Կեանքիս անմոռանալի ապրումին մասին

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ

 

Մարդուս կեանքին մէջ պա­հեր կան, որոնք կը դրոշ­մո­ւին յի­շողու­թեան մէջ եւ ցկեանս չեն մոռ­ցո­ւիր։ Ամիս մը առաջ ան­ծա­նօթ ձայն մը զան­գա­հարած էր եւ ըսած թէ զիս Լոս Ան­ճէ­լըս հրա­ւիրել կ՚ու­զէ, ար­դեօք կը յօ­ժարէի՞ եր­թա­լու։ Կար­ճա­տեւ զրոյ­ցով յայտնի դար­ձաւ, թէ հարցնո­ղը Պոլ­սա­հայ միու­թեան անու­նով զան­գա­հարած էր եւ իր անունն էր Տոքթ. Մար­գար Քէօքէր։ Ան­ձամբ ծա­նօթ­ներ չէինք, բայց եր­կուքս ալ, Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի սա­ներ։ Ու­նէինք բազ­մա­թիւ հա­սարա­կաց բա­րեկամ­ներ։ Տոքթ. Մար­գար Քէօքէր ան­ցեալ տա­րի այ­ցե­լած էր Փա­րիզ եւ հոն Սար­գիս Հաց­բա­նեանին տո­ւած էր միու­թեան Հրանդ Տին­քի անու­նով ար­դա­րու­թեան շքան­շա­նը։ Մենք այդ տու­չութեան հե­տեւած էինք Պո­լիսէն շնոր­հիւ ապա­հովո­ւած ու­ղիղ եթե­րու դրու­թեան։ Այդ պա­հը ակնդանրդի մէջ ան­ցաւ աչ­քե­րուս առ­ջե­ւէն։ Ես տա­կաւին յստակ պա­տաս­խան մը չէի տո­ւած, երբ ան ըսաւ թէ մտադ­րած են այս տա­րի սոյն մե­տայլը ին­ծի տա­լու։ Այս յան­կարծա­կի լսու­մով պահ մը մունջ եղայ։ Կար­ծես լե­զուս չոր­ցաւ բեր­նիս մէջ։ Կաս­կած չկայ, որ սա մեծ պա­տիւ էր ին­ծի հա­մար։ Վեր­ջա­պէս գա­ցինք եւ ստա­ցայ այդ պար­գե­ւը, որ մին­չեւ կեան­քիս մէջ պի­տի ու­ղեկցի ին­ծի։

Ետ­դարձի ճամ­բուն այ­ցե­լեցինք նաեւ Նիւ Եորք։ Հոն եւս յի­շատա­կեցինք Հրանդ Տին­քը։ Նախ­քան մեր վե­րադար­ձը Ժիւլյէթ Ինան, մեր այդ ապ­րումնե­րը ար­դէն փո­խան­ցած էր «Ակօս»ին։ Մեր այս հան­դի­պու­մը առիթ եղաւ, որ կրկին ան­գամ հե­տաքրքրո­ւիմ ամե­րիկա­հայե­րու ապ­րումնե­րուն։ Այս առ­թիւ կ՚ու­զեմ քա­նի մը տո­ղով ար­տա­յայ­տո­ւիլ Թուրքիոյ մէջ միշտ ալ ատե­լու­թեամբ յի­շուած «Ամե­րիկա­յի հայ­կա­կան սփիւռք»ի մա­սին։

Այ­սօր մօ­տաւո­րապէս եր­կու մի­լիոնի մօ­տեցող ամե­րիկա­հայ գա­ղու­թը ձե­ւաւո­րուել սկսած է ԺԷ. դա­րէն։ Հա­յոց Ամե­րիկա­յի հետ շփումնե­րուն մէջ կա­րեւոր գոր­ծօն մը եղած է, այս երկրի մէջ բա­ցուած մի­սիոնե­րական վար­ժա­րան­նե­րը։ Սա­կայն հա­յոց դէ­պի Ամե­րիկա գաղ­թին մէջ կա­րեւո­րագոյն դրդա­պատ­ճա­ռը եղած է տնտե­սական ազ­դակնե­րը։ Հայ գեղ­ջուկը տա­րուէ տա­րի աւե­լի անա­պահով դիր­քի մէջ էր եւ կը դժուարա­նար մէկ կող­մէն իրեն բեռ­ցո­ւած ծանր հար­կե­րը վճա­րելու եւ մէկ կող­մէն ալ յա­ճախա­կի կեր­պով են­թարկո­ւած զի­նեալ յար­ձա­կումնե­րուն դի­մադ­րե­լու։ Այսպէս հայ գիւ­ղա­ցին պանդխտու­թեան ցու­պը վեր­ցուց եւ նախ բռնեց Օս­մա­նեան երկրի մեծ քա­ղաք­նե­րու եւ ապա օտար եր­կիրնե­րու ճա­նապար­հը։ Աւե­լի ուշ թո­ւական­նե­րուն այս ան­գամ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զապուրծ փրկո­ւող­ներն են որ բռնե­ցին գաղ­թի ճամ­բան եւ ապաս­տան գտան նոր աշ­խարհի հո­րիզո­նին։

Ահա այդ պայ­մաննե­րու մէջ է, որ Միացեալ Նա­հանգներ հայ­կա­կան սփիւռքի կա­րեւոր կեդ­րոննե­րէն մէ­կը դար­ձաւ։ Հա­յեր կու­տա­կուե­լով Լոս Ան­ճէ­լըս, Կլէյնտէյլ, Նիւ Եորք, Պոս­թըն, Չի­գակո­յի նման քա­ղաք­ներ, իրենց աշ­խա­տու­նակ յատ­կութիւննե­րով ալ կա­րեւոր նպաստ բե­րին այս երկրի տնտե­սական զար­գացման։ Ին­չո՞ւ միայն տնտե­սական, պէտք է անոր աւելցնել նաեւ գրա­կանու­թիւնը, թատ­րո­նը, երաժշտու­թիւնը, շար­ժանկա­րը, մէկ խօս­քով ընդհա­նուր առ­մամբ ամե­րիկեան մշա­կոյ­թը։ Հա­յեր աւե­լի քան 300 հա­յերէն թեր­թեր հրա­տարա­կեցին Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ։ Հա­յոց աւան­դա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը իրենց բազ­մա­թիւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րով աշ­խուժա­ցու­ցին երկրի քա­ղաքա­կան կեան­քը։ Հիմ­նե­ցին հայ­րե­նակ­ցա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­թիւ միու­թիւններ։ Հա­յեր միաժա­մանակ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ եւս կա­րեւոր ծա­ռայու­թիւն բե­րին, յատ­կա­պէս գի­տական ոլոր­տի մէջ։

Հրանդ Տին­քի անո­ւան «Ար­դա­րու­թեան եւ Ազա­տու­թեան մրցա­նակ»ի շրջագ­ծով Միացեալ Նա­հանգներ մեր ու­նե­ցած այ­ցե­լու­թեան հե­տեւե­ցաւ նաեւ Ամե­րիկա­յի հայ­կա­կան մա­մու­լը։ «Ապ­րիլ Պուք» անուն գրա­խանու­թի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ ժո­ղով մը։ Հոն ման­րա­մաս­նութիւննե­րով նկա­րագ­րե­ցի մե­րօրեայ պոլ­սա­հայ հա­մայնքի առ­կայ խնդիր­նե­րը։

Ին­ծի հա­մար հա­ճելի էր շրջիլ Լոս Ան­ճէ­լըսի փո­ղոց­նե­րը եւ հան­դի­պիլ զա­նազան աս­պա­րէզ­նե­րով զբա­ղող ամե­րիկա­հայե­րու։ Այստեղ տե­ղական իշ­խա­նու­թիւննե­րը բար­դոյթներ չէին ապ­րեր հա­յերէն գրու­թիւն մը տես­նե­լով։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ բազ­մա­թիւ խա­նութներ իրենց ցու­ցա­տախ­տա­կը պատ­րաստած էին հա­յերէ­նով։ Այդ հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ չէինք զար­մա­ցած նաեւ Հո­լիվու­տի մէջ հան­դի­պելով «Լի­տըլ Ար­մե­նիա» ցու­ցա­տախ­տա­կին։ Այո, չէինք զար­մա­ցած, բայց ակա­մայ մտա­բերած էինք մեր քա­ղաքին մէջ Տա­տեան փո­ղոցի անու­նին շուրջ ծա­գած փոթորիկը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ