«Ոմանք» կը ներկայացնէ տարուայ առաջին համերգը

Հայերէն այլընտրանքային երաժշտութիւնով հանդէս եկող «Ոմանք» խումբը, այս տարուայ իր անդրանիկ ներկայացումը կ՚ունենայ 19 Յունուար շաբաթ օր Պէյօղլուի «Անահիտ» դահլիճի մէջ։ «Անահիտ» դահլիճը Պոլսոյ նոր բեմերէն է, որ եկած է յիշատակել Պոլսոյ աւանդութեան մէջ կարեւոր հետք մը թողած աքորտիոնիստ տիկին Անահիտի յիշատակը։ «Ոմանք» այս համերգին պիտի ներկայացնէ անցեալ տարի հրապարակած «Բանալիք» ալպոմի երգացանկէն նմուշներ։ Նաեւ նորաստեղծ տեմօ արձանագրութիւններ։ «Ոմանք»ի համերգը պիտի կայանայ ժամը 21.00-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ