ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՓՈՂՈՑ

Սա­յաթ-Նո­­վան չքնա­­ցաւ։ Երե­­ւանի այս շքեղ ու լայն փո­­ղոցի վրայ լու­­սա­­­բացը ար­­թուն աչ­­քե­­­րով դի­­մաւո­­րեցին մեր պան­­դո­­­կի առ­­ջեւ յա­­ճախորդ սպա­­սող վա­­րորդնե­­րը, որոնք երաժշտու­­թիւն լսե­­լով կամ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն խօ­­սելով հսկեր են գի­­շերո­­ւան։ Փո­­ղոցի առա­­ջին ձայ­­նե­­­րը, հե­­տիոտ­­նե­­­րէն եւ փո­­խադ­­րա­­­միջոց­­նե­­­րէն շատ առաջ, ծի­­ծեռ­­նակնե­­րէն կու գայ։ Անոնք շէն­­քե­­­րու վրայ օղակ­­ներ գծե­­լով իրենց առա­­ւօտեան պա­­րը կը պա­­րեն։ Այդ խա­­ղաղ ժա­­մը լա­­ւագոյնն է մայ­­րա­­­քաղա­­քի փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ քա­­լելու, ճար­­տա­­­րապե­­տական ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ լու­­սանկա­­րելու եւ մի­­ջոցին՝ «փո­­ղոց» բա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը մտա­­բերե­­լու հա­­մար։

Հինգ աշա­­կերտ իջած է այս վաղ առա­­ւօտեան ար­­շա­­­ւին. Փա­­թիլը, Ալի­­քը, Սա­­րինը, Նա­­րեկը եւ Ծո­­վակը։ Մէ­­կը որո­­շած է պա­­տու­­հաններ լու­­սանկա­­րել, մէ­­կը փո­­ղոց­­նե­­­րու անուններ, իսկ միւսնե­­րը խա­­նութներ եւ խա­­նութպան­­ներ։ Նախ կ՚ուղղո­­ւինք Սա­­յաթ-Նո­­վայէն դէ­­պի ձախ, դէ­­պի Չա­­րենց։

Գի­­տենք, թէ այս փո­­ղոց­­նե­­­րուն հե­­ղինակն է ճար­­տա­­­րապետ Ալեք­­սանդր Թա­­մանեանը եւ հա­­յոց նո­­րագոյն մայ­­րա­­­քաղա­­քը բո­­լորի ան­­ցեալի մա­­սին ու­­նի փայ­­լուն եւ ճշգրիտ յի­­շողու­­թիւն։ Մինչդեռ, «փո­­ղոց» բա­­ռը այնքան բախ­­տա­­­ւոր չէ եղած։ Ար­­մատն է մեր հնա­­գոյն բա­­ռերէն «փող»ը, ան, որ ամե­­նահին հայ­­կա­­­կան բա­­նաս­­տեղծու­­թեան, «Վա­­հագ­­նի ծնունդը»ի մէջ էր։ Դժբախ­­տա­­­բար, «փող» բա­­ռին ծա­­գու­­մը ստու­­գա­­­բան­­նե­­­րուն, բա­­ռարա­­նագէտ­­նե­­­րուն եւ լե­­զուա­­բան­­նե­­­րուն ան­­ծա­­­նօթ է։ Բայց ին­­չո՞ւ միշտ հարցնել անոնց, երբ կան բա­­նաս­­տեղծներ։ Անոնք եր­­կու տո­­ղով կը յա­­ջողին նման հար­­ցեր լու­­ծել։ Մէ­­կը Զահ­­րատն է։ Ան մե­­զի սոր­­վե­­­ցուց, թէ ինչպէս ծնաւ «փո­­ղոց»ը։

Երբ եր­­կու կող­­մը շէն­­քեր շի­­նեցին

Փո­­ղոցը ծնաւ։

«Մար­­դու միս» կո­­չուած այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ փո­­ղոցը, ծնած օրէն իսկ ու­­նե­­­ցաւ ինքնավստա­­հու­­թիւն.

Մեծ էին շէն­­քերն - այնպէս հո­­յակապ - որ երբ հար­­ցուցին

Փո­­ղոց չեմ ըսաւ - պո­­ղոտայ եմ ես

Նալ­­պանտեանի ան­­կիւնը ու­­նի պուլպու­­լակ։ Կանգ կ՚առ­­նենք թէ՛ ջուր խմե­­լու, եւ թէ՝ բնա­­կարա­­նի մը պա­­տէն վեր բարձրա­­ցած որ­­թա­­­տունկը լու­­սանկա­­րելու հա­­մար։ Յա­­ջորդ խաչ­­մե­­­րու­­կը Խան­­ճեան փո­­ղոցն է։

Եթէ ամէն մէկ շէն­­քով կ՚եր­­կա­­­րէր փո­­ղոցը, նոյնպէս ալ ամէն մէկ մաս­­նի­­­կով կ՚ըն­­դարձա­­կի «փո­­ղոց» բառ ըն­­տա­­­նիքը։ Պէտք է ըն­­դունիլ, որ ամէն մէ­­կը ու­­նի նկա­­րագի­­րի մարդկա­­յին գի­­ծեր. Ան որ հպարտ է իր խո­­շոր կազ­­մով՝ լայ­­նա­­­փողոց է, հա­­մես­­տը՝ նե­­ղափո­­ղոց, պճնա­­սէրը՝ նրբա­­փողոց (այս մէ­­կը կա­­րելի է նաեւ նկա­­տել քա­­ղաքա­­կիր­­թը), ար­­ծա­­­թասէ­­րը՝ վա­­ճառա­­փողոց, ռա­­միկը՝ մի­­ջափո­­ղոց, արո­­ւես­­տա­­­սէրը՝ փո­­ղոցա­­յար­­դար, հե­­տաքրքրա­­մոլը՝ փո­­ղոցա­­հայեաց, իսկ կռո­­ւազա­­նը, ամե­­նէն փո­­ղոցա­­յինը եւ փո­­ղոցա­­բերա­­նը՝ փո­­ղոցա­­մարտ։ Դուք հի­­մա կ՚ու­­զէք հա­­յերէ­­նի ամե­­նաեր­­կար «փո­­ղոց»ը լսել։ Իրա­­ւունք ու­­նիք։ Եր­­կու բառ ար­­ժա­­­նի են այդ պա­­տիւին. փո­­ղոցա­­շինա­­րարա­­կան եւ փո­­ղոցա­­շինա­­րարու­­թիւն։

Երբ կը զար­­գա­­­նար քա­­ղաքա­­շինու­­թիւնը Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կը զար­­գա­­­նար նաեւ «փո­­ղոց» բա­­ռի տա­­րողու­­թիւնը։ Պատ­­մութիւ­­նը կը յի­­շէ, թէ Անի մայ­­րա­­­քաղա­­քը ու­­նէր համ­­քարնե­­րու հա­­մար յա­­տուկ փո­­ղոց­­ներ, ուր կեդ­­րո­­­նացեր են որոշ ար­­հեստա­­նոց­­ներ, ինչպէս՝ բազզնո­­ցը եւ սա­­ռաճ­­փո­­­ղոցը։ Առա­­ջինը ջուլհակ­­նե­­­րու փո­­ղոցն է եղած, իսկ երկրոր­­դը՝ թամ­­բա­­­գոր­­ծե­­­րու։ Գո­­յացան նաեւ փո­­ղոցի հնա­­գոյն ձե­­ւաւո­­րումներ. «մանր փո­­ղոց» եւ «փո­­ղոցք վա­­ճառաց»։ Ու­­նե­­­ցանք նաեւ «ներ­­թա­­­ղամա­­սային», «գլխա­­ւոր», «առափ­­նեայ», «ստոր­­գետնեայ» եւ «բեռ­­նա­­­տար եր­­թե­­­ւեկու­­թեան» փո­­ղոց­­ներ։

Փո­­ղոց­­նե­­­րը եր­­բեմն եղան անան­­ցե­­­լի, աւա­­զակ­­ներ յայտնո­­ւեցան այդ քա­­րաշէն փո­­ղի եր­­կու ծայ­­րե­­­րը։ Ուստի, ծնունդ առին հա­­մապա­­տաս­­խան ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «փո­­ղոց կտրել», «փո­­ղոց թո­­ղուլ», «փո­­ղոց տալ»։ Աշ­­խարհա­­բարը ու­­նի պատ­­կե­­­րալից դար­­ձո­­­ւածքներ. «փո­­ղոց շպրտել, կամ՝ նե­­տել» տու­­նէն վտա­­րել, անօ­­թեւան ձգել, «փո­­ղոց­­նե­­­րը չա­­փել» ան­­գործ պտը­­տիլ, «փո­­ղոց իյ­­նալ» ան­­տէր մնալ, ան­­գործ մնալ, կամ՝ վատ բար­­քի տէր դառ­­նալ, «փո­­ղոցի աւ­­լուք» ըն­­կե­­­ցիկ։ Փո­­ղոցը նշա­­նակեց նաեւ կարգ ու կա­­նոնէն զուրկ մի­­ջավայր ու ըսինք. «Այս հաս­­տա­­­տու­­թիւնը փո­­ղոց դար­­ձուցած էք»։ Փո­­ղոցը նաեւ գռե­­հիկու­­թեան եւ ան­­պարկեշ­­տութեան մի­­ջավայր էր, եւ վախ­­ցանք, որ «փո­­ղոցի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը» մեր երե­­խանե­­րուն վրայ պի­­տի ազ­­դէ։ Ին­­չո՞ւ զար­­մա­­­նալ այդ բո­­լորին, երբ մեր նո­­րագոյն լե­­զուն ծնունդն է հա­­սարակ մար­­դոց։ Ուստի, աշ­­խարհա­­բարը լաւ գի­­տէ փո­­ղոցի կեանքն ու տրա­­մադ­­րութիւննե­­րը։ Պէտք է կրկին յի­­շել Զահ­­րա­­­տը եւ անոր «փո­­ղոց­­ներ չա­­փող» ու բազ­­մա­­­մարդ փո­­ղոց­­նե­­­րու մէջ մե­­կու­­սա­­­ցած Կի­­կօն, ան, որ շատ կը վախ­­նար Պոլ­­սոյ «Ահ­­մետ էֆէն­­տի» փո­­ղոցէն.

Կի­­կօ կը վախ­­նայ Ահ­­մետ Էֆէն­­տի փո­­ղոցէն անցնե­­լու

Ահ­­մետ Էֆէն­­տի փո­­ղոցը մութ է

Մու­­թին համ­­բուրո­­ւող զոյ­­գեր կան

Փո­­ղոցը չկար­­ծէք, թէ գիր ու գրա­­կանու­­թե­­­նէ զուրկ էր։ 20-րդ դա­­րու սկզբին շատ ջանք թա­­փեց, որ իր փո­­ղոցա­­յին վի­­ճակ­­նե­­­րէն դուրս ել­­լէ ու քա­­լել սոր­­վի, քա­­ղաքա­­կիրթ դառ­­նայ։ Ապա­­ցո՞յցը։ 30-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն Երե­­ւանի մէջ լոյս տե­­սած եր­­կու գիր­­քեր. «Կա­­նոն­­ներ փո­­ղոցա­­յին շարժման մա­­սին» եւ «Պրտա­­դիր վո­­րոշում N 3 ։ Յե­­րեւան քա­­ղաքի փո­­ղոց­­նե­­­րում յեր­­թե­­­ւեկու­­թիւնը կա­­նոնա­­ւորե­­լու մա­­սին»։ Փո­­ղոցը ցոյց սկսաւ տալ նաեւ գրա­­կան ձիր­­քեր։ Ան նիւթ դար­­ձաւ վէ­­պերու եւ բա­­նաս­­տեղծա­­կան ժո­­ղովա­­ծու­­նե­­­րու. «Պրո­­լետա­­րիատը գի­­տէ ; Պայ­­քար փո­­ղոցի հա­­մար», «Տա­­յեան Գէորգ պէյ կամ պատ­­րիար­­քա­­­րանի փո­­ղոցին բնա­­կիչ­­նե­­­րը», «Փո­­ղոցը։ Ար­­ձակ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ», Փա­­րիզի փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէ­­ջէ եւ «Քովնտի փո­­ղոց»։

Բո­­լորս ու­­նինք մեր ծնած, մեր ապ­­րած, մեր սի­­րած փո­­ղոցի յի­­շատակ մը։ Եւ, ին­­չո՞ւ է, որ երա­­նու­­թեամբ կը յի­­շուին անոնք։ Փո­­ղո՞ցն է մի­­թէ պատ­­ճա­­­ռը- բա­­նուկ խո­­ղովակ մը եր­­կու շարք տու­­նե­­­րու մի­­ջան­­կեալ։ Պոլ­­սոյ յատ­­կանշա­­կան են եղած շրջուն փո­­կեղա­­վաճա­­ռը (կամ եգիպ­­տա­­­ցորե­­նի), թութ, կան­­կառ եւ մա­­ծուն ծա­­խողը, կաթ բե­­րողը... Մայ­­թե­­­րու վրայ միշտ ներ­­կայ են բամ­­բա­­­սող պա­­ռաւ­­նե­­­րը եւ հոն է նաեւ հաւ­­նա­­­ծիդ պա­­տու­­հա­­­նը։ Իսկ Երե­­ւանի 164 փո­­ղոց­­նե­­­րը, Աբե­­լեանէն մին­­չեւ Ֆրիկ, ու­­նին տար­­բեր բոյր։ Թէեւ, այս ժա­­մուն չկան գնդակ խա­­ղացող երե­­խաներ եւ ճատ­­րակ խա­­ղացող մեծ հայ­­րեր, բայց կայ լա­­ւաշը եւ սկսեր են բա­­ցուիլ ծաղ­­կա­­­վաճառ­­նե­­­րը։ Այո, մայ­­րա­­­քաղա­­քի ամե­­նագու­­նա­­­ւոր պատ­­կե­­­րը՝ ամէն փո­­ղոցի ծայ­­րը ծաղ­­կա­­­վաճա­­ռանոց մը։ Աշա­­կերտնե­­րը ան­­կուշտ կը լու­­սանկա­­րեն։

- Պա­­րոն, ին­­չո՞ւ բո­­լոր փո­­ղոց­­նե­­­րը մտա­­ւորա­­կանի անուններ են։

- Ամէ­­նը չէ, բայց պատ­­ճառ մը կայ- հա­­ւաքա­­կան յի­­շողու­­թիւն։ Ան­­շուշտ կը զար­­մա­­­նաս, երբ փո­­ղոցը կը փո­­խուի բայց անու­­նը՝ ո՚չ, ինչպէս՝ «Ցախ» փո­­ղոցը։ Ժա­­մանա­­կին հոն եղեր է Ցա­­խի հրա­­պարա­­կը, ուր հա­­ւաքո­­ւեր է ցա­­խը, այ­­սինքն վա­­ռելա­­փայ­­տը եւ ապա կոյ­­տե­­­րով վա­­ճառուեր է։