Հանրապետականներու քաղաքապետական թեկնածու Իմամօղլուի Սուրբ Ծնունդեան այցելութիւնները

Հանրապետական կուսակցու­­թեան Իս­­թանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետու­­թեան հա­­մար թեկ­­նա­­­ծու առա­­ջար­­կած Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լու Ս. Ծնունդի առ­­թիւ այ­­ցե­­­լու­­թիւններ կա­­տարեց Յու­­նաց Տիեզե­­րական պատ­­րիար­­քա­­­րան եւ Կա­­թողի­­կէ Ասո­­րինե­­րու պատ­­րիար­­քա­­­րան։ 25 Յու­­նո­­­ւարին Տիեզե­­րական պատ­­րիար­­քա­­­րանի այ­­ցե­­­լու­­թե­­­նէն վե­­րադար­­ձին լրագ­­րողնե­­րու հար­­ցումնե­­րու պա­­տաս­­խա­­­նող քա­­ղաքա­­պետու­­թեան թեկ­­նա­­­ծուն ընդգծեց քա­­ղաքի բազ­­մակրօն, բազ­­մազգի առանձնա­­յատ­­կութիւ­­նը եւ յայտնեց, թէ այդ յատ­­կութեան յա­­րատե­­ւու­­թիւնը այս քա­­ղաքը կը դարձնէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին։ «Իս­­թանպուլցի­­ներ նման քա­­ղաքի մը բնա­­կիչ­­նե­­­րը ըլ­­լա­­­լով պէտք է իրենք զի­­րենք շատ բախ­­տա­­­ւոր հա­­մարեն։ Մենք այժմ լծո­­ւած ենք այս մեր­­ձե­­­ցու­­մով քա­­ղաքին ծա­­ռայե­­լու կա­­րեւոր գոր­­ծին»։

Իմա­­մօղ­­լու ապա այ­­ցե­­­լեց Ասո­­րի Կա­­թողի­­կէնե­­րու պատ­­րիար­­քա­­­րանը, ուր ըն­­դունո­­ւեցաւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան պա­­տուա­­կան փո­­խանորդ Եու­­սուֆ Սա­­ղի եւ Օր­­հան Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Չամլըի կողմէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ