Հայաստանը թշնամի կը տեսնեն, կը մերժեն հայուն հարեւանութիւնը

Քա­տիր Հաս հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի նա­­­խաձեռ­­­նած Թուրքիոյ մէջ ըն­­­կե­­­­­­­րաքա­­­ղաքա­­­կան հա­­­կումնե­­­րու հե­­­տազօտ­­­ման մա­­­սին ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը աւար­­­տե­­­­­­­ցաւ։ 26 քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րէ ներս չա­­­փահաս հա­­­զար ան­­­ձե­­­­­­­րու հետ դէմ առ դէմ կա­­­տարո­­­ւած հար­­­ցազրոյցնե­­­րը հրա­­­պարա­­­կուե­­­ցան։ 12 Դեկ­­­տեմբեր 2018 եւ 4 Յու­­­նո­­­­­­­ւար 2019 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին կա­­­տարո­­­ւած հար­­­ցաքննու­­­թիւնով յայտնի դար­­­ձած է, որ Թուրքիոյ բա­­­րեկամ եր­­­կիրն է Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նը։ Իսկ Թուրքիոյ սպառ­­­նա­­­­­­­ցող եր­­­կիրնե­­­րը յի­­­շուած են ԱՄՆ, Իս­­­րա­­­­­­­յէլ եւ Հա­­­յաս­­­տան։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը իբ­­­րեւ թշնա­­­մի եր­­­կիր հա­­­մարող­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւնը բարձրա­­­ցած է բաղ­­­դատմամբ նա­­­խորդ տա­­­րինե­­­րուն։

Նաեւ հար­­­ցումներ ուղղո­­­ւած է, թէ որոնց հետ հա­­­րեւան ըլ­­­լալ պի­­­տի փա­­­փաքին։ Պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նող­­­նե­­­­­­­րուն 53 տո­­­կոսը յայտնած է, թէ չու­­­զէր միասե­­­ռակա­­­նի մը հա­­­րեւա­­­նու­­­թիւնը։ 45 տո­­­կոսը չու­­­զէր գաղ­­­թա­­­­­­­կան հա­­­րեւան մը ու­­­նե­­­­­­­նալ։ Հայ հա­­­րեւան չու­­­զողնե­­­րու հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւնը 33 տո­­­կոս է, իսկ յոյն հա­­­րեւան չու­­­զողնե­­­րու­­­նը 31։

Հար­­­ցա­­­­­­­թեր­­­թի­­­­­­­կը կ՚ապա­­­ցու­­­ցէ նաեւ Թուրքիոյ բնա­­­կիչ ըլ­­­լա­­­­­­­լէ ու­­­րախ եղող­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւնը։ Հար­­­ցումնե­­­րուն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նող­­­նե­­­­­­­րէն 20 տո­­­կոսը կը յայտնէ թէ եթէ յար­­­մար պայ­­­մաններ գո­­­յանայ կը նա­­­խընտրէ օտար եր­­­կիր մը ապ­­­րիլ։ Այս պա­­­տաս­­­խաննե­­­րը հա­­­մեմա­­­տուած են նաեւ կու­­­սակցա­­­կան հա­­­կումնե­­­րով։ Այսպէս Թուրքիա բնա­­­կելէ ու­­­րախ եղող­­­նե­­­­­­­րը մե­­­ծաւ մա­­­սամբ Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն եւ Զար­­­գա­­­­­­­ցում կու­­­սակցու­­­թեան հա­­­մակ­­­րանք ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­ներն են։ Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան կու­­­սակցու­­­թեան, Հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն եւ Ազ­­­գա­­­­­­­յին շար­­­ժում կու­­­սակցու­­­թեան հա­­­մակիր­­­նե­­­­­­­րու դիր­­­քո­­­­­­­րոշու­­­մը «ոչ եր­­­ջա­­­­­­­նիկ եմ, ոչ ալ ապեր­­­ջա­­­­­­­նիկ» եղած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ