ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ներկայի ապացոյցը անցեալին մէջ

Ժո­ղո­­վուրդնե­­­րու պատ­­­մութեան մէջ կան լու­­­սա­­­­­­­ւոր եւ խա­­­ւար շրջան­­­ներ։ Լու­­­սա­­­­­­­ւոր բա­­­ցատ­­­րութեամբ պի­­­տի հասկնանք զար­­­գա­­­­­­­ցում եւ յա­­­ռաջըն­­­թացք։ Փո­­­խադար­­­ձա­­­­­­­բար խա­­­ւար շրջանն ալ պի­­­տի նշա­­­նակէ տեղ­­­քայլ, ետ­­­քայլ, նա­­­հանջ։ Ոչ լու­­­սա­­­­­­­ւոր, ոչ ալ խա­­­ւար շրջան­­­նե­­­­­­­րը յա­­­րատեւ են։ Անոնք միշտ իրենց մէջ կը սնու­­­ցեն, կը պատ­­­րաստեն հա­­­կառակ նե­­­րուժ մը, որու հե­­­տեւան­­­քով ալ կը խան­­­գա­­­­­­­րուի յա­­­րատե­­­ւու­­­թիւնը։ Վեր­­­ջին հա­­­շուով յաղ­­­թո­­­­­­­ղը միշտ զար­­­գա­­­­­­­ցումն է։ Բայց դէ­­­պի զար­­­գացման գա­­­ցող իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր քայ­­­լի ըն­­­թացքին կ՚ապ­­­րո­­­­­­­ւին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ետ­­­քայլեր, վե­­­րիվայ­­­րումներ, արիւ­­­նա­­­­­­­քամ ալե­­­կոծումներ։ Բնա­­­կան է այս երե­­­ւոյ­­­թը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ յա­­­ռաջըն­­­թաց ըսո­­­ւածը կը թե­­­լադ­­­րէ որոշ հա­­­մակար­­­գի մը քայ­­­քա­­­­­­­յու­­­մը։ Ան­­­շուշտ, որ այդ հա­­­մակար­­­գէն օգ­­­տուող­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի դի­­­մադ­­­րեն իրենց գո­­յու­­­թեան սպառ­­­նա­­­­­­­ցող զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մին։

Այ­­­սօր շա­­­տեր ապ­­­շած կը դի­­­տեն Թուրքիոյ մէջ իրա­­­ւական հա­­­մակար­­­գի հիմ­­­նա­­­­­­­յատակ կոր­­­ծանման պատ­­­կե­­­­­­­րը։ Քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ իրենց թո­­­քերու բո­­­լոր ու­­­ժով կը գո­­­ռան ու կը յայ­­­տա­­­­­­­րարեն, որ «Թուրքիա օրի­­­նաց եր­­­կիր է»։ Սա­­­կայն այդ պո­­­ռում կո­­­չու­­­մը ար­­­գելք չէ օրէն­­­քին, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան, իրա­­­ւագի­­­տու­­­թեան անխնայ կեր­­­պով ոտ­­­նա­­­­­­­կոխ ըլ­­­լա­­­­­­­լու երե­­­ւոյթնե­­­րուն։

Յե­­­տին նպա­­­տակ ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը այս ան­­­բա­­­­­­­րոյ ըն­­­թացքը կը վե­­­րագ­­­րեն ներ­­­կայ կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան, ձե­­­ւաց­­­նե­­­­­­­լով թէ նա­­­խապէս ամէն ինչ կար­­­գին էր եւ այս վեր­­­ջիննե­­­րուս իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնով, այդ կար­­­գը խան­­­գա­­­­­­­րուե­­­ցաւ։

Իրա­­­ւատես ակ­­­նարկու­­­մով մը կա­­­րելի է ըսել, որ այ­­­սօ­­­­­­­րուայ գոր­­­ծընթա­­­ցը հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեայ ան­­­ցեալ ու­­­նի։ Ներ­­­կայ պայ­­­մաննե­­­րու հետ­­­քե­­­­­­­րը մեզ կը տա­­­նին մին­­­չեւ հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հիմ­­­նարկու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն։ Թուրքիոյ հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւնը հիմ­­­նո­­­­­­­ւած է անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան վրայ։ Անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն՝ երկրի ժո­­­ղովուրդնե­­­րուն դէմ, անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն՝ մարդկու­­­թեան դէմ, անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն՝ բնու­­­թեան, հո­­­ղին, ջու­­­րին դէմ։ Բո­­­լոր այդ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու վրայ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւեցաւ ազ­­­գա­­­­­­­յին պե­­­տու­­­թիւն մը, որ իր կազ­­­մութիւ­­­նը ապա­­­հովե­­­լու հա­­­մար ոչնչա­­­ցուց զա­­­նազան ազ­­­գեր։

Այ­­­սօր կը դժգո­­­հինք դա­­­տական հա­­­մակար­­­գի անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թե­­­­­­­նէն։ Սա­­­կայն պահ մը իսկ չենք մտա­­­ծեր թէ, այդ հա­­­մակար­­­գը ար­­­դեօք ե՞րբ ար­­­դար գտնուեցաւ։ Յի­­­շենք Տէր­­­սի­­­­­­­մի կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րը։ Այդ ժա­­­մանակ ամ­­­բողջ տա­­­րածաշրջա­­­նի մը բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րը ապստամբներ հա­­­մարո­­­ւեցան եւ հա­­­լածո­­­ւեցան բա­­­նակի ու­­­ժով։ Տէր­­­սիմ բնա­­­կող­­­նե­­­­­­­րը զա­­­զա-ղը­­­զըլ­­­պաշներ էին, որոնք դուրս կը մնա­­­յին ազ­­­գա­­­­­­­յին պե­­­տու­­­թեան միատարր ազգ մը կեր­­­տե­­­­­­­լու հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րէն։ Սա­­­կայն այդ դէպ­­­քէն հա­­­զիւ 14 տա­­­րիներ առաջ այս ան­­­գամ Ռի­­­զէ քա­­­ղաքի մէջ պա­­­տահած­­­նե­­­­­­­րը դար­­­ձեալ իբեր ապստամ­­­բութիւն ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւեցան ժա­­­մանա­­­կի մա­­­մու­­­լի կող­­­մէ, իսկ եղա­­­ծը ի՞նչ էր։ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­դիր Մուսթա­­­ֆա Քե­­­մալ երկրի ժո­­­ղովուրդին կը պար­­­տադրէր արեւմտեան ոճով գլխարկ կրել։ Կ՚ար­­­գի­­­­­­­լուէին թէ աւան­­­դա­­­­­­­կան «ֆէս»ը եւ թէ մոլ­­­լա­­­­­­­ներուն կրած փաթ­­­թո­­­­­­­ցը։ Կարգ մը մոլ­­­լա­­­­­­­ներ ընդվզած էին նման պար­­­տադրան­­­քի մը դէմ, ըսե­­­լով որ ով ինչ կ՚ու­­­զէ թող հագ­­­նի, բայց մի մի­­­ջամ­­­տէք մեր աւան­­­դա­­­­­­­կան փաթ­­­թոցնե­­­րուն։ Այդ ժա­­­մանա­­­կուայ պայ­­­մաննե­­­րու մէջ այսքա­­­նը բա­­­ւարար էր, որ պե­­­տու­­­թիւնը այդ դժգո­­­հու­­­թիւնը ըն­­­դու­­­նի իբ­­­րեւ ապստամ­­­բութիւն պե­­­տական որո­­­շումնե­­­րուն դի­­­մաց եւ կա­­­խաղան հա­­­նէ առար­­­կութեան պա­­­րագ­­­լուխնե­­­րը։ Այստեղ ու­­­շագրաւ է, որ Ռի­­­զէի բնակ­­­չութիւ­­­նը կը բաղ­­­կա­­­­­­­նար աւե­­­լի քան 300 տա­­­րիէ ի վեր իս­­­լա­­­­­­­մու­­­թեան դա­­­ւանող եւ իրենց լեզ­­­կի, համ­­­շէ­­­­­­­նահայ, փոն­­­թե­­­­­­­ցի յոյն կամ վրա­­­ցի ուղղա­­­փառ ինքնու­­­թիւննե­­­րէն շե­­­ղելով թրքա­­­ցած զան­­­գո­­­­­­­ւածէ մը։

Այ­­­սօր ամէն առար­­­կութիւ­­­նը ահա­­­բեկ­­­չութիւն ըլ­­­լա­­­­­­­լով նկա­­­րագ­­­րող իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան փո­­­խարէն ան­­­ցեալին ալ ամե­­­նապարզ դժգո­­­հու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը ապստամ­­­բութիւն ըլ­­­լա­­­­­­­լով ըն­­­կա­­­­­­­լող մտայ­­­նութիւ­­­նը բնաւ տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն չու­­­նին իրար­­­մէ։ Ու­­­րեմն ներ­­­կայ կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան դէմ բո­­­ղոքե­­­լու ժա­­­մանակ պար­­­տա­­­­­­­ւոր ենք դիւ­­­րի­­­­­­­մացու­­­թիւննե­­­րէ խու­­­սա­­­­­­­փելու։ Այս երկրին մէջ ան­­­ցեալը մա­­­քուր չէր, որ ներ­­­կան ալ մա­­­քուր ըլլայ։

pakrates@yahoo.com