«Ոչ ոք լուրջի կ՚առնէ ուրացողները, լմնցած են»

Օրթագիւղի Լուսաւորիչ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ նախորդ շաբաթավերջին կայացող բանախօսութեան մասնակիցներէն էր անուանի պատմաբան Ռայմոնտ Գէորգեան։ Թերթիս նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Գէորգեանի զեկոյցին։ Իսկ այս շաբաթ ներ ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք իր հետ «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ մեր ունեցած զրոյցը։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

Եդուարդ Տան­­ձի­­­կեան- Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին ամե­­նածա­­ւալուն գոր­­ծե­­­րէն մէ­­կը դուք հե­­ղինա­­կած էք։ Այ­­սօր այս նիւ­­թի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը ո՞ւր հա­­սած է։

Կա­­րելի է ըսել, որ այս վեր­­ջին քսան տա­­րինե­­րուն հիմ­­քե­­­րը դրած ենք ակա­­դէմա­­կան դպրո­­ցի մը։ 1920-ական թո­ւական­­նե­­­րէն սկսած պա­­տումնե­­րը այ­­սօր շատ կա­­րեւոր աղ­­բիւր մը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանան։ Անոնք նա­­խապէս հա­­ւաքո­­ւած էին Պոլ­­սոյ պատ­­րիար­­քա­­­րանին մէջ, իսկ այժմ կը գտնո­­ւին Երու­­սա­­­ղէմ։ 1921-22-ին ար­­դէն այս մա­­սին բա­­ւական տո­­ւեալ­­ներ հա­­ւաքո­­ւած էին, բայց այդ սե­­րունդին եւ մեր մի­­ջեւ կա­­րեւոր ընդհա­­տում մը ապ­­րո­­­ւեցաւ։ Մենք հի­­մա այդ կապն է, որ վե­­րահաս­­տա­­­տեցինք։

Եր­­կու եղա­­նակով կա­­րելի է աշ­­խա­­­տիլ։ Ես որ­­դեգրած եմ միք­­րօ պատ­­մութիւննե­­րով ամ­­բողջա­­կանու­­թիւնը տես­­նել։ Մինչդեռ Վա­­հագն Տատ­­րեան ամ­­բողջո­­վին մեր­­ժած էր այս եղա­­նակը։ Երեք հիմ­­նա­­­կան բա­­ժին կա­­րելի է դի­­տել։ Առա­­ջինը դէպ­­քե­­­րու ընդմէջ, այ­­սինքն 1917-21-ի մի­­ջեւ հա­­ւաքո­­ւած­­նե­­­րը։ Կայ Պոլ­­սոյ պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ կու­­տա­­­կուած նիւ­­թե­­­րը, որոնք Ալ­­պո­­­յաճեանը եւ Նու­­րեանը հա­­ւաքած էին։ 800-900 նիւ­­թեր կան, որոնք կը վե­­րաբե­­րին արեւմտեան, Փոքր Ասիոյ։

Երկրորդ բա­­ժինը Ան­­տո­­­նեանի հա­­ւաքած­­ներն են, որոնք կայ­­քե­­­րու, կա­­յարան­­նե­­­րու, Սու­­րիոյ, Մե­­զոփո­­թամիոյ, Խար­­բերդ, Սե­­բաս­­տիա եւ այլն խո­­շոր թղթած­­րարներ են։

Եր­­րորդը Կով­­կասն է։ Կով­­կա­­­սի բաժ­­նին հիմ­­քը դնող­­նե­­­րը եր­­կու հո­­գի են, Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեան եւ Զա­­պէլ Եսաեան։

Վե­­րապ­­րո­­­ղի յի­­շողու­­թեան յե­­նարա­­նը շատ կա­­րեւոր է։ Ընդհան­­րա­­­պէս դի­­տուած էր, իբ­­րեւ զո­­հի ներ­­կա­­­յացում։ Սա բա­­ւական ժխտա­­կան նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։ Օրի­­նակ մը ըլ­­լա­­­լով ըսեմ՝ երբ կա­­րաւան մը ճամ­­բայ պի­­տի ել­­լէ հիւ­­պա­­­տոսա­­կան աղ­­բիւրնե­­րով կրնաք իմա­­նալ, թէ ինչպէս ճամ­­բայ ելած է։ Երբ կա­­րաւա­­նի մէջն էք եւ կը տես­­նէք թէ ին­­չեր կը պա­­տահին ճամ­­բու տե­­ւողու­­թեամբ, բո­­լորո­­վին ու­­րիշ նշա­­նակու­­թիւն է։ Սու­­րիոյ մէջ կամ Եփ­­րա­­­տի եզ­­րով անցնող ճամ­­բուն վրայ պա­­տահած­­նե­­­րը հասկնա­­լու հա­­մար պար­­տա­­­ւոր էք վե­­րապ­­րո­­­ղի մը յի­­շած­­նե­­­րը լսե­­լու։ Ու­­րեմն ասի­­կա, որ­­պէս նա­­խաբան ընդգծենք, որ տե­­սան­­կիւնի հարց մը ու­­նինք։

Թա­­լին Սու­­ճիեանը եւ Լեր­­նա Էք­­մեքճիօղ­­լուն՝ եր­­կու պոլ­­սա­­­հայ կի­­ներ յի­­շողու­­թեան մա­­սին, որ­­բա­­­նոց­­նե­­­րու, կի­­ներու ապաս­­տաննե­­րու ապ­­րումնե­­րը, թէ հո­­գեբա­­նական եւ թէ ըն­­կե­­­րային, քա­­ղաքա­­գիտա­­կան, մար­­դա­­­բանա­­կան կող­­մե­­­րով ու­­սումնա­­սիրած են։ Աղ­­ջիկնե­­րու եւ ման­­չե­­­րու ան­­ջատ որ­­բա­­­նոց­­ներ կան։ Որոշ տա­­րիքի հաս­­նող որ­­բե­­­րը կ՚ամուսնաց­­նէին իրար հետ։ Լու­­սանկար մը տե­­սած եմ, որ շատ տպա­­ւորիչ է։ Հա­­ւաքա­­կան պսա­­կադ­­րութեան մը մա­­սին է այդ նկա­­րը։ Միք­­րօ պատ­­մութիւ­­նը չենք կրնար ան­­տե­­­սել, քա­­նի որ տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կուի։ Այս նիւ­­թը, թէ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ հետզհե­­տէ Հա­­յաս­­տա­­­նէ ներս ու­­շադրու­­թեան առար­­կայ կը դառ­­նայ։ Նաեւ կայ ար­­խիւնե­­րու խնդի­­րը։ Մին­­չեւ մօտ ան­­ցեալ միայն որոշ հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու խումբին պատ­­կա­­­նող այս նիւ­­թը հի­­մա սկսած է մեր տու­­նե­­­րէն ներս ալ թա­­փան­­ցել։ Ու­­զո­­­ղը ին­­թերնե­­թի մի­­ջոցաւ ահա­­գին գի­­տելիք­­նե­­­րու կրնայ հաս­­նիլ։

 

Ե.Տ.- Նոր աշ­­խա­­­տան­­քի մը սկսա՞ծ էք։ Ծրա­­գիր մը կա՞յ ձեր սե­­ղանին վրայ։

Նոր աւար­­տած աշ­­խա­­­տու­­թեան մը մա­­սին պէտք է խօ­­սիմ, որ ըրած ենք Պերքլէ­­յի հա­­մալ­­սա­­­րանի փրո­­ֆեսոր­­նե­­­րէն Ստե­­փան Աս­­տուրեանի հետ։ Փոր­­ձե­­­ցինք հիմ­­նո­­­ւելով մեր անձնա­­կան փոր­­ձին վրայ բռնու­­թեան զար­­գա­­­ցու­­մը Թուրքիոյ մէջ Ի. դա­­րուն։ Պի­­տի նկա­­տենք, որ 1934-ին Թրա­­քիոյ հրեանե­­րու վրայ բռնու­­թիւններ եղած են եւ ապա 1955-ին յոյ­­նե­­­րու վրայ նոյնպէս։ Ալե­­ւինե­­րու պա­­րագան 30-ական­­նե­­­րուն եւ աւե­­լի վերջ, քիւրտե­­րու օրի­­նակը ու հի­­մա կիւ­­լե­­­նիստնե­­րու շար­­ժումին վե­­րաբե­­րեալ։ Ու­­րեմն մէ­­կ բա­­ռով կա­­րելի է ամ­­փո­­­փել՝ մշտա­­կան ներ­­քին թշնա­­մի մը ստեղ­­ծե­­­լու հո­­գեբա­­նական անհրա­­ժեշ­­տութիւն մը կայ։ Ասի­­կա է, որ փոր­­ձե­­­ցինք վեր­­լուծել 15 հե­­ղինակ­­նե­­­րով, որոնք են ամե­­րիկա­­ցի, գեր­­մա­­­նացի, ֆրան­­սա­­­ցի եւ զա­­նազան ազ­­գութիւննե­­րէ, ընդհան­­րա­­­պէս թրքա­­գէտ­­ներ։ Հե­­տաքրքրա­­կան ար­­դիւնք եղաւ, որը կը տես­­նենք գալ տա­­րի։ Ասի­­կա ու­­րեմն ան­­ցեալ է ին­­ծի հա­­մար։ Հի­­մա սկսած եմ աշ­­խա­­­տիլ յետ պա­­տերազ­­մեան շրջա­­նի վե­­րաբե­­րեալ։ Անոնց ալ նիւ­­թե­­­րը հա­­ւաքած եմ եւ հի­­մա պի­­տի լծո­­ւիմ խմբագ­­րե­­­լու։ Վե­­րապ­­րողնե­­րու վե­­րադար­­ձը Սե­­բաս­­տիայէն դէ­­պի Պո­­լիս դար­­ձեալ նիւթ մըն է ին­­ծի հա­­մար։ Այս մա­­սին ճշգրիտ վի­­ճակագ­­րութիւններ ու­­նինք գիւ­­ղէ գիւղ։ Քա­­նի բնակ­­չութիւն կար պա­­տերազ­­մէն առաջ եւ քա­­նին վե­­րադար­­ձաւ։ Վե­­րադար­­ձին տեղ­­ւոյն վրայ ծա­­գած հար­­ցե­­­րու մա­­սին, օրի­­նակի հա­­մար սե­­փական տու­­նը գտնե­­լու խնդրին մէջ, քա­­նի որ հոն բնա­­կող­­ներ կա­­յին։ Ասի­­կա մէկ բա­­ժինն է միայն, որուն հիմ­­քը կազ­­մեց Երու­­սա­­­ղէմ գտնո­­ւող Պոլ­­սոյ պատ­­րիար­­քա­­­րանի փաս­­տա­­­թուղթե­­րը։ Երկրորդ բա­­ժին մըն ալ հիմ­­նո­­­ւած է անգլիական եւ ֆրան­­սա­­­կան ծա­­ռայու­­թիւննե­­րու ար­­խիւնե­­րուն վրայ։ Քե­­մալի քա­­ղաքա­­կան պատ­­մագրու­­թիւնը բո­­լորո­­վին պէտք է վե­­րանա­­յիլ, հասկնա­­լու հա­­մար թէ երիտ­­թուրքե­­րը ինչքա­­նով տա­­կաւին դեր կը խա­­ղային։

 

Բագ­­րատ Էս­­դուգեան- Քիչ առաջ ակ­­նարկած էիք 15 մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րով կա­­տարո­­ւած հա­­ւաքա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թեան մա­­սին։ Անոնց մէջ թուրք պատ­­մա­­­բան­­ներ ալ կա՞ն։

Կան եր­­կու թուրք եւ մէկ քիւրտ մաս­­նա­­­գէտ։

Բ.Է.- Ինչպէ՞ս կը գնա­­հատէք իրենց հե­­տաքրքրու­­թիւնը։

Շատ դրա­­կան։ Միշտ կա­­պի մէջ ենք եւ գիտ­­նա­­­կանի պա­­տաս­­խա­­­նատուութեամբ հարց չկայ մեր մի­­ջեւ։ Լուրջ են, լաւ գործ կը տա­­նին եւ վերջ։ Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն մտա­­հոգիչ երե­­ւոյթ մը կար, որ նոր հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րը ընդհան­­րա­­­պէս Թուրքիայէն էին։ Ծա­­գու­­մով հա­­յերը քիչ էին։ Մա­­նաւանդ մտա­­հոգիչ էր, երբ Հա­­յաս­­տա­­­նէն եկող­­նե­­­րը քիչ էին։

Հա­­մոզո­­ւած եմ, թէ մեր առ­­ջեւ երե­­սուն տա­­րի ու­­նինք, ուր հե­­տաքրքրա­­կան զար­­գա­­­ցումներ պի­­տի տես­­նենք։ Սա պա­­հուս կա­­րելի չէ ար­­դիւնքնե­­րը կան­­խա­­­տեսել, բայց կը խոր­­հիմ, թէ դրա­­կան պի­­տի ըլ­­լան։ Վստահ եմ, որ Թուրքիոյ հան­­րա­­­յին կար­­ծի­­­քը սնունդ պի­­տի առ­­նէ այս նոր հո­­սան­­քէն։

 

Ե.Տ.- Ճիշդ ալ այս հարցնել պի­­տի ու­­զէի, դուրսէն դի­­տելով Թուրքիոյ հան­­րա­­­յին կար­­ծի­­­քի ու­­շադրու­­թիւնը ինչպէ՞ս կը գտնէք։ Քա­­նի մը տա­­րի առաջ Ռե­­ճեփ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղան պատ­­գամ մը հրա­­պարա­­կեց ի նպաստ հա­­յերուն։ Վեր­­ջին երեք տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին այդ գի­­ծը պա­­հուա՞ծ է, թէ ոչ ետ­­քայլ ըրած։

Կայ ակա­­դէմիկ մա­­կար­­դա­­­կը եւ կայ քա­­ղաքա­­կան մա­­կար­­դա­­­կը։ ակա­­դէմիկ գետ­­նի վրայ այ­­լեւս լուրջ հե­­տազօ­­տող մը չի կրնար ժխտել։ Միայն քանի մը հո­­գի մնա­­ցին Ամե­­րիկա­­յի մէջ, որոնք գի­­տական հա­­ւաքոյթնե­­րու չեն հրա­­ւիրո­­ւիր։ Լմնցած են այ­­սինքն։ Կա­­րեւո­­րագոյն թրքա­­գէտ­­նե­­­րը Էրիխ Եան­­ Զուշներ կամ Հա­­միտ Պո­­զարսլան եւ այլն ամ­­բողջ նոր սե­­րունդը հաս­­ցուցին։ Ասոնք ար­­դէն յստակ դիրք բռնած են եւ այ­­լեւս մէ­­կը չի հա­­մար­­ձա­­­կիր։ Ասի­­կա ակա­­դէմիկ երե­­սակն է։ Ին­­ծի հա­­մար անձնա­­պէս բա­­ւարա­­րու­­թիւն մըն է, քա­­նի որ 30 տա­­րի կրե­­ցի թրքա­­գէտ­­նե­­­րու ար­­հա­­­մար­­հանքը։

Քա­­ղաքա­­կան մա­­կար­­դա­­­կի վրայ, ան­­կեղծ ըլ­­լա­­­լու հա­­մար չեմ կրնար բան մը ըսել։ Բայց ամէն ան­­գամ, որ ար­­ձա­­­գանգ մը որ կայ, սահ­­մա­­­նափակ պատ­­րո­­­ւակ­­ներ են, որ կը գոր­­ծա­­­ծեն ու գրե­­թէ ծի­­ծաղե­­լի կը դառ­­նայ։ Վստահ եմ, որ դի­­ւանա­­գէտ­­նե­­­րը իսկ կը ծի­­ծաղեն։ Գի­­տեն որ ու­­րիշ հար­­ցե­­­րու հետ, հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­քե­­­րուն հետ կա­­պուած է այս հար­­ցե­­­րը։

 

Ե.Տ.- Շնոր­­հա­­­կալ ենք պա­­տաս­­խաննե­­րու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ