«Զիրվէ»ն ալ կազմակերպուած չէ եղեր

8Ապրիլ 2007-ին Մալաթիոյ մէջ երեք քրիստոնեայ գործիչներ վայրագօրէն սպաննուած էին «Զիրվէ» հրատարակչատան մէջ։ Գերմանացի Թիլման Էքեհարթ Կեսքէ եւ ազգութեամբ թուրք Նեճաթի Այտըն եւ Ուղուր Եիւքսելի սպանութենէն ետք ամբաստանեալներ Էմրէ Կիւնայտըն, Ապուզէր Եըլտըրըմ, Սալիհ Կիւրլեր, Ճումա Էօզտեմիր եւ Համիտ Չեքեր ձերբակալուած եւ բանտարկուած էին։

Մալաթիոյ թիւ 1 Եղեռնադատ Ատեանը 28 Սեպտեմբեր 2016-ին բոլոր ամբաստանեալներուն համար վճռեց երեք անգամ ցկեանս բանտարկութեան եւ յաւելեալ ձեւով 39 տարի, 9 ամիս բանտարկութեան։ Ցկեանս բանտարկութեան վճռուած էր նախապէս կազմակերպուած ձեւով մարդասպանութեան մեղքով։ 30-ական տարի վճռուեցաւ անհատի ազատութիւնը կանխելու մեղադրանքով։ Իսկ 9 տարի, 9 ամսուայ պատճառաբանութիւնն էր կողոպուտը։

Այնթապի վարչական ատեանը եւս տեղին գտած է արձակուած վճիռը։ Սակայն հարցը հիմա յանցագործ կազմակերպութիւն հաստատելու առումով փոխանցուած է Վճռաբեկ ատեան։ Զոհուածներու իրաւապաշտպաններ Էրտալ Տողան եւ Ալի Գօչ դժգոհ են Վճռաբեկ ատեանի յանցագործ կազմակերպութիւն հաստատելու վարկածը անտեսելուն պատճառաւ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ