Չարտօնենք որ անպատժելի մնայ

Ներ­ման Մի­ջազ­գա­յին Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը (ՆՄԿ) ստո­րագ­րա­հաւաք ձեռ­նարկած է Իս­թանպու­լի Սաու­տի Արա­բական հիւ­պա­տոսա­րանի գտնո­ւած փո­ղոցը լրագ­րող Ատ­նան Քա­շըք­ճըի անու­նով վե­րակո­չելու հա­մար։ Այս մա­սին դի­մում կա­տարո­ւած է Պե­շիք­թա­շի քա­ղաքա­պետա­րանին։

Մեկ­նարկող ար­շա­ւին մա­սին բա­ցատ­րութիւններ փո­խան­ցեց ՆՄԿ-ի Թուրքիոյ ռազ­մա­վարու­թիւննե­րու եւ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու վա­րիչ Էնտրիու Կերտնըր։ «Պէտք չէ որ ան­պատժե­լի մնայ Ճե­մալ Քա­շըք­ճըի սպա­նու­թիւնը։ Արար աշ­խարհ տե­սաւ թէ Սաու­տա­կան թա­գաւո­րու­թիւնը ինչպէս կը ճնշէ խօս­քի ազա­տու­թիւնը եւ որ­քան ան­խիղճ կրնայ ըլ­լալ։ Այս վայ­րա­գու­թեան մո­րացո­ւելուն ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար դի­մեցինք Պե­շիք­թա­շի եւ Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րուն, հիւ­պա­տոսա­րանի գտնո­ւած «Աքաս­յա­լը» փո­ղոցը «Ատ­նան Գա­շըք­ճը փո­ղոց» ըլ­լա­լով փո­խելու պա­հան­ջով» ըսաւ Կերտնըր։

ՄՆԿ-ի թուրքիոյ գրա­սենեակը եւ «Լրագ­րողներ առանց սահ­մա­նի» շար­ժումը Քա­շըք­ճը­յի ան­յայտ կո­րելուն 100-րդ օրը մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը ընե­լու հա­մար մէկ­տե­ղուե­ցան Սաու­տա­կան հիւ­պա­տոսա­րանի առաջ եւ պա­հան­ջե­ցին թէ ՄԱԿ-ի կող­մէ մի­ջազ­գա­յին եւ ան­կախ հար­ցաքննու­թիւն մը կա­տարո­ւի։ Ապա խորհրդան­շա­կան կեր­պով զե­տեղե­ցին «Ճե­մալ Քա­շըք­ճը փո­ղոց» գրո­ւած ցու­ցա­տախ­տա­կը։

Լրագ­րող Ճե­մալ Քա­շըք­ճը ամուսնու­թեան թղթա­բանու­թիւննե­րու հա­մար 2 Հոկ­տեմբեր 2018-ին այ­ցե­լած էր հիւ­պա­տոսա­րան եւ իր­մէ ան­գամ մըն ալ լուր չէր առ­նո­ւած։ Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րու կա­տարած հար­ցաքննու­թե­նէ ետք հա­մոզում գո­յացաւ թէ Քա­շըք­ճը սպան­նո­ւած է հիւ­պա­տոսա­րանի մէջ, ապա մար­մի­նը բա­ժանո­ւած եւ դուրս հա­նուած։

Ան աշ­խա­տակ­ցած էր «Օքազ» եւ «Սաու­տի կա­զեթ­թա» թեր­թե­րուն, որոնք արա­բերէն եւ անգլե­րէն կը հրա­տարա­կուին։ Մի­ջոց մը աւագ խմբա­գիրի պաշ­տօն ստանձնեց «Ալ Վա­թան» օրա­թեր­թի մէջ։ Սաու­տա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րը հրա­պարա­կաւ մեղադրած էին զինք, 2016-ին Ուա­շինկթը­նի մէջ մի­ջոցառ­ման մը ըն­թացքին Թրամ­բը քննա­դատած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Քա­շըք­ճը 2017-ին Սաու­տա­կան Արա­բիայէն հե­ռանա­լով հաս­տա­տուե­ցաւ ԱՄՆ, ուր իբ­րեւ սիւ­նա­կագիր կ՚աշ­խա­տակ­ցէր «Ուա­շինկթըն Փոսթ» թեր­թին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ