Լռեց «Միրէ Պիլուրէ» Էկիտէ Ճիմօ

Քրտա­­­կան ժո­­­ղովրդա­­­կան երաժշտու­­­թեան ամե­­­նայայտնի դէմ­­­քե­­­­­­­րէն Էկի­­­տէ Ճի­­­մօ մա­­­հացաւ Երե­­­ւանի մէջ։ Ճի­­­մօի թա­­­ղու­­­մը կա­­­տարո­­­ւեցաւ Հոկ­­­տեմբե­­­րեանի շրջա­­­նի Քա­­­մըշ­­­լը գիւ­­­ղը։ Էկի­­­տէ Ճի­­­մօ որ­­­պէս տու­­­տուկա­­­հար եւ եր­­­գա­­­­­­­հան լման 35 տա­­­րիներ աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցած էր Երե­­­ւանի ռա­­­տիոյին։ Երե­­­ւանի ձայ­­­նասփիւ­­­ռի հա­­­ղոր­­­դումնե­­­րու մի­­­ջոցաւ ան մեծ համ­­­բա­­­­­­­ւի տի­­­րացաւ բո­­­լոր քրտաբ­­­նակ շրջան­­­նե­­­­­­­րու մէջ։ Էկի­­­տէ Ճի­­­մօի յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թեան ներ­­­կայ գտնո­­­ւեցան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քրտա­­­կան եւ էզ­­­տիական քա­­­ղաքա­­­կան ու հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ եւ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­ներ։ Թաղ­­­ման կար­­­գի պա­­­հուն քրտա­­­կան միու­­­թեան անու­­­նով ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ Շեն­­­կա­­­­­­­լի Հիմ­­­նա­­­­­­­դիր Խորհրդա­­­րանի ան­­­դամ Սի­­­լօ Տիր­­­վո­­­­­­­յեան։ «Ի. դա­­­րը մեզ քիւրտե­­­րուս հա­­­մար եղած է ան­­­տեսման ու կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րու դար մը։ Քիւրտե­­­րու լե­­­զուն եւ մշա­­­կոյ­­­թը ար­­­գի­­­­­­­լուած էր։ Աբէ Էկիթ Հա­­­յաս­­­տան գաղ­­­թե­­­­­­­լու հար­­­կադրո­­­ւած էզ­­­տի ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը զա­­­ւակ ըլ­­­լա­­­­­­­լով Հա­­­յաս­­­տան ծնած էր։ Եր­­­կար տա­­­րիներ Երե­­­ւանի ռա­­­տիոյի մի­­­ջոցաւ ծա­­­ռայեց քրտա­­­կան մշա­­­կոյ­­­թին։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քրտա­­­կան միու­­­թեան անու­­­նով ցա­­­ւակ­­­ցութիւն կը յայտնեմ իր ըն­­­տա­­­­­­­նիքին, էզ­­­տի հա­­­ւաքա­­­կանու­­­թեան եւ քիւրտ ժո­­­ղովուրդին» ըսաւ Սի­­­լօ Տիր­­­վո­­­­­­­յեան։

Էկի­­­տէ Ճի­­­մօ 2013-ին «Տիճ­­­լէ» լրա­­­տու գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թեան պատ­­­մած էր տու­­­տուկի հետ իր առա­­­ջին ծա­­­նօթա­­­ցու­­­մը։ «Մեր գիւ­­­ղի շրջա­­­կայ­­­քին հար­­­սա­­­­­­­նիք­­­ներ կը կա­­­տարո­­­ւէին եւ ես շատ կը հաւ­­­նէի, այդ հար­­­սա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րուն հնչող երաժշտու­­­թիւնը։ Մեր գիւ­­­ղի եզ­­­րին էր Չե­­­մէ Ռե­­­շը, ուր եղեգ­­­ներ կ՚ըլ­­­լար։ Այդ եղեգ­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը պո­­­կեցի, վրան ծա­­­կեր բա­­­ցի ու փչե­­­ցի։ Հա­­­ճելի էր լսած ձայնս եւ այդ օր որո­­­շեցի իմ կեան­­քի ճա­­նապար­­հը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ