ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՔԱՅԼ

Յունիս ամսուան վաղ մէկ առա­­­ւօտ, «Սա­­­յաթ-Նո­­­վա»-էն մին­­­չեւ «Չա­­­րենց» փո­­­ղոցի ծայ­­­րը հինգ աշա­­­կեր­­­տով յամ­­­րա­­­­­­­քայլ սկսեր էինք խօ­­­սիլ Երե­­­ւանի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րու եւ «փո­­­ղոց» բա­­­ռի մա­­­սին։ Հա­­­սեր է նա­­­խաճա­­­շի ժա­­­մը։ Մեր քայ­­­լե­­­­­­­րը կ՚ուղղենք դէ­­­պի պան­­­դոկ եւ ամէն մէկ քայ­­­լա­­­­­­­փոխին կը հրա­­­ւիրենք «քայլ» բա­­­ռին պատ­­­մութիւ­­­նը։ Կը նկա­­­տենք նաեւ, թէ քա­­­ղաքը լու­­­սանկա­­­րելու այս ամե­­­նօրեայ արա­­­րողու­­­թիւնը մէկ մղոն է, մղո­­­նը հինգ աս­­­պա­­­­­­­րէզ, աս­­­պա­­­­­­­րէզը ձախ ոտ­­­քէն ձախ ոտք հա­­­րիւր կրկնա­­­քայլ, քայ­­­լը հինգ ոտք։ Սա է «երկրա­­­չափա­­­կան քայլ»՝ «...կրկինն հա­­­սարակ քայ­­­լի»։

Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, բո­­­լորս պի­­­տի ակնկա­­­լէինք, թէ «քայլ»ը, ինչպէս «ճեմ» եւ «ոտք» բա­­­ռերը, ու­­­նե­­­­­­­նար բազ­­­մանդամ բա­­­ռըն­­­տա­­­­­­­նիք մը։ Աւաղ։ Այս միավան­­­կը մնա­­­ցեր է ման­­­րա­­­­­­­քայլ եւ քիչ մըն ալ դան­­­դա­­­­­­­ղաքայլ։ Զար­­­մա­­­­­­­նալի է, որ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի մէջ չորս ան­­­գամ, այո, միայն չորս ան­­­գամ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուեր է ան։ Իսկ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցիի «Մա­­­տեան Ող­­­բերգու­­­թեան» ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան 57,477 բա­­­ռերու մէջ՝ ո՛չ իսկ մէկ «քայլ»։

Այս միավան­­­կի առա­­­ջին պատ­­­կե­­­­­­­րաւոր քայ­­­լե­­­­­­­րը գրա­­­բար ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ են եղած, ինչպէս՝ «քայլ մի ոտին», «քայլ առ քայլ», «ընդ քայլ քայլ», «հա­­­զար քայլ» եւ «առ­­­նուլ զա­­­ռաջին քայլ»։ 10-րդ դա­­­րուն Թով­­­մա Արծրու­­­նի մե­­­զի պար­­­գե­­­­­­­ւեր է «արա­­­գաքայլ ար­­­շա­­­­­­­ւանք», իսկ 12-րդ դա­­­րուն Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լին «սի­­­գաքայլ երի­­­վար» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Ըստ Ներ­­­սէս Լամբրո­­­նացիի, երբ հա­­­ւատ­­­քը եւ եր­­­կիւղը միանա­­­յին, միտ­­­քը կ՚առ­­­նէր «երա­­­գաքայլ թե­­­ւեր»։ Իսկ Խրի­­­մեան Հայ­­­րի­­­­­­­կը, տես­­­նե­­­­­­­լով, թէ Յի­­­սու­­­սը ի՚նչ քայ­­­լե­­­­­­­րու դի­­­մեց մար­­­դու փրկու­­­թեան հա­­­մար, հա­­­ռաչեց հե­­­տեւեալը. «զքայլ ոտիդ վաս­­­տա­­­­­­­բեկ»։

Շատ չտե­­­ւեց ու մեր նախ­­­նի­­­­­­­ները նկա­­­տեցին, թէ «քայլ» բա­­­ռը ըն­­­թացք, գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւն, շար­­­ժում, յա­­­ռաջ­­­դի­­­­­­­մու­­­թիւն, յա­­­ռաջըն­­­թաց եւ ձեռ­­­նարկում է։ Ուստի, մեր լե­­­զուն հարստա­­­ցաւ տե­­­սակա­­­ւոր քայ­­­լե­­­­­­­րով- խե­­­լացի, զգոյշ, ծայ­­­րա­­­­­­­յեղ, երկչոտ, վճռա­­­կամ, հաս­­­տատ... Վա­­­հան Տէ­­­րեանը, որ ծա­­­նօթ է սի­­­րային թախ­­­ծոտ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւննե­­­րով, «քայլ»ով ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տեր է քա­­­ղաքա­­­կան միտք. «Երբ ընդմիշտ կը ջնջո­­­ւեն հո­­­ղատի­­­րու­­­թեան հին ձե­­­ւերը, դա ար­­­դէն մեծ քայլ կը լի­­­նի», մինչ Մու­­­րա­­­­­­­ցանը նոյն բա­­­ռով զգու­­­շա­­­­­­­ցու­­­ցեր է ըն­­­կե­­­­­­­րոջ. «Միշտ աշ­­­խա­­­­­­­տել եմ ետ կա­­­սեց­­­նել նրան անզգոյշ քայ­­­լե­­­­­­­րը»։ Բա­­­ռը յար­­­մար եկաւ նաեւ մեր ճատ­­­րա­­­­­­­կասէր հա­­­սարա­­­կու­­­թեան, քան­­­զի «քայլ» է քա­­­րի մէկ շար­­­ժումը։ (Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ձե­­­զի կը յանձնա­­­րարեմ ամ­­­բողջ ըն­­­տա­­­­­­­նիքով դի­­­տել ճատ­­­րա­­­­­­­կի ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրա­­­կան, միեւ­­­նոյն ժա­­­մանակ սի­­­րային եւ խիստ ծի­­­ծաղա­­­շարժ «Քայլ ձիով» շար­­­ժանկա­­­րը, 2013)։

Ժո­­­ղովուրդի երե­­­ւակա­­­յու­­­թիւնը ստեղ­­­ծեց նաեւ դար­­­ձո­­­­­­­ւածքներ։ Թի­­­ւով շատ չեն, բայց պատ­­­կե­­­­­­­րալից են- քայլ առ­­­նել, խա­­­ղաքայլ կա­­­տարել, քայ­­­լե­­­­­­­րը փո­­­խել, քայ­­­լե­­­­­­­րը քարշ տալ, քայ­­­լե­­­­­­­րու դի­­­մել, առա­­­ջին քայ­­­լեր, կրիայի քայ­­­լեր եւ այն ի՚նչ, որ մեր խումբը հի­­­մա Խան­­­ճեան պո­­­ղոտան անցնե­­­լու հա­­­մար կը կա­­­տարէ՝ քայ­­­լե­­­­­­­րը ծան­­­րացնել։ Կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել Տէ­­­րեանը ան­­­գամ մը եւս։ Ան ու­­­նի ազ­­­գա­­­­­­­յին ախ­­­տե­­­­­­­րը դի­­­տող սուր աչք. «Մեր հան­­­րա­­­­­­­յին կեան­­­քը յա­­­ռաջ է գնա­­­ցել կրիայի քայ­­­լե­­­­­­­րով»... Երբ կա­­­տարո­­­ւածի մէջ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կակա­­­նու­­­թիւնը ու­­­զե­­­­­­­ցինք շեշ­­­տել, գոր­­­ծա­­­­­­­ծեցինք «ամէն քայ­­­լա­­­­­­­փոխին» դար­­­ձո­­­­­­­ւած­­­քը, իսկ երբ գոր­­­ծը կը կա­­­տարո­­­ւէր կարճ ժա­­­մանա­­­կի մէջ եւ առանց անհրա­­­ժեշտ պատ­­­րաստու­­­թեան՝ «եր­­­կու քայ­­­լա­­­­­­­փոխի մէջ»։ Գրի­­­գոր Զոհ­­­րա­­­­­­­պը սի­­­րեց եր­­­կուքն ալ գոր­­­ծա­­­­­­­ծել. «Կը ցան­­­կար փոք­­­րիկ կօ­­­շիկ մը ու­­­նե­­­­­­­նալ եւ գուլպա­­­յի երե­­­սը ցոյց տալ ամէն քայ­­­լա­­­­­­­փոխին», «Իս­­­կոյն եր­­­կու քայ­­­լա­­­­­­­փոխին մէջ վէպ մը սկսայ պատ­­­րաստել»։

Իսկ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, «քայլ»ը 19-20-րդ դա­­­րերուն հայ­­­կա­­­­­­­կան քնա­­­րեր­­­գութեան եւ եր­­­գա­­­­­­­րուես­­­տի մէջ հան­­­դի­­­­­­­սաւոր քայ­­­լե­­­­­­­րով սկսաւ ըն­­­թա­­­­­­­նալ, երբ ամ­­­բողջա­­­ցան «քայլ»ով սկսող եւ վեր­­­ջա­­­­­­­ցող բա­­­ռերը. բազ­­­մա­­­­­­­քայլ, գե­­­ղաքայլ, դժո­­­ւարա­­­քայլ, դիւ­­­րա­­­­­­­քայլ, կա­­­քաւա­­­քայլ, հան­­­դարտա­­­քայլ, մե­­­ծաքայլ, հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­քայլ, տա­­­ժանա­­­քայլ։ Հայ­­­րե­­­­­­­նի մա­­­մու­­­լի մէջ «սի­­­գաքայլ» կո­­­չուեր են Ծաղ­­­կա­­­­­­­ձոր քա­­­ղաքի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը, իսկ երկքայլ, եռա­­­քայլ եւ քա­­­ռաքայլ բա­­­ռերը վե­­­րապա­­­հուած են «Մար­­­զա­­­­­­­կան» էջե­­­րու մէջ ոտ­­­նագնդա­­­կի լու­­­րե­­­­­­­րուն։ Մա­­­մու­­­լը մեզ տե­­­ղեկա­­­ցուց, նաեւ թէ հա­­­զարա­­­ւոր սփիւռքա­­­հայ պա­­­տանի­­­ներ հայ­­­րե­­­­­­­նիք կան­­­չող «Արի տուն» ծրա­­­գիրը վե­­­րանո­­­ւանո­­­ւած ու դար­­­ձած է՝ «Քայլ դէ­­­պի տուն»։ Ինչպէ՞ս չյի­­­շել երկրորդ խումբը՝ «քայլ»ով սկսող բա­­­ռերը. քայ­­­լա­­­­­­­զարկ, քայ­­­լա­­­­­­­կից, քայ­­­լա­­­­­­­հոս, քայ­­­լա­­­­­­­չափ, քայ­­­լատրոփ, քայ­­­լերգ, քայ­­­լընթաց, քայ­­­լիկ, քայ­­­լո­­­­­­­ւածք... Ամե­­­նամե՞ծ քայ­­­լե­­­­­­­րը. քայ­­­լա­­­­­­­մար­­­զութիւն եւ քայ­­­լա­­­­­­­ւար­­­ժութիւն։ Երբ մեր մայ­­­րե­­­­­­­նին նկա­­­տեց, թէ հայ ժո­­­ղովուրդի քայ­­­լե­­­­­­­րը միշտ չէ, որ յա­­­ռաջ կ՚եր­­­թան, մե­­­զի պար­­­գե­­­­­­­ւեց մէկ այլ օգ­­­տա­­­­­­­շատ բառ՝ ետ­­­քայլ։ Ու, եկան մեր քնա­­­րեգ­­­րակ բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րը։ Ռու­­­բէն Սե­­­ւակը իր «Նա­­­մակ»ին մէջ գրեց. «Քայլդ սրտի մը վրա­­­յէն ան­­­ցա՜ւ...»։ Վա­­­հան Տե­­­րեանը «Ան­­­ծա­­­­­­­նօթ աղջկան» շշնջաց.

Դու մօ­­­տեցար մեղմ, յամ­­­րա­­­­­­­քայլ,

Որ­­­պէս քնքուշ իրի­­­կուայ փայլ։

Իրիկ­­­նա­­­­­­­ժամի այդ գե­­­ղեց­­­կուհին, որ ու­­­նէր «օրօ­­­րուն քայ­­­լե­­­­­­­րէ ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ տո­­­ղիկի մը եւս. «... Շու­­­տով կը լռէ աղ­­­մուկը դա­­­ժան, ու սիրտս կը զգայ քայ­­­լերդ փա­­­փուկ»։ Տէ­­­րեանի ստեղ­­­ծած ամե­­­նայայտնի պատ­­­կե­­­­­­­րը, իր առա­­­ջին ժո­­­ղովա­­­ծուի՝ «Մթնշա­­­ղի անուրջներ»-ու մէջ կը դի­­­տենք.

Սա­­­հուն քայ­­­լե­­­­­­­րով, աննշմար, որ­­­պէս քնքոյշ մու­­­թի թեւ,

Մի ստո­­­ւեր ան­­­ցաւ ծա­­­ղիկ ու կա­­­նաչ մեղ­­­միկ շո­­­յելով։

Քայ­­­լը կրնա՞ր մա­­­հաբեր ըլ­­­լալ։ Կոս­­­տան Զա­­­րեանը նկա­­­րագ­­­րեց ան, երբ «աս­­­տո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րը» կու գա­­­յին Տատ­­­րա­­­­­­­գոմի ան­­­հա­­­­­­­ւատա­­­րիմ հար­­­սը պատ­­­ժե­­­­­­­լու. «...Լեռ­­­նե­­­­­­­րի աս­­­տո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րը ծան­­­րա­­­­­­­քայլ, անցնում էին բար­­­կա­­­­­­­ցած եւ կա­­­տաղի»։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, եթէ Լե­­­ւոն Շան­­­թը գրած չըլ­­­լար «Գի­­­շերա­­­պահը» քեր­­­թուածը, պի­­­տի կար­­­ծէինք, թէ գի­­­նով­­­նե­­­­­­­րը միայն «քայ­­­լա­­­­­­­մոլոր» կ՚ըլ­­­լան. «...Միայն ինքն է որ՝ հան­­­գոյցէ հան­­­գոյց փո­­­ղոց­­­ներ կ՚անցնի լուռ, քայ­­­լա­­­­­­­մոլոր»։ Յի­­­շենք նաեւ, թէ «Կար­­­միր ժա­­­մուց» վի­­­պակի Հայ­­­րա­­­­­­­պետ էֆէն­­­տին ինչպէ՛ս կը շար­­­ժէր եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ. «... Կե­­­ցո-ին՝ դա­­­սը կը յա­­­ռաջա­­­նար, «Որ օրհնես»ին՝ ատեանը, ման­­­րա­­­­­­­քայլ, ման­­­րա­­­­­­­քայլ»։ Հայ­­­րե­­­­­­­նի ժա­­­մանա­­­կակից բա­­­նաս­­­տեղծու­­­հի Նա­­­րինէ Աւա­­­գեանը եր­­­բեմն չ՚ու­­­զէր քայ­­­լեր առ­­­նել. «Մի ամպ լի­­­նեմ ան­­­քայլ՝ գլխիդ վե­­­րեւ յառ­­­նեմ», մինչ Ար­­­շակ Քո­­­չինեանը դի­­­մեր է մտա­­­ւոր քայ­­­լե­­­­­­­րու. «Դա­­­գաղա­­­կիր թա­­­փորին ու­­­ղեկցում եմ մտա­­­քայլ»։

Ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս եկան հա­­­սան մեր եր­­­գա­­­­­­­հան­­­նե­­­­­­­րը։ Ար­­­թուր Մես­­­չեանը եր­­­գի անուն ըլ­­­լա­­­­­­­լու պա­­­տիւը շնոր­­­հեց «քայլ»ին ու նո­­­ւագեց. «Ո՞ւր են տա­­­նում քայ­­­լերն ան­­­խելք...»։ Հայ զի­­­նուո­­­րին քա­­­ջալե­­­րեց Թա­­­թա Սի­­­մոնեանը. «... Քայլ ար առաջ, քայ­­­լերդ շի­­­տակ»։

Ապ­­­րիլ, 2018։ Քայլ բա­­­ռը առաւ իր պատ­­­մութեան ամե­­­նամեծ քայ­­­լը. նախ դար­­­ձաւ քայ­­­լարշաւ, ապա ժո­­­ղովրդա­­­կան շար­­­ժում եւ յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւն։ Շար­­­ժումին անո՞ւնը՝ «Իմ քայ­­­լը»։

Իսկ այս առա­­­ւօտ, յե­­­ղափո­­­խուած այս փոք­­­րիկ երկրի մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քի մայ­­­թե­­­­­­­րու վրայ հինգ պա­­­տանի­­­ներ իրենց քայ­­­լե­­­­­­­րը ուղղե­­­ցին ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տական մէկ ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութե­­­նէն միւ­­­սը ու ան­­­կուշտ լու­­­սանկա­­­րեցին։ Կը հաս­­­նինք պան­­­դոկ։ Երբ բո­­­լորս կը բարձրա­­­նանք ճա­­­շաս­­­րա­­­­­­­հի աս­­­տի­­­­­­­ճան­­­նե­­­­­­­րը Նա­­­րեկը կը սկսի սու­­­լել եւ աղ­­­ջիկնե­­­րը կ՚ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցին անոր. «Քայլ արա, դուխով...»։