Նոր Տարուայ շեմին այցելենք բազմաթիւ քերմէսներ

Պոլսոյ մէջ Նոր Տարուայ շեմին անհամբեր կը սպասուի ձիւնը։ Երբ ձիւնը ուշանայ անհամբերութիւնը եւ սրտնեղութիւնը արտակարգօրէն կը զգայ պոլսեցին։ Ձիւնը համերաշխօրէն սերտ կապերով կը կապէ մարդիկ եւ Նոր Տարին։ Դեկտեմբերի կէսին հասած այս օրերուս Ծնունդի զանգակները աւելի ուժեղ կը ղօղանջեն այլեւս։ Դպրոցները, եկեղեցիները Նոր Տարուայ քերմէսներու աշխատութիւն կը տանին։ Շաբթուայ տարբեր օրերուն տիկնանց կազմերը զանազան առիթներով կը միանան եւ կը շէնցնեն բազմաթիւ սրահներ։ Կաղանդի կախարդական ոգին կը տեսնենք անոնց մէջ։ Պարիկի մը նման կը պատրաստեն բազմաթիւ նուէրներ, շքեղ պաճուճներ, մոմեր եւ այլ զանազան պարգեւներ։

Նոր Տարուայ ոգին տալն է։ Տալ՝ առանց բան մը սպասելու ջանք տալ, ուժ վատնել, օրն ի բուն աշխատել յանուն մարդկանց ի օգուտ։ Եկէ՛ք միանանք անոնց այս զարդարուն աշխարհին եւ զգանք Նոր Տարուայ ոգին, քերմէսներ այցելենք զանազան եւ ումպ մը ըմպենք անոնց լիովին պատրաստած ջերմ սէրի բաժակներէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ