Հայաստանի արդի արուեստը Հրանդ Տինք հիմնարկի օրակարգին

Հրանդ Տինք հիմնարկը կը կազմակերպէ «Հայաստանի արդի գեղարուեստը» խորագրեալ բանախօսութիւններու շարք մը։ 7 Դեկտեմբեր ուրբաթ երեկոյ կայանալիք առաջին նիստին ելոյթ կ՚ունենայ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Գեղարուեստի պատմութեան դասախօս Անժէլա Յարութիւնեան։ Յարութիւնեանի նիւթն է «Սովետէն ձերբազատուիլ, Հայաստանէ ներս արդի գեղարուեստի վերածնուած ուրուականները եւ կենդանի հերոսները»։ 11 Դեկտեմբեր երեքշաբթի, Երեւանի Սերկէյ Փարաճանովի անուան թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան եւ արուեստագէտ Սարգիս 12 Դեկտեմբերին Փերա թանգարանին մէջ կայանալիք «Փարաճանով- Սարգիս» ցուցահանդէսի ընդառաջ, ելոյթ պիտի ունենան անուանի կինօ-ռէյիսոր Փարաճանովի մասին։ 21 Դեկտեմբեր ուրբաթ երեկոյ պիտի բանախօսէ Ռուբէն Մալայեան, նիւթ ունենալով հայկական գեղագրութեան անցեալը, ներկան եւ ապագան։

Բանախօսութիւնները տեղի պիտի ունենայ Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ ժամը 18.30-ին։ Բանախօսութիւններուն պիտի յաջորդէ Մալայեանի Հայ գեղագրութեան աշխատանոցը 22 Դեկտեմբեր շաբաթ օր։ Այս միջոցառումի մասնակցութիւնը սահմանուած է 20 հոգիով, հետեւաբար հետաքրքիրներէն կը պահանջուի արձանագրուիլ մինչեւ 14 Դեկտեմբեր։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ