ՀՅԴ-ի 33-րդ համագումարը աւարտած

16-24 Յունուար 2019 թուականին Ղարաբաղի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կա­յացաւ ՀՅ Դաշ­նակցու­թեան 33-րդ ընդհա­նուր ժո­ղովը։ Կու­սակցու­թիւնը առա­ջին ան­գամ է, որ իր հա­մագու­մա­րը կը կա­տարէ Ղա­րաբա­ղի մէջ։ Ընդհա­նուր ժո­ղովին քննար­կո­ւեցան հա­մահայ­կա­կան բազ­մաբնոյթ նիւ­թեր։ ՀՅԴ, որ­պէս աւան­դա­կան քա­ղաքա­կան շար­ժում կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նի հայ­կա­կան սփիւռքի զա­նազան կեդ­րոննե­րուն մէջ։ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան հիմ­նարկու­թե­նէն ետք կու­սակցու­թիւնը իր գրա­սենեակը բա­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, սա­կայն չկրցաւ ապա­հովել կա­րեւոր ժո­ղովրդա­կանու­թիւն։ Իսկ 9 Դեկ­տեմբե­րի ընտրու­թիւննե­րուն ՀՅԴ չէ կրցած յաղ­թա­հարել հինգ տո­կոսի պատ­նե­շը եւ մնա­ցած է խորհրդա­րանէ դուրս։ Ու­րեմն այս բո­լորը ալ աւե­լի կա­րեւոր կը դարձնէին 33-րդ հա­մագու­մա­րը, ուր կը փո­խուէր նաեւ կու­սակցու­թեան վար­չա­կազ­մը։ Այսպէս այժմ ՀՅԴ-ի գրա­սենեակի ներ­կա­յացու­ցի­չի պաշ­տօ­նը կը ստանձնէ Յա­կոբ Տէր Խա­չատ­րեանը։ Իսկ բիւ­րո­յի նա­խագահն է Ար­մէն Ռուստա­մեան։ Վար­չա­կազ­մին մաս կը կազ­մեն նախ­կին ան­դամնե­րէն Վի­գէն Պա­ղու­մեան, Վի­գէն Եաքու­պեան, Կի­րօ Մա­նոյեան, Մու­րատ Փա­փազեան։ Արամ Գա­լուստեան, Ար­սէն Համ­բարձու­մեան, Ռաֆ­ֆի Տո­նապե­տեան են Յով­սէփ Տէր Գէոր­գեան ալ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը մաս­նակցին վարչակազմին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ