Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանը վճռակամ

Կրկին ան­­գամ փո­­խուած է Պա­­քըր­­գիւղի հայ­­կա­­­կան դպրո­­ցի փո­­ղոցին անու­­նը։ Ինչպէս պի­­տի յի­­շուի, Պա­­քըր­­գիւղի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի որո­­շու­­մով փո­­ղոցը կոչուած էր հայ բա­­րերար Տա­­տեանի անու­­նով։ Սա­­կայն Իս­­թանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետա­­րանը մեր­­ժած էր տեղ­­ւոյն քա­­ղաքա­­պետա­­րանի որո­­շու­­մը եւ վեր­­ցուցած էր «Տա­­տեան փո­­ղոց» գրո­­ւած ցու­­ցա­­­տախ­­տա­­­կը, զայն վե­­րածե­­լով «Մա­­պետ» (Աղօ­­թատե­­ղի) փո­­ղոցի։

Շրջա­­նային քա­­ղաքա­­պետա­­րանը 9 Դեկ­­տեմբե­­րի իր նիս­­տին միաձայ­­նութեամբ որո­­շում կա­­յացուց Տա­­տեան փո­­ղոց անու­­նի շուրջ։ Այստեղ ու­­շագրաւ է, որ իշ­­խող կու­­սակցու­­թեան ան­­դամներն ալ դրա­­կան ար­­ձա­­­գան­­գած են եւ որո­­շու­­մը կա­­յացած է քա­­ղաքա­­պետա­­կան խոր­­հուրդի միաձայ­­նութեամբ։ 5 Փետ­­րո­­­ւար երեք­­շաբթի օր Պա­­քըր­­գիւղի քա­­ղաքա­­պետ Պիւ­­լենթ Քե­­րիմօղ­­լու արա­­րողու­­թեան կար­­գով կրկին ան­­գամ զե­­տեղեց «Տա­­տեան փո­­ղոց» գրուած ցու­­ցա­­­տախ­­տա­­­կը։ Այս առ­­թիւ քա­­ղաքա­­պետը յի­­շեց, որ Յով­­հաննէս Պէյ Տա­­տեան շատ կա­­րեւոր ծա­­ռայու­­թիւններ բե­­րած է Օս­­մա­­­նեան պե­­տու­­թեան եւ հիմ­­նած է վա­­ռօդա­­րանը, եր­­կա­­­թի եւ հիւ­­սո­­­ւած­­քի գոր­­ծա­­­րան­­ներ։

«Պա­­քըր­­գիւղաբ­­նակ մեր ժո­­ղովուրդի ցան­­կութիւ­­նով եւ քա­­ղաքա­­պետա­­րան խոր­­հուրդի միաձայն որո­­շու­­մով Մա­­պետ փո­­ղոց անու­­նը կը փո­­խենք Տա­­տեան փո­­ղոց ըլ­­լա­­­լով։ Այս առ­­թիւ խոր­­ին շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնեմ մեր խորհրդի բո­­լոր ան­­դամնե­­րուն, ան­­կախ իրենց պատ­­կա­­­նած կու­­սակցու­­թե­­­նէն։ Կը յու­­սամ, թէ մայր քա­­ղաքա­­պետա­­րանն ալ կը յար­­գէ մեր այս կամ­­քը եւ ան­­գամ մը եւս չփոր­­ձէր Տա­­տեան անու­­նը ջնջե­­լու մա­­սին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ