Յիշողութեան վայրի բացումը Ապրիլ 2019-ին

«Ակօս» թերթը եւ Հրանդ Տինք հիմնարկը 2015 թուականէն ի վեր կը գործեն նախկին Անարատ Յղութիւն վարժարանի շէնքին մէջ։ Իսկ թերթի նախկին խմբագրատունը կը պատրաստուի նոր դիմագիծով մը հանրութեան ծառայելու։ Ինչպէս ծանօթ է շատերուն «Ակօս» 1999-ին փոխադրուած էր Օսմանպէյի «Սեպաթ» անուն շէնքը, որուն մուտքին սպաննուած էր նաեւ թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք։ Այդ օրէն ի վեր Հրանդ Տինքի աշխատասենեակը պահպանուած է նոյնութեամբ եւ հիմա ան կը վերածուի յիշողութեան վայրի եւ պիտի յիշուի Տինքի յօդուածներէն ներշնչուած անուանումով մը՝ 23,5 Ապրիլ։

Նախաձեռնողները բծախնդիր են վայրի «Ակօս»ի որդեգրած առաքելութիւն նկարագրող դիմագիծով մը ներկայանալուն։ Այս մասին մասնագիտական աշխատանքներ կը կատարուին։ Կը նախատեսուի, թէ ան սահմանուած չըլլայ լոկ թանգարանային ընկալումով մը եւ ծառայէ զանազան միջոցառումներու։ Յիշողութեան վայրի բացումի համար կը նախատեսուի 2019-ի Ապրիլ ամիսը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ