­­ծաթ» ար­­­մա­­­­­­­տը յոյս ու­­­նէր, որ իր 140 բա­­­ռերով կա­­­րենար բա­­­ռապա­­­շարի մրցա­­­նիշ մը գո­­­նէ կոտ­­­րէր, աւա՜ղ, այդ դա­­­սակար­­­գին մէջ ալ «ոս­­­կի»ն հան­­­դի­­­­­­­սացաւ անմրցե­­­լի՝ հա­­­ւաքած ըլ­­­լա­­­­­­­լով 400 նիշ։ Ամե­­­նայնդէպս, «ար­­­ծաթ» բա­­­ռով շի­­­նուած են պատ­­­կե­­­­­­­րալից ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ, ինչպէս՝ «ար­­­ծաթ ծի­­­ծաղ» քաղցր ու յստակ ձայն, «ար­­­ծա­­­­­­­թին տալ» փայ­­­լիլ, «ար­­­ծաթ գլուխ» ճա­­­ղատ, (ակնցի­­­ներու խօսքն էր ասի­­­կա) ինչպէս նաեւ կար­­­նե­­­­­­­ցինե­­­րուն մէկ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը՝ «ար­­­ծաթ հանք» ըն­­­տիր, առողջ, ու­­­ժեղ սե­­­րունդ տո­­­ւող հայր։ Իսկ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ազ­­­նիւ բառս, մե­­­զի տո­­­ւաւ նաեւ այնպի­­­սի քնա­­­րական բա­­­ռեր՝ այժմ զա­­­նոնք չյի­­­շել, դա­­­ւաճա­­­նու­­­թիւն պի­­­տի ըլ­­­լար- ար­­­ծա­­­­­­­թաբաշ, ար­­­ծա­­­­­­­թածոպ, ար­­­ծա­­­­­­­թահեր, ար­­­ծա­­­­­­­թասիւն, ար­­­ծա­­­­­­­թատե­­­րեւ, ար­­­ծա­­­­­­­թափայլ, ար­­­ծա­­­­­­­թափե­­­տուր, ար­­­ծա­­­­­­­թերիզ եւ ար­­­ծա­­­­­­­թաճա­­­ճանչ։ Իսկ կ՚ար­­­ժէ առանձնաց­­­նել «ար­­­ծա­­­­­­­թապայտ» ածա­­­կանը։ Ըստ Յով­­­հաննէս եպիս­­­կո­­­­­­­պոս Շահ­­­խա­­­­­­­թու­­­նեան­­­ցի աւան­­­դած պատ­­­մութեան, Թա­­­լինի մէջ 360 նո­­­րապ­­­սակ հար­­­սեր Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յայտնու­­­թեան տօ­­­նին ար­­­ծա­­­­­­­թապայտ մու­­­ճակնե­­­րով գա­­­ցեր են եկե­­­ղեցի։

Բա­­­ռը, որ ժա­­­մանակ առ ժա­­­մանակ փայ­­­լեր է, պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նար հա­­­մապա­­­տաս­­­խան ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւն։ Բու­­­նը եղեր է «ար­­­ծանթ»։ Նա­­­խապէս նշա­­­նակեր է «փայ­­­լուն, սպի­­­տակա­­­ւուն»։ Բնիկ հայ­­­կա­­­­­­­կան է։ Ու­­­նի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ցե­­­ղակից­­­ներ- rajata, argentum, argent, argento, argat, argant։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, նկա­­­տած պի­­­տի ըլ­­­լաք նաեւ, թէ լա­­­տին­­­նե­­­­­­­րու եւ լա­­­տինա­­­ծին լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու «g» տա­­­ռի հայ­­­կա­­­­­­­կան տա­­­ռադար­­­ձութիւնն է մես­­­րո­­­­­­­պեան «ծ» գի­­­րը։ Ուստի, եթէ տար­­­րե­­­­­­­րու աղիւ­­­սա­­­­­­­կը հա­­­յոց գի­­­րերով պատ­­­րաստո­­­ւած ըլ­­­լար, այժմ «Ag» անո­­­ւանո­­­ւած մե­­­տաղը պի­­­տի դառ­­­նար «Ած»։

Ամէն դար բա­­­ռը ներշնչու­­­մի ան­­­յա­­­­­­­տակ հանք էր, թէ ար­­­ծա­­­­­­­թասէր եւ թէ՝ ար­­­ծա­­­­­­­թատեաց հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար։ Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լիի հա­­­մար ան «ախտ» էր։ Սուրբին կը պատ­­­կա­­­­­­­նի «ախտ ար­­­ծա­­­­­­­թասի­­­րու­­­թեան» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը։ Այս կե­­­ցուած­­­քը կար­­­ծես շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնն էր Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցիին, որ Շնոր­­­հա­­­­­­­լիէն 100 տա­­­րի առաջ գրի առեր էր «ար­­­ծաթ ան­­­պի­­­­­­­տան» եւ «ար­­­ծաթ ծա­­­ռայե­­­ցու­­­ցիչ» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Նա­­­խորդ դա­­­րուս, Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը «ար­­­ծաթ»ին դի­­­մեց, երբ ցոյց տալ պէտք էր, թէ Սիւ­­­նի­­­­­­­քի նա­­­հապետ Բա­­­կու­­­րի տօ­­­նական սե­­­ղանը շող­­­շո­­­­­­­ղուն է. «Ար­­­ծա­­­­­­­թազօծ դգալ­­­ներն ու դա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը... փայ­­­լակներ են»։ Սա «Հար­­­ճը» վի­­­պասա­­­նու­­­թիւնն էր՝ ար­­­քունի սի­­­րային ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւն։ Իսկ «Հա­­­ցին Եր­­­գը» ժո­­­ղովա­­­ծուին մէջ, նոյն Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը, ար­­­ծա­­­­­­­թի ար­­­ժէք պի­­­տի տար գո­­­մէշի պաշ­­­տե­­­­­­­լի շո­­­ղիքին.

«Գո­­­մէշ­­­ներ՝ լու­­­ծը լքած՝

ճա­­­հիճին մէջ կը պառ­­­կին

Իրենց բեր­­­նէն հո­­­սելով

Թե­­­լերն ար­­­ծաթ շո­­­ղիքին»։

Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի աչ­­­քին, որ­­­պէս ար­­­ծաթ փայ­­­լե­­­­­­­ցաւ նաեւ գե­­­րան­­­դին. «...Ահա­­­ւասիկ գե­­­րան­­­դի­­­­­­­ներ... Ցո­­­րեն­­­նե­­­­­­­րուն մէջ իբր ար­­­ծաթ կ՚ընկղմին»։ Մեր գե­­­ղապաշտ բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու հա­­­մար «ար­­­ծաթ» բա­­­ռը յար­­­մար եկաւ նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար նաեւ լու­­­սի­­­­­­­նը։ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի մտայ­­­ղա­­­­­­­ցումներն են- «Լուսնակն ար­­­ծա­­­­­­­թածիր» եւ «Լու­­­սին ար­­­ծա­­­­­­­թի»։ Պետ­­­րոս Դու­­­րեանն ալ տե­­­սաւ նման պատ­­­կեր մը. «Տե­­­րեւ­­­նե­­­­­­­րուն մէ­­­ջէն ար­­­ծաթ լի լու­­­սինն կը դի­­­տէի»։ Ապա եկաւ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցը ու մե­­­զի պար­­­գե­­­­­­­ւեց «Ար­­­ծաթ շո­­­ղերն երա­­­զի», «Լոյ­­­սի ար­­­ծաթ անձրեւ», «Ար­­­ծա­­­­­­­թացօղ լոյ­­­սեր» եւ «Ըղ­­­ձանքնե­­­րու ար­­­ծաթ թե­­­լեր» գրա­­­կան պատ­­­կերնե­­­րը։ Իսկ հայ բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու ամե­­­նէն ըմ­­­բոստը, Սիաման­­­թօն, որ ու­­­նէր «ար­­­ծա­­­­­­­թեայ ան­­­բիծ սուր» եւ «ար­­­ծա­­­­­­­թեայ քնար», պի­­­տի նստէր իր երի­­­վարին վրայ, (որ ու­­­նէր «ար­­­ծաթ թամբ»), ու «ար­­­ծա­­­­­­­թեայ առա­­­ւօտի մը ընդմէ­­­ջէն» իր թշնա­­­մինե­­­րուն վրայ պի­­­տի ար­­­շա­­­­­­­ւէր, երբ «աքա­­­ղաղը իր ար­­­ծա­­­­­­­թեղէն ձայ­­­նը» հնչեց­­­նէր...

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի կեդ­­­րո­­­­­­­նական դրա­­­մատու­­­նը, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ան­­­ցեալ տա­­­րի թո­­­ղար­­­կեց Շու­­­շիի ազա­­­տագրման, հա­­­յոց բա­­­նակի կազ­­­մա­­­­­­­ւոր­­­ման եւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան, իսկ այս տա­­­րի՝ ազ­­­գա­­­­­­­յին դրա­­­մի «ար­­­ծաթ յո­­­բելեան»ին նո­­­ւիրո­­­ւած ար­­­ծաթ յու­­­շադրամ­­­ներ։ Ահա, թէ ինչպէ՛ս «լա­­­ւագոյն երկրոր­­­դը», «ար­­­ծաթ» բա­­­ռը, հե­­­ռու բո­­­լոր բար­­­դոյթնե­­­րէ, կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ մայ­­­րե­­­­­­­նիին ծա­­­ռայել ու փայլ տալ անոր։