Կարօ Փայլանի շփումները Լիբանանի մէջ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգա­մաւոր ՀՏՓ կու­սակցու­թեան երես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լան շփումներ կ՚ու­նե­նայ Լի­բանա­նի մէջ։ Փայ­լան մաս­նակցե­ցաւ Քա­տիր Աքը­նի Հնչա­կեան գոր­ծիչ Փա­րամա­զի մա­սին պատ­րաստած վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մի ցու­ցադրու­թեան։ Հայ պատ­մութեան մէջ «20 կա­խաղան­ներ» անունով ծա­նօթ դէպ­քի պա­րագ­լուխնե­րէն Փա­րամազ իշ­խա­նափո­խու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու մե­ղադ­րանքով մա­հապատ­ժի դա­տապար­տո­ւած եւ այդ վճիռն ալ կի­րար­կո­ւած էր 1915 թո­ւին Պոլ­սոյ Պէ­յազիթ հրա­պարա­կին վրայ։ Թուրքիոյ ձա­խակող­մեան շար­ժումը շատ ուշ անդրա­դար­ձաւ թէ Փա­րամազ երկրի պատ­մութեան մէջ առա­ջին հա­մայ­նա­վար­նե­րէն է եւ այդ գի­տակ­ցութեան տի­րանա­լէ ետք ալ ար­ժա­նի կեր­պով կը յի­շատա­կուի լայն շրջա­նակի մը կող­մէ։ Այդ գի­տակ­ցութեան կազ­մութեան մէջ կա­րեւոր դեր ու­նե­ցած էր Քա­տիր Աքը­նի հե­ղինա­կած գիր­քը եւ ապա այդ գիր­քի հի­ման վրայ պատ­րաստո­ւած վա­ւերագ­րա­կանը։

Կա­րօ Փայ­լան լի­բանա­նեան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Արամ Ա. Կա­թողի­կոսի հետ։ Աւե­լի քան մէկ ժամ տե­ւող այդ հան­դիպման ըն­թացքին Կա­րօ Փայ­լան զա­նազան բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ թուրք եւ հայ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման նիւ­թով վեր­ջին տա­րինե­րուն ար­ձա­նագ­րուած ու­շագրաւ զար­գա­ցումնե­րու եւ Պոլ­սոյ հա­յու­թեան առ­կայ խնդիր­նե­րու մա­սին։

Փայ­լան ապա հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ լի­բանա­նահայ մա­մու­լի գոր­ծիչնե­րուն հետ, ուր եւս քննար­կո­ւեցան քա­­ղաքա­­կան տար­­բեր բնոյ­­թի զա­­նազան խնդիր­­ներ։

26 Յու­­նո­­­ւարի կա­­րեւո­­րագոյն իրա­­դար­­ձութիւ­­նը եղաւ Հայ­­կա­­­զեան հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած բա­­նախօ­­սու­­թիւնը։ Այստեղ Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նը ներ­­կա­­­յացուց հա­­մալ­­սա­­­րանի սփիւռքեան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու բաժ­­նի տնօ­­րէն՝ դոկ­­տոր Անդրա­­նիկ Տա­­քէսեան։ Տա­­քէսեան յայտնեց թէ հա­­կառակ, որ հայ ազ­­գի ճա­­կատագ­­րին մէջ շատ կա­­րեւոր ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, մեր հա­­սարա­­կու­­թիւնը բա­­ցի Հա­­յաս­­տա­­­նէ եւ Ար­­ցա­­­խէ շատ քիչ թի­­ւով ու­­նե­­­ցած է ար­­հեստա­­վարժ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ։ Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նը հա­­մարե­­լով այդ քի­­չերու կար­­կա­­­ռուն օրի­­նակ­­նե­­­րէն մէ­­կը ան ող­­ջունեց օրո­­ւայ ատե­­նախօ­­սը եւ ամ­­պիոնը թո­­ղուց Փայ­­լա­­­նին։ Կա­­րօ Փայ­­լան իր կար­­գին ներ­­կա­­­ները ող­­ջունեց յայտնե­­լով, թէ կու գայ բո­­լորին պա­­պենա­­կան երկրէն եւ այդ երկրի բա­­րեւ­­նե­­­րը կը փո­­խան­­ցէ բո­­լոր ներ­­կա­­­ներուն։ Փայ­­լան ապա ցաւ յայտնեց, որ ու­­րախ լու­­րե­­­րով չէ որ կու գայ, քա­­նի որ ներ­­կա­­­յիս երկրի մէջ կը տի­­րէ զա­­նազան խո­­չըն­­դոտներ, թէ ներ­­քին քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տի, մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու, ազա­­տու­­թիւննե­­րու, կաշ­­կանդումնե­­րու ժո­­ղովրդա­­կան խո­­չըն­­դո­­­տումնե­­րու երե­­ւոյ­­թով։ Ան ապա պատ­­մա­­­կան հա­­մառօտ ակ­­նարկով մը խօ­­սեցաւ հայ-թուրք յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մա­­սին։

Փայ­­լան վեր­­լուծա­­կան օրի­­նակ­­նե­­­րով բա­­ցատ­­րեց, թէ օս­­մա­­­նեան Թուրքիոյ աշ­­խարհագ­­րա­­­կան եւ քա­­ղաքա­­կան դիր­­քը պատ­­ճառ դար­­ձած է այս երկրին մեծ պե­­տու­­թիւննե­­րու կող­­մէ սի­­րաշա­­հուե­­լուն։ Փայ­­լա­­­նի հա­­մաձայն այդ ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը սկիզբ առած է ԺԹ. Դա­­րուն վեր­­ջին քա­­ռոր­­դէն եւ հա­­սած մին­­չեւ մեր օրե­­րուն։ Փայ­­լան նշեց որ եւոր­­պա­­­կան գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րու այս ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը իր բա­­ցասա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը ու­­նե­­­ցած է երկրի բնակ­­չութեան վրայ։ «Այս ռազ­­մա­­­վարու­­թե­­­նէն կ՚օգ­­տո­­­ւի Թուրքիոյ հան­­րա­­­պետու­­թեան ներ­­կայ նա­­խագա­­հը Ռե­­ճեփ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղան եւ անոր այս ըն­­թացքին հե­­տեւան­­քով լուրջ վտանգներ կը սպառ­­նան երկրի ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան, փոք­­րա­­­մաս­­նութեանց, ազա­­տու­­թիւննե­­րուն, ար­­դա­­­րու­­թեան, մարդկա­­յին իրա­­ւանց, հա­­րեւան եր­­կիրնե­­րու հետ բնա­­կանոն յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու զար­­գացման խնդիր­­նե­­­րուն»։ Փայ­­լան վեր­­ջա­­­պէս նշեց, որ իր ալ ան­­դա­­­մակ­­ցած Ժո­­ղովուրդնե­­րու ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան աւե­­լի քան 5,000 ան­­դամներ բան­­տարկո­­ւած են։

Բա­­նախօ­­սու­­թեան աւար­­տին ներ­­կա­­­ները հար­­ցումներ ուղղե­­ցին Փայ­­լա­­­նին յատ­­կա­­­պէս նիւթ ու­­նե­­­նալով հայ-թրքա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն, իր անձնա­­կան անվտան­­գութեան, Թուրքիոյ ար­­գե­­­լափա­­կեալ այ­­լա­­­խոհ­­նե­­­րու ճա­­կատագ­­րին, Թուրքիոյ էթ­­նիկ եւ գա­­ղափա­­րախօ­­սական փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու գոր­­ծակցու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ։ Փայ­­լան բո­­վան­­դա­­­կալից պա­­տաս­­խաննե­­րով գո­­հացում պատ­­ճա­­­ռեց իրեն ուղղո­­ւած հար­­ցումնե­­րուն։

Հան­­դի­­­սու­­թեան փա­­կու­­մը կա­­տարեց Հայ­­կա­­­զեան հա­­մալ­­սա­­­րանի նա­­խագահ Վե­­րապա­­տուե­­լի Փոլ Հայ­­տոսթեան։ Պա­­տուե­­լին հաս­­տա­­­տեց, թէ Կա­­րօ Փայ­­լան կը խորհրդան­­շէ աւե­­լի քան վեր­­ջին հա­­րիւ­­րա­­­մեակին հայ­­կա­­­կան ծան­­րութիւ­­նը պատ­­մութեան, աշ­­խարհագ­­րութեան, նա­­հատա­­կու­­թեան, գո­­յատե­­ւու­­մի եւ ար­­դա­­­րու­­թեան։ «Այս բո­­լորը շատ ծանր բեռ է։ Տա­­կաւին ան կը հան­­դի­­­սանայ խիղ­­ճին ձայ­­նը։ Բազ­­մա­­­թիւ հա­­յեր Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի մէջ կը գտնեն իրենց չխօ­­սուող դա­­տին ձայ­­նը։ Նաեւ՝ աւե­­լի քան հայ­­կա­­­կան պա­­տու­­մը, որ­­մէ ան առա­­ւել կը ծան­­րա­­­բեռ­­նո­­­ւի, քա­­նի պատ­­մութեան եւ ար­­դա­­­րու­­թեան բո­­լոր հար­­ցե­­­րը իրա­­րու հան­­գուցո­­ւած են, մինչ մեր ժո­­ղովուրդը համ­­բե­­­րատար է եւ ու­­նի գո­­յատե­­ւող յի­­շողու­­թիւն»։

Պա­­տուե­­լի Հայ­­տոսթեան իր խօս­­քե­­­րը աւար­­տին բե­­րաւ հե­­տեւեալ կեր­­պով. «Դուն նաեւ ման­­կա­­­վարժ ես, բայց քու դա­­սարանդ այ­­սօր աւան­­դա­­­կան դա­­սարա­նէն շատ հե­ռու է, իսկ քու յայ­տա­գիրդ գիր­քէն խո­րունկ…։ Բո­լորս քե­զի կ՚ըսենք շնոր­հա­կալու­թիւն եւ կը մաղ­թենք որ Աս­տո­ւած քե­զի հետ ըլ­լայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ