Հայաստան Ազգային ժողովի ընտրութեան շեմին

Քանի մը օր ետք յա­ռաջի­կայ կի­րակի կը կա­տարո­ւի Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղովի պատ­գա­մաւոր­նե­րու ընտրու­թիւննե­րը։ Բո­վան­դակ եր­կի­րը ար­դէն մատ­նուած է նախընտրա­կան շրջա­նի յա­տուկ երե­ւոյ­թի։ 11 կու­սակցու­թիւննե­րու մաս­նակցու­թիւնով կա­յանա­լիք ընտրու­թիւննե­րուն նա­խորդ իշ­խա­նու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող Հան­րա­պետա­կան­նե­րը իրենց քա­րոզար­շա­ւը հիմ­նա­ւորած են Փա­շինեանի վար­չա­պետու­թեան երկրին հա­մար փոր­ձանք մը ըլ­լա­լու պնդու­մին վրայ։ Իսկ Փա­շինեան ամե­նուրէք կը պատ­մէ, թէ Հան­րա­պետա­կան­նե­րը վերջնա­կանա­պէս կը հե­ռանան քա­ղաքա­կանու­թեան դաշ­տէն։ Փա­շինեան վեր­ջերս իր քա­րոզար­շա­ւը կը տա­նի հան­րա­յին փո­խադ­րա­միջոց­նե­րու մէջ։ Ժո­ղովուրդի ընդհա­նուր հա­մոզու­մը կը կա­յանայ այն հաս­տա­տու­մով, թէ ընտրու­թեան մաս­նակցու­թիւնը շատ բարձր հա­մեմա­տու­թիւնով պի­տի իրա­կանա­նայ։

Փա­շինեանի խմբա­կը յաղ­թա­հարած կ՚երե­ւի Հան­րա­պետա­կան­նե­րուն օրա­կար­գի բե­րած Ռու­սիոյ դաշ­նութեան հետ լա­րուած յա­րաբե­րու­թիւննե­րու խնդի­րը։ Մոս­կո­վեան հան­դի­պումնե­րէն ետք կող­մե­րը մա­մու­լին յայտնե­ցին իրենց գո­հու­նա­կու­թիւնը։ Հեր­քո­ւեցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նին «Հա­ւաքա­կան անվտան­գութեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պութիւն» (ՀԱՊԿ)-է դուրս գա­լու շշուկնե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րի գոր­ծա­կատար Դա­ւիթ Տո­նոյեան լրագ­րողնե­րուն յայտնեց, թէ Հա­յաս­տա­նի ՀԱՊԿ-է դուրս գա­լը օրա­կար­գի վրայ չէ։

5 Դեկ­տեմբե­րին Հա­յաս­տա­նի Արտ. գործ նա­խարա­րի պաշ­տօ­նակա­տար Զոհ­րապ Մնա­ցակա­նեանի Ատրպէյ­ճա­նի Արտ. Գործ նա­խարար Էլ­մար Մա­մետ­յա­րովի հետ Մի­լանո­յի մէջ հան­դի­պու­մը կրկին ան­գամ օրա­կար­գի բե­րաւ Ղա­րաբա­ղեան հիմ­նա­հար­ցի կար­գադրու­թեան մէջ յա­ռաջըն­թա­ցի մը հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Նշենք, որ Մա­մետ­յա­րով, Մնա­ցակա­նեան հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի Միս­կեան խմբա­կի հա­մանա­խագահ­նե­րու միջ­նորդու­թեամբ։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան օրո­ւայ առ­թիւ ԱՄՆ նա­խագահ Թրամ­բի շնոր­հա­ւորա­կան պատ­գա­մին մէջ յոյ­սեր փո­խան­ցո­ւած էին Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի խնդրի խա­ղաղ պայ­մաննե­րով լուծման հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ